İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեան չընդունեց Լավրովի ծրագիրը

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հիմա որոշ քաղաքական գործիչներ կը պնդեն, որ եթէ Փաշինեան ընդունէր Արցախի տագնապը լուծելու Լավրովի ծրագիրը, այսինքն՝ 5+2 շրջան Ադրբեջանին վերադարձնելու եւ Արցախի կարգավիճակը անորոշ ժամանակով յետաձգելու առաջարկը, այդ ատեն պատերազմ տեղի չէր ունենար եւ մենք մարդկային եւ հողային այլ կորուստներ չէինք ունենար։

Հիմա, բնականաբար, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեան չընդունեց 2016-ի սկիզբէն ի վեր կողմերուն ներկայացուած այս ծրագիրը։ Չէ՞ որ այդպէսով կանխած կ՚ըլլար պատերազմը։ Թէ՞ կը մտածենք, որ կարելի էր յաւերժօրէն ձգձգել հարցի լուծումը եւ խաբել թէ՛ Ռուսաստանին, թէ՛ անհամբեր դարձած եւ Երեւանն ու Սեւանը գրաւել սպառնացող Ադրբեջանին եւ թէ ԵԱՀԿ-ին։ Կամ ինչո՞ւ չի հերքուիր այն տեղեկութիւնները, թէ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին Սերժ Սարգսեան ընդունած է Լաւրովի ծրագիրը եւ փոխարէնը ստացած զինադադար։ Կամ ինչո՞ւ չի հերքուիր Արցախի խորհրդարանի նախորդ նախագահ Արթուր Թովմասեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Սերժ Սարգսեան 2016 Յուլիսին հանդիպած էր Արցախի ղեկավարութեան եւ պահանջած էր ընդունիլ հողերը վերադարձնելու ռուսական առաջարկը։

Թէ՛ քաղաքական բանակցութիւններու, թէ վերջին աղիտալի պատերազմի ընթացքին մասին շատ բան մութ կը մնայ եւ շատ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն հանրութեան։

Միայն ամբողջական, անկողմնակալ, անաչառ եւ առարկայական քննութիւնը կրնայ բացայայտել ճշմարտութիւնը եւ յանգիլ ճիշդ եւ ուսուցանող եզրակացութիւններու։

Իսկ այս օրերուն, երբ քաղաքական ղեկավարները, իշխանութիւն եւ ընդդիմադիր, կ՚առաջնորդուին «կամ իմ հետ ես, կամ իմ դէմ ես» սկզբունքով, կարելի՞ է ակնկալել անաչառ եւ անկողմնակալ, առարկայական քննութիւն։ Դժուար թէ։ Հիմա միայն արտօնուած է հայհոյել այս կամ այն կողմին։ Արտօնուած է ըլլալ կա՛մ միայն թշնամի, կամ միայն դաշնակից։ Ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն նոյն մետալի տարբեր երեսներն են, անհանդուրժող եւ սեփական կարծիքը Աստուծոյ խօսքէն ալ աւելի բարձր համարող։

Այս պայմաններուն տակ, մոռնանք առարկայական ոեւէ քննութիւն, ուրեմն նաեւ մոռնանք ուսուցանելի ոեւէ դաս, որ կրնայինք սորվիլ մեր աղիտալի փորձառութիւններէն։

Այս գրառումս ոեւէ ձեւով չի նսեմացնէր Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանատւութիւնը՝ վերջին աղիտալի պատերազմին եւ խայտառակ փաստաթուղթի ստորագրման մէջ։ Ոչ ալ կը նսեմացնէ Արցախի հարցը չկարենալ լուծելու նախկիններու 1994-էն սկսած քաղաքականութիւնը, որ յանգեցուց Ադրբեջանի շարունակական զինումին, բոլոր խաղաղարար առաջարկները մերժելու Բաքուի անզիջող կեցուածքին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ ազատագրուած հողերը վերադարձնելու Սերժ Սարգսեանի խոստումին։
Դեռ մենք երկար պիտի սպասենք արդար, անկողմնակալ եւ անաչառ վերլուծութիւններու։ Եւ այդպէս ալ դաս պիտի չքաղենք մեր փորձութիւններէն եւ փորձառութիւններէն, այնքան ատեն որ քաղաքական դաշտը ենթակայ կը մնայ այս տեսակի իշխանութիւններու եւ այս տեսակի ընդդիմութեան մենաշնորհին:


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.