İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին, «Վանայ Ձայն»-էն կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց լիբանանցիին արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ յոյսին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով:
Երաժիշտ եւ յօրինող Էլիաս Ռահպանիի մահուան առիթով երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոր մահը կորուստ է Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին համար:

«Լիբանանեան եւ արաբական արուեստին մէջ Էլիաս Ռահպանի իր հետքը ձգած է: Ցաւակցութիւններս Էլիաս Ռահպանիի ընտանիքի անդամներուն, որոնց մօտէն կը ճանչնամ: Մենք Էլիաս Ռահպանին կը յիշենք իր գործերով` արուեստի եւ բարեսիրական, ինչպէս նաեւ իր ազգային կեցուածքներով: Ճիշդ է, որ Էլիաս Ռահպանի ականաւոր երաժիշտ է, սակայն ան մարդկային, քաղաքական եւ ազգային կեցուածքներով ճանչցուած անձնաւորութիւն է», ըսաւ ան:

«Քորոնա»-ի Համաճարակը Սանձելու Իմաստով Երկրին Փակման
Յապաղումը Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Վերագրել
Փորձող Կեցուածքներուն Պատասխան

Անդրադառնալով հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթը պատրուակելու եւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու նպատակով երկիրը փակելու քայլին դիմելու մէջ արձանագրուած յապաղումին` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութեան, նախարարութիւններուն, հիւանդանոցներուն, ճաշարաններուն, վաճառատուներուն եւ սեփական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող թատրերգութեան պէտք է վերջ տալ: Ան շեշտեց, որ բոլորս կ՛ուղղուինք դէպի անձնասպանութիւն, դէպի վերացում, սակայն ոմանք կը մտածեն յաւելեալ գումարներով հարստանալու եւ հարուստ մեռնելու մասին:

«Ոչ ոք թող վախնայ անօթութենէն: Ոչ մէկը անօթի պիտի մնայ: Ի վերջոյ եթէ այս կացութիւնը շարունակուի, կտոր մը հաց կամ դգալ մը բրինձ պիտի գտնենք ուտելու, եւ փառք Աստուծոյ, որ մարդկայնութեան նշոյլը տակաւին գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ տօնական օրերուն առիթով վաճառատուները բացին իրենց դռները, բայց ի՞նչ շահեցան լիբանանցիները:

«Յիսուսի ծնունդը կեանք կը խորհրդանշէ: Եթէ այդ տօնը ես պիտի նշեմ, ապա մեծագոյն տօնը պիտի ըլլայ աղօթքը: Եթէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին ներկայ չկարենամ ըլլալ, ապա բնակարանիս մէջ կ՛աղօթեմ, սակայն պայման չէ, որ տօնակատարեմ այս առիթը հաւաքական ձեռնարկներով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ հակառակ տնտեսական տագնապին, Լիբանանի ճաշարանները քաղաքացիներով լեցուն էին: «Աստուած բոլորին ունեցուածքը աւելցնէ, սակայն վերջաւորութեան կեանքի եւ մահուան, պարի եւ թաղման, գետնի վրայ պարելու եւ դիակը գետնին տակ ըլլալու, աղօթքի եւ քէֆին միջեւ, ես կ՛ընտրեմ աղօթքը: Եթէ հազար տարի ալ չտօնեմ, ճաշարան չերթամ եւ նուէրներ չգնեմ, կը նախընտրեմ Ս. Ծննդեան առիթով աղօթել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հայկական Ս. Ծնունդին առիթով Լիբանանի մէջ վերջին երկու օրուան ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուած կեցուածքները կը միտին կեանքի ու մահուան միջեւ ընտրանքը վերածել համայնքային խտրութեան: «Թող նախարարական յանձնախումբը բարեհաճի ժամը 4:00-ին իր նիստին յայտարարել, որ երկիրը յաջորդ օրն իսկ առաւօտեան ժամերէն պիտի փակուի: Այս ի՞նչ թատրոն է, որ կը սարքեն: Ի՞նչ ըսել է հայկական Ս. Ծնունդին կը սպասեն: Պիտի չտօնենք Ս. Ծնունդը, պիտի երթանք եկեղեցի եւ աղօթենք, եթէ Արամ Ա. կաթողիկոսը որոշէ Ս. պատարագ մատուցել: Ի՞նչ պիտի տօնենք, եթէ երկիրը անձնասպանութեան կ՛երթայ, եթէ պատասխանատուութիւն չկայ, եթէ անհոգութիւն կը տիրէ:

Ի՞նչ տօնի մասին է խօսքը, երբ հիւանդները կամ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները հիւանդանոցներուն միջանցքներուն մէջ կը սպասեն` բժշկական խնամք ստանալու ակնկալութեամբ, սակայն առանց վստահ ըլլալու, որ հիւանդանոցին մէջ իրենց համար տեղեր կարելի պիտի ըլլայ ապահովել:

Օր մը առաջ կայաններէն մէկը հաղորդումի մը ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է հայկական Ս. Ծնունդին սպասել երկիրը փակելու որոշումը տալու համար: Եթէ իմ կարծիքս կ՛ուզեն, պէտք էր 24 դեկտեմբեր 2020-էն, այսինքնկաթողիկէ համայնքին Ս. Ծննդեան տօնէն առաջ փակուէր երկիրը: Լիբանանեան պետութիւնը ի՞նչ շահեցաւ տօնակատարութիւններէն ու երկիրը բաց պահելու իրականութենէն: Մարտ 2020-էն ի վեր կը կրկնենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը քաջութեան հարց չէ: Ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ կրնայ վարակուիլ: Իբրեւ պատասխանատու նուազագոյն պարտականութիւնս է զգուշացնել ժողովուրդը: Ո՛վ որ պիտի նեղուի, թող նեղուի, սակայն եթէ քանի մը ամիս ճաշարան չերթամ ճաշելու կամ ընթրելու, ոչինչ պիտի կորսնցնեմ: Ով որ պիտի նեղուի, թող մտածէ, թէ երբ իր հարազատներէն մէկուն թաղման արարողութեան ներկայ գտնուի` ճաշարանին տէրը կրնայ ցաւակցութիւն յայտնել, սակայն ինք սուղ պիտի վճարէ իր հարազատի կորուստին գինը», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է մտածէ իր, իր ընտանիքին եւ ուրիշին առողջութեան մասին: «Նախորդ օրերուն, ոմանք «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշներ զգալով հանդերձ այցելութիւններ տուին: Այս անպատասխանատու կեցուածքը մեզի չեմ գիտեր դէպի ո՛ւր կ՛առաջնորդէ: Ասիկա քաղաքական, համայնքային կամ յարանուանական հարց չէ: Երկրին ազատագրումը չէ, Իրանի, Միացեալ Նահանգներու կամ Սէուտական Արաբիոյ հետ կապ չունի: Անձնական առողջութիւնը մէկուն սեփականութիւնն է, իսկ հայկական ժողովրդային աւանդութեան համաձայն, Խթման գիշերը տօնակատարութիւններ տեղի չեն ունենար, այլ ընտանեկան հաւաքոյթներ, իսկ 6 յունուարինՍ. Ծննդեան պատարագ: Այս իմաստով կ՛արժէ յիշել, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը արդէն իսկ յայտարարած են, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունին: Իսկ ամսուն 7-ին Մեռելոց է, սակայն ի վերջոյ պատասխանատու պէտք է ըլլանք: Տունը մնալով ոչինչ պիտի կորսնցնենք, ընդհակառակն` պիտի շահինք մեր ընտանիքը զաւակներն ու հարազատները», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ իբրեւ լիբանանահայութիւն իրենք կը ստանձնեն պատասխանատուութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ 3 յունուարի ուշ գիշերին ինք կատարած է այն յայտարարութիւնը, թէ ոչ ոք հայկական Ս. Ծնունդը պէտք է պատրուակէ: «Մեզի համար բոլորին առողջութիւնը կարեւոր է, եւ մենք պատասխանատու ենք մեր կեցուածքներուն», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ անկախ պետութենէն եւ պետական հաստատութիւններէն, մարդ արարածը եւ քաղաքացին իրենք պատասխանատու են իրարու առողջութեան: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ծնողներ իրենց զաւակները չե՞ն կրնար զսպել եւ տունը պահել, որպէսզի անոնք համաճարակի տարածման չնպաստեն` հաւաքոյթներու ներկայ գտնուելով: «Իսկ երիտասարդութիւնը, որուն հանդէպ յոյսեր ունինք, որ պիտի մնայ երկրին մէջ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնէ, իշխանութիւն ստանձնէ: Ո՞ւր են ան», հարց տուաւ ան:

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումն
Ու Անոր Հետեւանքները

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ տարի մը առաջ` 2020-ի սկիզբը ինք մաղթած է, որ լիբանանցիները համագործակցութեամբ շրջանցեն երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

«Կը մաղթէինք, որ ժողովրդային շարժումի կամ յեղափոխութեան տղաքը յոյս առթեն մեր մէջ, սակայն անոնք համայնքներու եւ կուսակցութիւններու բաժնուեցան, եւ իւրաքանչիւրը սկսաւ իր պահանջներուն մասին խօսիլ: Անոնք չկրցան պահել ժողովրդային շարժումին նպատակը, որ դրսեւորուեցաւ առաջին շաբթուան ընթացքին: Տարուան սկիզբը «Քորոնա»-ի համաճարակը հասաւ Լիբանան, իսկ ամրան ընթացքին Պէյրութի նաւահանգիստին ոճիրը քանդեց մայրաքաղաքը, եւ մենք ցարդ ինկած ենք իրաւասութիւններու եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու թոհուբոհին մէջ, մինչդեռ նահատակուողը նահատակուած է, քանդուողը քանդուած է, իսկ ժամանակի ընթացքին դժբախտաբար ոչ ոք պիտի խօսի այդ մասին, բացի կարգ մը լրատուամիջոցներէ, կամ այդ մասին խօսելու համար գումարներ ու պատուէրներ ստացող լրատուամիջոցներէ», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք ամոնիոմ նայթրէյթի փորձագէտ չէ, սակայն գիտէ, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նոյն նիւթը պարունակող 4-5 բեռնարկղ բացայայտած է: «Մարդ արարածը մոռնալու հակուած է, եւ մտավախութիւնս այն է, որ նման ոճիրներ կրկնուին: Հաւանաբար վտանգաւոր է այս յայտարարութիւնը, սակայն անպատիժ մնացած ոճիրը դարձեալ կրնայ կրկնուիլ», շեշտեց ան:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք այսօր նաւահանգիստը քանդուած է, եւ այլ նաւահանգիստներ կը գործեն Պէյրութի նաւահանգիստին փոխարէն: «Երկիրը քանդուած է: Ոմանք կատարեալ անկեղծութեամբ եւ յանդգնութեամբ կրցան օժանդակել մարդոցնորոգելու եւ վերակառուցելու իրենց բնակարանները, հոգալով նորոգութեան ծախսերը եւ հատուցելով պայթումէն տուժածները: Իսկ ոմանք շահագործեցին այս կացութիւնը եւ հսկայ գումարներ ապահովեցին արտաքին աղբիւրներէ, այցելեցին քանդուած շրջաններն ու բնակարանները եւ 3-4 անգամ արձանագրութիւններ կատարեցին, սակայն ի վերջոյ ոչ ոքի օժանդակեցին: Ոմանք մէկ անգամ սննդեղէն կը բաժնենլուսարձակի տակ կ՛առնուին, իսկ ուրիշներ ամէնօրեայ դրութեամբ կը բաժնեն, սակայն ոչ ոք կը խօսի այդ մասին, եւ իրենք չեն փափաքիր այդ մասին յայտարարել: Օժանդակութիւնները ստեղծեցին նաեւ այլ աղէտ մը լիբանանցիին մուրացկանութիւն սորվեցնելով: Ո՞ւր է այն լիբանանցին, որ մուրացիկ չէ, այլարժանապատիւ կերպով կ՛ապրի: Այդ օժանդակութիւններուն նպատակը լիբանանցին ծնրադիր եւ կարիքաւոր դարձնել է: Անշուշտ կայ համեստ դասակարգը եւ կարիքաւորը, որոնք հացի կարօտ են, իսկ լիբանանցին արժանապատուութիւն ունեցող ժողովուրդ է: Արժանապատուութիւնը երգ կամ ոտանաւոր չէ, որուն մասին երգիչները կամ արուեստագէտները կ՛երգեն, սակայն մէկ գիշերուան մէջ հարիւր հազար տոլար կը շահին առանց կարիքաւորին մասին մտածելու, կամ համերգներ կազմակերպելու եւ անկէ գոյացած եկամուտը համեստ դասակարգին նուիրելու: Նախքան երեսփոխան կամ կուսակցութեան ներկայացուցիչը ըլլալս ես քաղաքացի եմ, իբրեւ քաղաքացի ունիմ ընտանիք եւ կը զգամ կարիքաւորին ցաւը», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր խօսիլ այլ օժանդակութիւններու մասին, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կամ հայկական այլ կուսակցութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանը կատարած են: «Այս մասին թող մեր համայնքին զաւակները խօսին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կան մեծ թիւով նուիրատուներ, որոնք ոչ մէկ տեղ յիշուած են եւ նախապայման կը նկատեն, որ իրենց անունը չյիշուի, որպէսզի շարունակեն իրենց նուիրատուութիւններն ու օժանդակութիւնները: Ան շեշտեց, որ իրենք Աստուծոյ բարիքները կը բաշխեն բոլոր անոնց, որոնք նուազ բախտաւոր են` ներկայ պայմաններուն մէջ ապրելու: Իսկ մեր բախտաւորութիւնը այն է, որ ունինք մտային եւ բարոյական կարողութիւններ, որպէսզի կարենանք օժանդակել կարիքաւորներուն:

Անդրադառնալով հաղորդավարին կողմէ կատարուած այն հաստատումին, որ Մար Մխայէլի հայ բնակիչներուն առաջին հասնողները եղան հայ պատասխանատուները, եւ թէ բոլոր բնակարանները նորոգուեցան լիբանանահայ համայնքի ազգային կառոյցներուն կողմէ, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, հակառակ իր կեդրոնին եւ կուսակցական այլ կեդրոններու կրած նիւթական վնասներուն, որոշած էր նախ ժողովուրդին զաւակներուն օժանդակել, անոնց բնակարանները նորոգել` այլ գաղութներու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններով: «Նոյնիսկ եկեղեցիները երկրորդական էին, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը ժողովուրդն էր: Այս որոշումը ուղղակիօրէն տրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ, որ ընդգծեց, թէ ժողովուրդը եկեղեցիէն առաջ է», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրաշքներ չի կրնար գործելշեշտելով, որ ժողովուրդին կարիքները մեծ են: «Եթէ հազար հոգիի օժանդակեցինք, մինչդեռ կարիքաւորները հազար երեք հոգի են, մնացեալ երեքը պիտի նեղուին: Պայթումէն անմիջապէս ետք, առաջին իսկ այցելութիւններուն ընթացքին կատարեալ անկեղծութեամբ յայտնեցինք ժողովուրդին, որ ճիշդ է, որ ինչքեր կորսնցուցած էք, սակայն մենք ամէն բան ետ չենք կրնար բերել: Օրինակ քաղաքացի մը ըսաւ, որ իր ինքնաշարժը կորսնցուցած է, եւ մեզմէ լսեց պատասխան մը, թէ մենք կրնանք նորոգել իր բնակարանը դուռ եւ պատուհան ապահովել, աթոռ եւ անկողին տրամադրել, եւ ոչ թէ ինքնաշարժին փոխարէն այլ ինքնաշարժ մը նուիրել անոր:

Պայթումէն երեք օր ետք, երբ աղէտի գօտի յայտարարուած մայրաքաղաքի շրջանները ուղղուեցայ, պայթումէն տուժածներուն այցելեցիառանց աղմուկի, առանց տակնուվրայ ընելու, լուռ այցելութիւններ, մութին կատարուած այցելութիւններ: Եւ առանց գրասենեակներ հաստատելու օգնեցինք ու հատուցեցինք ժողովուրդը թելադրելով մեր տղոց, որ առանց անձնաթուղթ եւ քուէարկութեան վայր հարցնելու կատարեն այդ հատուցումները եւ օժանդակութիւնները», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Արցախեան Պատերազմ

Արցախի դէմ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցիները լաւ գիտցան, որ պատմականօրէն Արցախը հայկական հող է եւ այդպէս ալ գոյատեւած է դարեր շարունակ:

«Իբրեւ հայ ժողովուրդ շատ սուղ վճարեցինք Արցախը ազատագրելու գինըԽորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Արցախի ազատագրումէն 27 տարի ետք, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած յարձակումով Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմ մղուեցաւ, եւ հայ ժողովուրդը պարտուեցաւ ու կորսնցուց իր հողերը: Այս բոլորը եղան քաղաքական որոշումով, որ գործնականացաւ պատերազմի դաշտին վրայ եւ ամբողջ աշխարհին անտարբերութեան իբրեւ հետեւանք: Աշխարհի երկիրները նոյնիսկ չդատապարտեցին պատերազմը, այլ բաւարարուեցան նահատակներու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնելով եւ վիրաւորներուն ապաքինում մաղթելով, իսկ պատերազմէն ետք օժանդակութիւն ուղարկելով: Մեր տեսակէտը այն էր, որ եթէ կրնաք օժանդակել պատերազմին բռնկումը արգիլեցէք: Հայ ժողովուրդը առանձինն իր ճակատագիրին հետ մնաց. անոր դէմ ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք, Թուրքիոյ տրուեցաւ Կովկասի մէջ գործելու ազատութիւն, թրքական օդանաւերով Սուրիայէն, Լիպիայէն եւ Փաքիստանէն ահաբեկիչներ բերուեցան շրջան եւ պատերազմեցան Ազրպէյճանի կողքին, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ սահմանակից շրջաններու մէջ: Հայ ժողովուրդը ունեցաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, որոնք 5000 ընտանիքներ կրնային կազմել: Արցախի մեծ մասը կորսնցուցինք: Ով որ ծրագրեց, կազմակերպեց ու դիտեց այս բոլորը եւ համայնքային սադրանքներէ հեռու մնալու պատրուակով ոչ մէկ քայլի դիմեց, քանի մը տարի ետք պիտի վճարէ իր կեցուածքներուն գինը: Ով որ կը մտածէ, թէ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր է, եւ դժբախտաբար տակաւին կան նման համոզում ունեցող լիբանանցիներ, պիտի առերեսուի Թուրքիոյ իսկական դէմքին հետ եւ անդրադառնայ, որ անիկա ոճրագործ է», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ փոքր ժողովուրդները այս աշխարհին մէջ իրենց տեղը չունին, ինչպէս նաեւ բարեկամներ չունին: «Մարդկային իրաւունքներու յղացքը մեծ սուտ մըն է, ինչպէս նաեւ զէնք մը, որ մեծ պետութիւնները կ՛օգտագործեն սուտ խօսելու եւ փոքր ժողովուրդներուն աչքին փոշի ցանելու: Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է եւ անիկա պատերազմը կորսնցուց, երկիրը կորսնցուց: Հաւանաբար շատ խիստ թուի եւ արտառոց այս արտայայտութիւնս, սակայն կը նախընտրեմ հողս պահել եւ քաղաքացիներուս արժանապատուութիւնը պահպանելբռնատիրութեամբ, քան պահել ժողովրդավարութիւնս, բայց կորսնցնել ամբողջ հայրենիքս», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Արցախի պատերազմէն Լիբանանի քաղելիք դասերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցին պէտք է սակաւախօս դառնայ, վերջ տայ վերացական հերոսութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբոխահաճոյ թուելու իրականութեան:

Լիբանանցին անդունդին մէջ կը գտնուի արդէն եւ անոր ճակատագիրը համերաշխութիւնն է ու ազգային գոյակցութիւնը: Լիբանանի պատմութիւնը կարդացողը կը գիտնայ իրականութիւնը: Լիբանանցին պէտք է համոզուի, որ ինք համերաշխութեամբ պիտի շարունակէ իր կեանքը, որպէսզի աւելի ուշ չզղջայ: Լիբանանցին պէտք է ըմբռնէ այն գաղափարը, որ իր ազատ ընտրանքն է այս երկրին մէջ ապրիլը եւ ոչ թէ բնակիլը», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արտագաղթը լուծում չէ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ իրեն երկիւղ պատճառել, եթէ ինք որոշած է չվախնալ կամ չյուսահատիլ:

«Փորձանքը այն է, որ լիբանանեան մշակոյթին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ նշուած է «ԼիբանանԱրեւելքի Զուիցերիան» բացատրութիւնը, կամ Ֆրանսան Լիբանանի գուրգուրոտ մայրը ըլլալու արտայայտութիւնը: Ինչո՞ւ ուրիշներ իրենք զիրենք Լիբանանին պիտի չնմանցնեն, ի՞նչ ունինք պակաս իբրեւ Լիբանան եւ լիբանանցիներ», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ Լիբանանի միասնականութիւնը կորսուի: «1975-ի քաղաքացիական պատերազմին նպատակն էր երկիրը մասնատել, սակայն Լիբանանը չբաժնուեցաւ, բայց մենք աւելի համայնքային դարձանք: Այսօր Լիբանանի մասնատումը եւ բաժանումը կարելի չէ, որովհետեւ երկիրը ժողովրդագրական իմաստով կարելի չէ բաժնել: Կարելի չէ նաեւ Լիբանանը դաշնակցային պետութիւններու բաժնել: Եթէ իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի ես համոզուած չեմ լիբանանեան միասնականութիւնը պահելու կարեւորութեան, ընտրական ոչ մէկ օրինագիծ զիս չի կրնար համոզել այդ իմաստով: Ընտրական օրինագիծը ոչ թէ համայնքայնութիւնը կը վերացնէ, այլ զայն կը խորացնէ, եթէ մենք իբրեւ քաղաքացիներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ համոզուած չենք: Եթէ մենք չկարենանք արտաքին ուժերու յայտնել, թէ մենք կը սիրենք զիրենք, սակայն անոնք իրաւունք չունին լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու, ապա կարելի չէ երկիրը պահպանել: Հաւանաբար ես հիմա բանաստեղծութիւն կը գրեմ, կ՛ասմունքեմ կամ կ՛երազեմ, սակայն կը հաւատամ, որ ոչ ոք իրաւունք ունի արգիլելու, որ ես երազեմ» յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանան պէտք է իր համեստութեան մէջ մնայ` աւելցնելով, որ երկրին աշխարհագրական դիրքն ու քաղաքական վարչակարգը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու համայնքային կառուցուածքը նկատի ունենալով չի կրնար չէզոքութեան մասին խօսիլ: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ չէզոք ըլլալ եւ պայմաններ պարտադրել:

«Երբ քաղաքական ուժեր կը յայտարարեն, թէ իրենց դաշնակիցները Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Սուրիան կամ Իրանն են, ապա ի՞նչ չէզոքութեան մասին է խօսքը: Լիբանանցին պէտք է լաւապէս ըմբռնէ, որ ամերիկացի պատասխանատուներուն համար Իսրայէլի շահերը կարեւոր են», հարց տուաւ ան:

Կառավարութեան Կազմութիւն

Կառավարութեան կազմութեան եւ այդ հոլովոյթին դիմագրաւած արգելքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիին պայման դրուած է կազմել կառավարութիւն մը, որուն մէջ Հըզպալլան ներկայացուած չըլլայ:

«Վարչապետ Հարիրի 22 դեկտեմբերին լիբանանցիներուն խոստացաւ նուէր մը, որ կառավարութեան կազմութիւնն է, սակայն իրականութեան մէջ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ կազմել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը կը վաւերացուի վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ` աւելցնելով, որ երբ կառավարութեան կազմութեան իմաստով հանրապետութեան նախագահին կեցուածքները անբաղձալի կը թուին, ապա մեղադրանքը կ՛երթայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, որպէսզի հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնները պահուին:

Ան նշեց, որ այս կեցուածքը մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը միտի տարածել այն զրպարտութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահը առանձին որոշումներ չի կրնար կայացնել կամ յստակ կեցուածքներ չունի: «Իրականութեան մէջ այս վարուելակերպը հանրապետութեան նախագահն ու անոր գործունէութիւնը արժեզրկել է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նկատել տուաւ, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին ինք յաճախակի այցելութիւններ կատարած է Պաապտա եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքներուն մօտէն ծանօթ է: «Նախագահը կը դիւրացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, սակայն ան պէտք է իմանայ նախարարներուն ինքնութեան մասին: Մասնագէտ կամ փորձագէտ նախարարներով կառավարութիւն մը ունենալը չափանիշ չէ, որովհետեւ կառավարութեան դիմաց պիտի ծառանան տնտեսական, ընկերային, թեքնիք եւ քաղաքական տեսակաւոր հարցեր, սկսեալ` հարաւային Լիբանանի սահմանագծումէն մինչեւ սեփականաշնորհում, Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններ, արաբական երկիրներու, Արեւելքին եւ Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւններ: Մասնագէտը այս բոլորը չի կրնար կատարել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ մասնագէտ նախարարը կրնա՞յ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարել, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը իրականութիւն դարձած է Հզօր Լիբանան համախմբումին ջանքերով: «Պէտք է վերջ տալ ժողովուրդը խաբելու արարքներուն: Կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտը նախագահին առողջութիւնը չէ, ո՛չ ալ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ գոյացնելու պահանջն է, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին այցելութիւնը չէ, Սէուտական Արաբիոյ մերժողական կեցուածքները չեն, տակաւին` այս բոլորին կ՛աւելնայ Պահաէտտին Հարիրիի գործունէութիւնը», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ինք այս բոլորը կը մատնանշէ Լիբանանի եւ վարչապետ Հարիրիի հանդէպ իր յանձնառութենէն մղուելով: Ան ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրիի նշանակումէն ետք անոր հետ հանդիպում տեղի չէ ունեցած` աւելցնելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հայ նախարարի թեկնածու չէ առաջադրած եւ ընդգծած է, որ կը մերժէ կառավարութիւն մը, որուն մէջ հայ նախարարին ինք ծանօթ չէ: «Ի վերջոյ խորհրդարանին մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատասխանատուութիւն ունի կազմուելիք կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու: Եթէ նախարարին ծանօթ չեմ, չեմ կրնար վստահութեան քուէ շնորհել: Պատասխանատուութիւն է: Իսկ ուժանիւթի նախարարութիւնը հայ համայնքին յանձնելու մասին լուրերը սուտեր են:
Համայնքային խտրութիւնը ջնջել քարոզող քաղաքական ուժերը համաձայն կ՛ըլլա՞ն, որ հայ համայնքը պաշտպանութեան, ներքին գործոց, արտաքին գործոց կամ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնէ: Վերջ թող տան այս սուտերուն. անոնք նոյնիսկ վեց ամսուան համար նման նախարարութիւններ չեն յանձներ հայ համայնքին կամ ասորիներուն», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ապահովական Իրավիճակ

Ներքին լիբանանեան իմաստով, ապահովական կառոյցներուն մօտ կան որոշ մտավախութիւններ, սակայն ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի: «Այսինքնպայթումներու, քաղաքական սպանութիւններ կազմակերպելու մասին լուրերը անճիշդ են: Ապահովական կառոյցները արթուն կը հսկեն երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ճիգ չեն խնայեր վտանգները հեռացնելու անոր առօրեայէն», յայտնեց ան:
Իսրայէլեան յարձակումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով
երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Իսրայէլի շահը: «Ի՞նչ մնաց երկրէն, որ յաւելեալ քանդումի կը կարօտի: Լիբանանեւիսրայէլեան որեւէ ճակատում սկսելու պարագային, ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ անիկա ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը վերջանայ: Ամէնէն դիւրին բանը պատերազմ սանձազերծելն է, սակայն անոր վերջ դնելն ու իմանալը, թէ ի՞նչ աւարտի կրնայ յանգիլ, շատ դժուար է: Եթէ Իսրայէլ նման անխոհեմ քայլի դիմէ, կարելի չէ իմանալ, թէ շրջանին մէջ ի՞նչ կացութիւն կրնայ ստեղծուիլ, ո՞վ կրնայ միջամտել եւ ո՞վ կրնայ հրթիռներ հասցնել դէպի եւրոպական մայրաքաղաքներ, շրջանէն դուրս ամերիկեան խարիսխներ, ի՞նչ կրնան ըլլալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքները», շեշտեց ան:

Տնտեսական Կացութիւն

Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը անկայուն վիճակի մէջ է:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեամբ պէտք չէ ակնկալել, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկին 1500 լ. ոսկիի պիտի վերածուի:

«Երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը տագնապալի է, եւ այս վիճակը պիտի շարունակուի նուազագոյնը յառաջիկայ 4-5 տարիներուն: Հետեւաբար պէտք է այս կացութեան ընտելանալ: Լիբանանցին պէտք է մոռնայ նախորդ կենցաղը եւ նոր իրավիճակ ստեղծէ, նոր համոզումներ ունենայ իր կեանքը շարունակելու համար», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ յոյսով պէտք է զինուիլ` աւելցնելով, որ յոյսէն բացի այլ լուծում չկայ: «Պէտք է ջանանք մեր արժանապատուութիւնը պահպանել, կամ ալ պիտի լքենք երկիրը եւ արտագաղթենք: Ես կը հաւատամ, որ արտագաղթը լուծում չէ: Քաղաքացիութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը հիմքերն են: «Պէտք է մտածել, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի իր հողին տէրն է, իր հայրենիքին տէրն է եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ պիտի պահպանէ երկիրը», շեշտեց ան:

Լիբանանի Քաղաքական Խաւին Դէմ
Նիւթուած Արտաքին Դաւեր

Լիբանանի քաղաքական խաւին դէմ նիւթուած եւ այդ խաւին աշխատանքին վերջ դնելու նպատակով մշակուած ու գործադրուող արտաքին դաւերուն մասին հարցումի մը պատասխանելովերեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կան միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք գաղափարաբանական բոլոր կուսակցութիւններուն դէմ են եւ անոնց սկզբունքները հարուածելու նպատակ կը հետապնդեն:
«Այսօր աշխարհը այնպիսի տեղ մըն է, ուր կատուի մը հարցը կամ նիւթը կրնայ ընկերային ցանցերը ողողել, սակայն 5000 նահատակներու իրողութիւնը
ոչ: Այս «արժէքներուն» մասին է, որ կը խօսինք: «Արժէքներ», որոնք արտաքին ուժի մը կողմէ սկսած են հարուածել գաղափարաբանական բոլոր կուսակցութիւնները` Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք:

Լիբանանի մէջ ներկայիս այս մթնոլորտը կը տիրէ. անիկա կ՛արժանանայ արտաքին քաղաքականութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ համաշխարհային սիոնականութեան զօրակցութեան ու աջակցութեան: Տակաւի՛ն` գոյութիւն ունին «դրամի կէտ»-եր, որոնք կը հաւատան, որ ընկերութիւն մը հարուածելու ամէնէն դիւրին ձեւը անոր ընկերային կեանքն ու ընտանեկան սրբութիւնները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական աւանդները հարուածելն է:

Լիբանան այսօր այդ ուժերուն թիրախն է: Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւնները թիրախ դարձնելու ծրագիրը կայ այսօր, սակայն կ՛ուզեմ հարց տալ, թէ 17 հոկտեմբերի ժողովրդային շարժումի տղաքը ո՞ւր էին, «Բոլորը այսինքն բոլորը» կարգախօսով փողոց իջած տղաքը ո՞ւր էին, երբ Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակուեցաւ: Արդեօք Հարիրին ալ Լիբանանի քաղաքական խաւին մաս չի՞ կազմեր: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ ամերիկեան տոլարի արժէքը նուազեցաւ` անոր վարչապետ նշանակումով: Այս բոլորը հարցեր են, որոնք դժբախտաբար հանելուկի վերածուած են:
Երկու տարի ետք Լիբանանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է կայանան, պիտի տեսնենք, որ լիբանանցիները ի՛նչ համոզումներով պիտի առաջնորդուին», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց խոնարհելով Լիբանանի մէջ ինկած նահատակներուն յիշատակին: Ան շեշտեց, որ այդ նահատակները պետութեան անպատասխանատու կեցուածքներուն պատճառով ինկած են:

«Լիբանանի համար նահատակուած իւրաքանչիւր երիտասարդ նոր աւիւն էայս երկրին համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց քաղաքացի եղբայրներուն օժանդակեցին, նոյնիսկ գաւաթ մը ջուրով, որովհետեւ լիբանանեան իսկական համագործակցութիւնը եւ մարդկայնութիւնը այդ է: Շնորհակալութիւն բոլոր անյայտ զինուորներուն, սկսելով քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն, անցնելով հիւանդանոցներէն, բժիշկներէն, հիւանդապահներէն, եւ հասնելով մինչեւ կրթական մարզի աշխատողներ, արհեստաւորներ եւ հողագործներ: Լիբանանի մէջ կայ հոյակապ ժողովուրդ, սակայն կայ նաեւ ժողովուրդի խումբ մը, որ պէտք է պատասխանատու ըլլայ: Հայկական Ս. Ծննդեան նախօրեակին կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լիբանանցիներուն հայ կամ ոչ հայ, չկորսնցնելու իրենց յոյսը, Լիբանանի մէջ ընտրանքներ չունինք: Մեզի վիճակուած միակ ընտրութիւնը այս երկրին մէջ համերաշխութեամբ ապրիլն է, երկիրը պահպանելը, պաշտպանելը, որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները շարունակեն ապրիլ Լիբանանի մէջ:

Չենք կրնար ընկրկիլ, որովհետեւ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմը տեսած է, սով տեսած է, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վկայ է, 1958-ի պատերազմը ապրած է, պատերազմի տարիներ տեսած է: Ոչ ոք պէտք է կարենայ լիբանանցին ծունկի բերել, բացի եթէ ան որոշէ ծնրադիր դառնալ: Ես միայն Աստուծոյ դիմաց կրնամ ծունկի գալ: Իբրեւ պատերազմը ապրած, ռմբակոծում տեսած, արձակազինութիւն տեսած մարդ արարած բնաւ գետին չեմ առած, միշտ ոտքերուս վրայ մնացած եմ: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին, երբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը կը գտնուէինք բոլորս գետին առինք, եւ այդ իրողութիւնը ինծի համար մեծագոյն հարուածն էր: 25-30 տարուան պատերազմին ինչե՛ր կորսնցուցած եմ` դրամ, հարազատներ, ընկերներ, սակայն ծնրադիր չեղայ, իսկ այսօր կը մերժեմ, որ ոեւէ մէկը զիս կամ այլ քաղաքացի ծունկի բերէ: Ոչ ոք կրնայ լիբանանցին ծունկի բերել, բացի եթէ ան որոշէ ծնրադիր դառնալ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.