İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Մարոնի Պատրիարքի Ներկայացուցիչին

Հինգշաբթի, 7 յունուար 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Փոլ արք. Սայահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Յայտնենք, որ նոյն օրը մարոնի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ:

Վեհափառ հայրապետին այցելեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մուհամետ Սեմմեք: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց առնչուած յառաջիկայ աշխատանքները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ աշխատանքներուն:

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կաթողիկոսը նամակներ ստացաւ, ինչպէս նաեւ հեռախօսային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ` Ֆրանսիս պապէն, հոգեւոր պետերէ, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահէն եւ նախկին վարչապետներէն:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմին պատճառով հայրապետը ջնջած էր Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւնները եւ կոչ ուղղած մեր ժողովուրդին` տօնական օրերուն հեռու մնալու խրախճանքներէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը փոխանցելու Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներուն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.