İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արա Այվազեան. «Արցախի Կարգավիճակը Եղած Եւ Կը Մնայ Տագնապի Լուծման Ամէնէն Կարեւոր Սկզբունքը»

Արցախի կարգավիճակը եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ամէնէն կարեւոր սկզբունքը: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան` անդրադառնալով Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի յայտարարութեան:

«Ես ծանօթացած եմ պարոն Փոփովի հարցազրոյցին եւ պէտք է նշեմ, որ ժամանակին Հայաստանը իր համաձայնութիւնը տուած է Քազանի փաստաթուղթին, քանի որ անիկա կը բովանդակէր տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու ամբողջական ծրարը: Ազրպէյճանի կողմէ այդ փաստաթուղթի մերժումէն ետք ալ բանակցութիւնները շարունակուած են հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ: Նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ, Ազրպէյճանի կողմէ տրուած էր համաձայնութիւնշարունակելու բանակցութիւնները հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ: Ես միանշանակ համամիտ եմ պարոն Փոփովի հետ, որ Արցախի կարգավիճակը եղած է տագնապի լուծման ամէնէն կարեւոր սկզբունքը, կրնամ աւելցնել եղած է եւ կը մնայ», ըսաւ Այվազեան:

Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը լուծման փաստաթուղթ չէ:

«Ատիկա զինադադարի, պատերազմի աւարտման մասին փաստաթուղթ է, որ կը ներառէ հիմնարար սկզբունքներէն քանի մը հատը, բայց տագնապը չի կրնար լուծուած ըլլալ, քանի որ չեն իրականացած բոլոր հիմնարար սկզբունքները, մասնաւորապէս ինքնորոշման, կարգավիճակի հարցը», նշեց Արա Այվազեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.