İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կռփամարտիկ Արտեոմ Միքայէլեան Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի

Ռուսիոյ պատանիներու կռփամարտի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր` Արտեոմ Միքայէլեան շաբաթ, 16 յունուարին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը:

Արկածը տեղի ունեցած է Թիումեն-Օմսք ճամբուն վրայ, ուր երկու ինքնաշարժներ` «Մազտա» եւ «Լատա» վաճառանիշով, բախած են իրարու: Ապա, «Մազտա» ինքնաշարժը յայտնուած է «Իվեքօ» բեռնատարի մը տակ:

Հաղորդուեցաւ, որ մահացողներուն կարգին են նաեւ «Մազտա»-ի 31 տարեկան կին վարորդը եւ «Լատա»-ի 60 տարեկան վարորդը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.