İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք .Կը Կորսնցնենք Մեր Ինքնավստահութիւնն Ու Միւս Ժողովուրդներուն Յարգանքը»

«Սարսափելի ու ամօթալի վիճակ է, եւ դառնութիւնը այն է, որ այս վիճակէն կարելի էր խուսափիլ», լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:

«Ատիկա միայն պատերազմով չսկսաւ, այլ երկուքուկէս տարի առաջփաստօրէն օգտուելով ժողովուրդի ցանկութիւններէն: Ի հարկէ, ժողովուրդը կ՛ուզէր ապրիլ արդար երկրի մէջ, ու չկայ փտածութիւն, ուր իշխանաւորները համեստ են, անկէ օգտուելով խումբ մը մարդիկ զաւթեցին իշխանութիւնը եւ սկսան երկիրը տանիլ լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ զրկելով մեզ ազգային արժէքներէ, կամաց-կամաց քանդելով բանակը, եւ վերջը հասաւ պատերազմը, ուր մենք խայտառակ պարտութիւն կրեցինք եւ հիմա կը ճաշակենք այդ պարտութիւնը, եւ անիկա դեռ չէ վերջացած… Շատ մարդիկ կորսնցուցին իրենց հաւատքը երկրին ապագային նկատմամբ եւ կ՛ուզեն դուրս գալ, ատիկա գաղտնիք չէ, եւ եթէ այս «Քորոնա» ժահրը չըլլար, մեծ թափով արտագաղթ պիտի ըլլար: Արտագաղթը կանխելու համար այս երկիրը պէտք է դառնայ օրինական երկիր, ուր իսկապէս չըլլայ փտածութիւն, ըլլայ տնտեսապէս զարգացող պետութիւն: Մենք պէտք է կարենանք սփիւռքի հետ ստեղծել նոր տեսլական, որովհետեւ մարդիկ եթէ կը տեսնեն, որ յառաջիկայի տեսլական մը կայ, որ կարելի է իրականացնել, իրենք պիտի համաձայնին քանի մը տարի ալ զուսպ ապրիլ», յայտնեց ան:

Ըստ Մանուկեանի, Փաշինեան իշխանութեան եկաւ «նարնջագոյն յեղափոխութեան» իբրեւ արդիւնք եւ ապացուցեց, որ ինք ոչ ձեռնհաս առաջնորդ է: Ղարաբաղի մարտերուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետը լաւ չէր հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուի ճակատին վրայ, թէեւ կարելիութիւն ունէր կանխելու պատերազմը կամ վարելու զայն այնպէս, որ պահպանէր իր հիմնական դիրքերը:

Ան դիտել տուաւ, որ 1992-1994 տարիներուն, ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ, երբ մենք յաղթեցինք Ազրպէյճանին, մեզի օգնեց այն, որ այդ երկիրը կը գլխաւորէր Ապուլֆեզ Էլչիպէյ: «Այդ ժամանակ «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ը դեռ չկար, բայց ան անձնաւորութիւն մըն էր, որ հաւատարիմ էր այդպիսի տեսակէտներու: Հիմա Ազրպէյճանը օգտուած է այն փաստէն, որ մենք ունինք մեր Էլչիպէյը», աւելցուց Մանուկեան:

Ան այն կարծիքին է, որ եթէ Սերժ Սարգսեանը մնար իշխանութեան գլուխ, պատերազմը պարզապէս չէր սկսեր: Փաշինեանը, ըստ Մանուկեանի, տապալած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացը, կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ հետեւցուցած է, որ Ղարաբաղի խնդիրը տարածքային վէճ է եւ ոչ թէ ազգի ինքնորոշման հարց, եւ թոյլ տուած է Ազրպէյճանին` գալու այն եզրակացութեան, որ կրնայ պատերազմի սկսիլ:

Իշխանութեան գալու պարագային Մանուկեան իր առաջնահերթութիւնները նկատեց պետական անվտանգութեան վերականգնումը` բանակի հզօրացման եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչպէս նաեւ ներքին անվտանգութեան ամրապնդման միջոցով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.