İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Ծնած է 3 Յունուար 1968-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունն է Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան Վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982-ին։

Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1985-ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի բաժինը կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 29 Մայիս 1988-ին, ձեռամբ Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի, վերակոչուելով Տ. Մեղրիկ Աբեղայ։

Վարդապետական Գաւազանի իշխանութիւն ստացած է 3 Յուլիս 1994-ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Արտակ Արք. Մանուկեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Թուղթք Տ. Ներսիսի Կաթողիկոսի Հայոց Գրեալք Ի Զանազան Ժամանակս Առ Այլեւայլ Անձինս» աշխարհաբարի թարգմանութիւնն ու քննական ուսումնասիրութիւնը։ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած է 3 Յունուար 1996-ին, հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 26 Մայիս 2002-ին, ձեռամբ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի։

Վանական կեանքէն ներս ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.-

1988-1995 եղած է դպրապետ եւ հսկիչ Դպրեվանքի, միաժամանակ վարելով Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1995-ին նշանակուած է լուսարարապետ Մայր Տաճարի։ 1999-2002 ստանձնած է Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութիւնը։ Վանական պարտաւորութիւններու կողքին սրբազան հայրը 1996-1997 հետեւած է «Overcome Violence»ի ուսումնական ծրագիրին եւ Պօսէի Միջ-եկեղեցական Ինստիտուտ (Bossey Ecumenical Institute)։ Սարկաւագութեան օրերուն հետեւած է դաշնակի դասընթացքներու։

1997-1999 մեկնած է Նիւ Եորք եւ հետեւած Mannes College of Music-ի դասընթացքներուն։ 19 Դեկտեմբեր 2002-ին գործուղուած է Թորոնթօ (Գանատա), որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։

2010-ին նշանակուած է Օնթարիօ նահանգի հոգեւոր տեսուչ, իսկ 19 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի Հայոց Թեմին:

27 Ապրիլ 2014-ին Արամ Ա. Կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում շնորհած է հայր սուրբին։ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 2014 Մայիսին Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրած է Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը։ Որպէս առաջնորդ երկու տարի ծառայելէ ետք, 11 Նոյեմբեր 2016-ին սրբազանը անձնական պատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած է եւ Մայրավանք վերադարձած։

Կաթողիկոսարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, ստանձնած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2017-ին հիմնած է Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։ Երկու տարի կատարելէ ետք իր առաքելութիւնը, 2018-ին մեկնած է Պարսկաստան՝ ստանձնելով Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդի պատասխանատուութիւնը։ 2019-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած է «Թռչնոց Բոյն»ի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։ 2020-ին Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ նշանակուած է տեսուչ Դպրեվանքի։

Մեղրիկ սրբազան երաժշտական մարզէն ներս կատարած է բազմաթիւ մշակումներ եւ յօրինումներ։ Խմբագրած է երաժշտական բնոյթ ունեցող հատորներ։

https://www.facebook.com/holyseeofcilicia/photos/a.167499119938485/3738773792810982

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın