İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 11 Յունուար 2020-ին օժտուած էր 85րդ գահակալով՝ յանձին Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոսի։ Իսկ, 11 Յունուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առիթով գոհաբանական աղօթք տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ՝ Նորին Ամենապատուութեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Աթոռոյս միաբանները, քահանայից դասու անդամներն ու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսքոֆեանը։ Նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները արարողութիւնը եւս իրականացաւ սահմանափակ պայմաններու ներքեւ։ 

Ժամը երբ 16.00-ին հասաւ, Պատրիարք Հայրը եկեղեցականաց թափորով Պատրիարքարանէ ուղղուեցաւ դէպի Մայր Եկեղեցի, ուր սկսաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Նախատօնակի արարողութիւն։ Ապա, կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս Մաղթանքը, որով ներկայ հոգեւորականներ աղօթեցին Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ անսասանութեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր արեւշատութեան համար։ Մաղթանքի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնութեան պահը, որով Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Խաչով օրհնեց Պատրիարքութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, գոհութիւն եւ փառք մատուցանելով առ Աստուած։ Յայտնեց թէ՝ անցեալ տարի Թրքահայութիւնը տիրացած էր իր գահակալին եւ Պատրիարքական Աթոռոյ նոր շրջաններէն մին սկիզբ առած էր։ Օրերը շուտ անցած էին եւ ահա հասած էր գահակալութեան տարեդարձը։ Ճիշտ է թէ՝ բազում ծրագիրներ ի գործ դնելու շրջանը հասած էր, սակայն Քորոնա Համավարակը դժբախտաբար տակնուվրայ ըրած էր նաեւ մարդկային իրականութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռոյ ամէնէն կարեւոր յառաջացումներէն մին եղած էր ընկերային ցանցերու օգտագործութիւնը եւ ժողովուրդին հասնելու միջոցներ գտնելը։ Մաղթեց որ Քորոնա Համավարակը հեռանայ մարդկային իրականութենէն ու Պատրիարքական Աթոռը առաւել եւս թափ ստանալով սկսի կեանքի կոչել ծրագիրները։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, քանի անոնք համախմբուած էին Աթոռոյ եւ Աթոռակալին շուրջ ու բարոյական եւ կամ նիւթական իրենց ներդրումը չէին զլանար Աթոռէն։ Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը մաղթեց որ Պատրիարաքան Աթոռը տակաւին բազում տարիներ մնայ անսասան ու դառնայ մնայուն վկայութիւնը մեր նախնեաց։

Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը «Կենդանարար Աստուած» շարականի ընկերակցութեամբ եկեղեցականաց թափորով ուղղուեցաւ խորհրդարան եւ այստեղ ներկայ հոգեւորականներ շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın