İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մահացաւ Ազգային, Հասարակական Եւ Կուսակցական Գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան

Չորեքշաբթի, 6 յունուարին «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ազգային, հասարակական եւ կուսակցական ղեկավար գործիչ, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայ սկաուտութեան դաստիարակութեան նուիրեալ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Պէյրութի մէջ ծնած Գառնիկ Մկրտիչեան կանուխ տարիքէն անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Ան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին մէջ: Անոր անունը կապուած եղած է Պուրճ Համուտի ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին հետ, ուր երկար տարիներ եղած է ՀՅԴ համապատասխան կոմիտէի ներկայացուցիչ: Ան եղած է նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Գառնիկ Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ նպաստած է հայ երիտասարդութեան կազմակերպման եւ ազգային ոգիով դաստիարակութեան աշխատանքներուն: Անիբրեւ հայ իրականութեան մէջ մեծագոյն մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, եւ ապա` ատենապետ, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի թէ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի վերընձիւղման, կառոյցի հիմնադրման եւ գործունէութեան ծաւալման աշխատանքներուն մէջ:

Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ նախկին ատենապետ, անուրանալի կը մնայ Գառնիկ Մկրտիչեանի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու կազմակերպման աշխատանքին մէջ: Բարձր մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկները առիթ էին ազգային առումով վերարժեւորելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակները, վերաիմաստաւորելու ազգային-պետական արժէքները:

Գառնիկ Մկրտիչեան եղած է Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, Ազգային երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախկին ատենապետ: Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Գառնիկ Մկրտիչեանին վիճակուեցաւ ստանձնել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յորդորով կազմուած համագաղութային Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետութեան պատասխանատու պարտականութիւնը:

Գառնիկ Մկրտիչեանի մահով սփիւռքահայութիւնը կը կորսնցնէ ազգային, կուսակցական եւ միութենական վաստակաւոր գործիչ մը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.