İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յոյսին Խաղաղութիւնը

… Որով ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ`
«խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու»
ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու:
Ղուկ. 1.78-79

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին մէջ ամէնէն աւելի շեշտուած գաղափարը խաղաղութեան կարիքն է: Հրեշտակներուն երգը«Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն», թէ՛ պատգամ է, թէ՛ մաղթանք, քանի որ մարդկութիւնը կը տառապի անխաղաղ վիճակներէ` «խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ»: Իսկ մեր փորձառութիւնները, մեր աշխարհին մէջ մեր «տեսածները» կը թելադրեն, որ յոյս չկայ այդ վիճակներէն դուրս գալու, վայելելու լոյսը եւ կեանքը:

Զաքարիա քահանանՅովհաննէս Մկրտիչին հայրը, իր որդիին ծնունդով եւ անուան հաստատումով կը բժշկուի իր պապանձումէն եւ կը վերստանայ խօսելու իր կարողութիւնը: Ան կը մարգարէանայ յիշելով Եսայի մարգարէին պատգամը, թէ«Խաւարի մէջ պտտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսայեայ 9.2): Անոր կեանքի ժամանակին մէջ խաղաղութիւնը կորսուած էր: Մարդիկ խաղաղութեան յոյսը կորսնցուցած էին, կ՛ապրէին գերի դարձած երկրի մը մէջ, «վարձկան» թագաւորներու խղճին աւելի անխղճութեան ենթակայ, ապրուստի դժուարութիւններով, ազատութեան կաշկանդումով, կեանքի անորոշութիւնով եւ անարդար անարգանքով: Անոր կեանքի որակը շատ տարբեր չէր մերինէն: Եւ ահա, այդ «խաւարին» մէջ էր, որ կու գար «լոյսին» պատգամը, Փրկիչին ծննդեան նախօրեակին: Իսկ այդ Սուրբ Ծնունդով «Ծագող արեգակը» վերէն այցելութեան կու գար տառապած եւ անյոյս մարդուն:

«Խաւարի եւ մահուան ստուերի» վիճակները այսօր դարձեալ հասած են մեզի: Պատերազմի մէջ պարտութենէն սկսեալ մինչեւ համավարակի սպառնալիքները կը ստեղծեն երկարող ստուեր մը, որուն ծայրը չենք կրնար տեսնել: Եւ այդ «խաւար» վիճակին մէջ կը սկսինք փնտռել «մեղաւոր» մը, որ պատճառ դարձաւ այդ վիճակին, որպէսզի այդ «մեղաւոր»-ին պատժուելով` քիչ մը «պաղի» մեր սիրտը: Սակայն պատիժները չեն, որ կրնան լուծել մեր վիճակներուն հարցերը: Ատոնք կը մնան, մինչեւ որ դարման գտնուի եւ վերացուին ատոնց պատճառները:

Խաղաղութիւնը խանգարող վերոյիշեալ բոլոր պատճառներուն հիմը մարդուն մեղքն է: Անարդարը, իր նման մարդը կեղեքողը, իշխանաւորի իր աթոռին կառչած, իր շահերուն համար իր ժողովուրդը պատանդ բռնած առաջնորդը, վիճակները չարաշահող վաճառականը ծանօթ են մեզի, մեր առօրեային մէջ: Հեռու չեն մեզմէ նաեւ անոնք, որոնք պէտք էր օգնէին մեզի որ կարենայինք դուրս գալ մեր այդ անյոյս վիճակէն, եւ չօգնեցին: Իսկ մենք, միշտ ալ «մեղք»-ը կը փնտռենք մեզմէ հեռու, ուրիշին մէջ, մինչդեռ մենք եւս մեղաւոր ենք նոյն «մեղք»-ով, քանի որ «մոմ մը իսկ չենք վառեր` խաւարը ցրուելու համար»: Կը խօսինք. չենք գործեր:

Գիտենք, թէ գործելու ենք: «Լոյս տալու» աստուածային հրաշքին երկրորդ մասը, Զաքարիայի տեսիլքին մէջ, այն է, թէ «մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու» նպատակով է որ եկած է լոյսը: «Ճշմարիտ լոյսը ան է, որ աշխարհ գալով` բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ… բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ», կ՛ըսէ աւետարանիչը (Յովհ. 1.9-10): «Լոյս»-ը եկած է, եւ զԱնիկա ճանչնալու, Անոր բերած խաղաղութեան ճամբուն մէջ քալելու պատասխանատուն ուրիշը չէ. մե՛նք ենք: Անոր գալովը կարելիութիւն ստացանք «խաղաղութեան ճամբան» տեսնելու, եւ ուրեմն պարտաւոր ենք խաղաղութիւն ընելու արդարութեամբ, հոգածութեամբ, խոնարհութեամբ, նուիրումով… սիրով:

Իսկական խաղաղութեան մեր յոյսը ուրիշը չէ. մե՛նք ենք: Բնաւ անտեղի չէ, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին ըսուածներուն մէջ«Անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ», կը շեշտէ հրեշտակը (Մատթ. 1.21): Մեղքէն փրկուելուն մէջ է խաղաղութեան գաղտնիքը: Աշխարհը իր մեղքով միշտ ալ անխաղաղ վիճակներ պիտի ստեղծէ: Մեր ընտրութիւնն է «խաւարին գործերուն» մասնակից ըլլալ կամ ցրուել խաւարը «Լոյս»-ին գալով, զԱյն ցոլացնելով: «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է Անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1.9), կը գրէ առաքեալը: Ասիկա է էական դարմանը, այլապէս մեր Փրկիչին յայտնութեան եւ Սուրբ Ծնունդին հաղորդ չենք դառնար: Իսկ Անոր հաղորդ դառնալով` մենք կը նորոգուինք յոյսով, մեր մէջ ընդունելով լոյսը, որ աշխարհ եկաւ, եւ կը լեցուինք անյաղթելի խաղաղութիւնով, բոլոր վիճակներուն դիմաց:

Աստուած ըրած է եւ կ՛ընէ Իր գործը, Ինքզինք յայտնած է Միածինին Սուրբ Ծնունդով: Այսօր եւս Ան մեզ կը հրաւիրէ ընելու մեր բաժինը` կեանքի եւ լոյսի աղբիւրէն խմելով դուրս գալու խաւարի եւ մահուան ստուերի վիճակէն, յոյսի խաղաղութեամբ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ` ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 2021


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.