İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանը Հայրենի՞ք Է, Թէ՞ Բնակավայր

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մենք սխալ չափանիշով կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նմանները:

Գոյութիւն ունի վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահող շրջանակ մը, ուրկէ իշխանութեան աթոռին բարձրացող առաջնորդները որակապէս եւ մտածելակերպով գրեթէ նոյնն են: Փաշինեան չի տարբերիր միւս առաջնորդներէն:

Այս մարդոց նկատմամբ մեր չափանիշին սխալը ո՞ւր կը կայանայ:

Մենք այս մարդիկը կը դիտենք այն մեկնակէտով, որ ասոնց համար Հայաստանը հայրենիք է, եւ Հայաստանի ժողովուրդը հայութիւն է, որ ունի սեփական հարուստ պատմութիւն, սեփական հարուստ մշակոյթ եւ հաւաքական առաքելութիւն:

Բայց մենք կը սխալինք, կը սխալինք չարաչար:

Այս մարդոց համար Հայաստանը հայրենիք չէ, այլ` բնակավայր:

Այս մարդոց համար Հայաստանի ժողովուրդը հայ չէ, այլ` պատահականօրէն ի մի հաւաքուած սոսկ բնակիչներ:

Այս մարդոց համար մենք չունինք ո՛չ ուրոյն պատմութիւն եւ ո՛չ ուրոյն մշակոյթ, այլ ունինք սեփական փորը կշտացնող պատահական հաւաքականութիւն, որ դատապարտուած է քարշ տալու իր գոյութիւնը:

Այս մարդոց համար մենք հաւաքական առաքելութիւն չունինք, այլ` անստոյգ ապագայով օրը օրին ապրող մարդիկ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն սկսած մինչեւ Նիկոլ Փաշինեան` այսպիսի մարդոց վստահուած է Հայաստան անունը կրող հողատարածք մը:

Երբ փոխենք մեր մօտեցումներուն սխալ չափանիշը, կը հասկնանք, թէ ի՛նչ եւ ինչո՛ւ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու իրագործած իրադարձութիւնները, քանդումները, կորուստները, հարստացումները® Նաեւ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը գործեն պետական կառոյցներու վրայ հերթականօրէն զետեղուող գլխաւոր պաշտօնատարները, որոնք կը վերածուին հլու հնազանդ կամակատարներու, մինչեւ իսկ մեղսակիցներու եւ բաղադրիչներու` իշխանաւորներու պարտադրած դաւադրութիւններուն:

Այս մարդոց համար Հայաստան հայրենիք, հայ ժողովուրդ, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ ազգային հաւաքական առաքելութիւն գոյութիւն չունին:

Բայց գոյութիւն ունի հողատարածք մը` Հայաստան անունով, որ հայրենիք չէ: Գոյութիւն ունի հաւաքականութիւն մը, որ լոկ բնակիչներն են այդ տարածքին:

Նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն այսպիսի մտայնութիւն եւ գործելաոճ չէր կրցած զարգանալ: Ժողովուրդը, մինչեւ իսկորոշ հայ համայնավար ղեկավարներ, ամրօրէն կառչած մնացին հայրենիքի եւ ազգի գաղափարին, ազգային պատմութեան եւ մշակոյթին: Անոնք ապրեցան, գործեցին եւ ստեղծագործեցին միշտ այն հաւատքով, որ հայրենիքը եւ ազգը ունին առաքելութիւն, ունին դեռ իրագործելի անկատար տենչեր, ունին ապագայ իբրեւ Հայաստան եւ հայութիւն:

Հայրենիքի հողէն պոկուած սփիւռքը ամէնէն հեռաւոր ափերուն իսկ ամրօրէն կառչած մնաց հայութեան հայեցի ինքնութեան եւ Հայաստանի երազին:

Փոխենք մեր սխալ չափանիշները:

Փոխել կարենալու համար պէտք է սկսիլ Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իր նմաններէն:

12 յունուար 2021
Լոս Անճելըս


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.