İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազը Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանցի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Գերիներու Հարցը

Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազին նախաձեռնութեամբ, 12 յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում Ռուսիոյ դատախազութեան աշխատակիցի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Մոսկուա գտնուող Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազ Իկոր Քրասնովի մասնակցութեամբ:

Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ հանդիպման նպատակն էր միջազգային իրաւական մարզին մէջ հետագայ շփումներու ձեւաւորման, անոր համար անհրաժեշտ պայմաններու, ինչպէս նաեւ արդիական քանի մը հարցերու շուրջ քննարկման ծաւալումը:

Այդ ծիրին մէջ` իբրեւ միջազգային իրաւական գործակցութեան ծաւալման երաշխիք, Արթուր Դաւթեան բարձրացուցած է հրադադարի մասին 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտի հնարաւորինս արագ կատարման անհրաժեշտութիւնը, Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները եւ պահուող այլ անձերը սեղմ ժամկէտներու մէջ Հայաստան վերադարձնելու, իսկ մինչ այդ անոնց կեանքին եւ առողջութեան երաշխաւորման, անոնց այլ իրաւունքներու ապահովման հարցը:

Հայաստանի ընդհանուր դատախազը շեշտեց, որ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձը կարեւոր երաշխիք կը հանդիսանայ եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեռք բերուած միւս պայմանաւորուածութիւններուն կատարման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար:

Այս իմաստով Արթուր Դաւթեան բարձրացուց նաեւ շրջանը միջազգային ահաբեկչութենէ զերծ պահելու, անոր դէմ ընդհանուր պայքարի խնդիրը:

Հանդիպումին ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ վերը նշուած, ինչպէս նաեւ իրաւական բնոյթի այլ խնդիրներու շուրջ քննարկումները աշխատանքային դրութեամբ շարունակելու:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.