Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Կրանտ Չես Թուր»-ին կողմէ կազմակերպուելիք հինգ մրցաշարքերուն, որոնք պիտի կատարուին 2021-ի ամրան:
«Կրանտ Չես Թուր» հրապարակեց մրցաշարքերուն մնայուն մասնակցողներուն կազմը:
Արոնեանէն բացի անոնց կը մասնակցին աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցներ Թէյմուր Ռաճապով եւ Շահրեար Մամետեարով:
Կան նաեւ շարք մը այլ մասնակցողներ, որոնց կարգին` ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, չին Տին Լիրեն, ամերիկացիներ Հիքարու Նաքամուրա, Ուեսլի Սօ, նետերլանտցի Անիշ Կիրի, ռուսեր Եան Նեփոմնիաշչի եւ Ալեքսանտր Կրիսչուք:
Yorumlar kapatıldı.