İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Աշխատանքներուն, Սկզբունքներուն Մէջ Որեւէ Բան Չէ Փոխուած»

«Հրապարակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ շարժման յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, մանաւանդ որ կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ կրաւորական մօտեցումը տիրական դարձած է: Ան հաստատեց, որ տարբեր ձեւով բողոքի արտայայտութիւնները պիտի շարունակուին:

Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժման գործողութիւնները, քայլերը պայմանաւորուած չեն վարչապետի աթոռին կառչած անձի այցելութիւններով (Մոսկուա, «Ա.»), աւելցնելով. «Մենք երկու ամիս առաջ յայտարարած ենք, որ այս մարդուն (Նիկոլ Փաշինեանի, «Ա.») ամէն օր աւելի իշխանութեան մնալը կործանարար է մեր երկրին համար, եւ անցնող ժամանակաշրջանին այդ ուղղութեամբ ձեռնարկած եւ իրականացուցած ենք բազմաթիւ քայլեր ու գործողութիւններ: Հիմա ալ ամէն ինչ կը ծրագրենք, եւ մեր աշխատանքներուն, սկզբունքներուն մէջ որեւէ բան չէ փոխուած»:

Անդրադառնալով լրագրողի այն հարցումին, որ արդեօք հանրահաւաքներ եւ ցոյց չկազմակերպելը պայմանաւորուած է եղանակո՞վ, Իշխան Սաղաթէլեան ըսած է. «Տարբեր ուղղութիւններով շարունակուած են մեր գործողութիւնները` իրաւականէն մինչեւ բողոքի ցոյցեր, հանրահաւաքներ, երթեր: Նաեւ ըսեմ, որ ծրագիրին մէջ ներառուած են մարզային այցելութիւններ: Յառաջիկայ օրերուն պիտի ըլլանք Գիւմրիի, Վանաձորի, Սիւնիքի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ»:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.