İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սահմանագծման Նախկին Խորհրդային Ժառանգէն Անդին…

Ա. Ա.
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման այս արտառոց հոլովոյթը, որ ընթացք առած է խելայեղ վազքի մը ամբողջական տպաւորութեան տակ, առաւել ցոյց կու տայ Փաշինեանի իշխանախումբին ապիկարութիւնը եւ կացութեան վրայ ոչ մէկ հակակշիռ ունենալու անկարողութիւնը, որ ինքնին չափազանց վտանգաւոր էնկատի ունենալով Հայաստանի ընդհանուր իրավիճակը, ներքին անկայունութիւնը, Արցախի գոյատեւման դէմ ցցուած շատ լուրջ եւ իրական վտանգները, ու նաեւ Հայաստանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած գրեթէ անտարբերութեան հասնող մօտեցումը:

Միջազգային օրէնքին տրամադրութիւններըերկու անկախ պետութիւններու միջեւ սահմանագծման վերաբերեալ, շատ յստակօրէն կը ձեւակերպեն թէ՛ հոլովոյթները եւ թէ՛ այն ծիրն ու իրաւասութեան սահմանները, որոնց մէջ կարելի է իրաւականօրէն ընդունելի չափանիշներու օգտագործմամբ սահմանազատել եւ սահմանագծել պետական սահմանները, առանց թաղուելու տարակարծութիւններու եւ տագնապներու մէջ: Եւ անմիջապէս պէտք է շեշտել, որ պատերազմէն յաղթական դուրս գալու իրողութիւնը չի նշանակեր, որ Ազրպէյճան ամբողջական իրաւասութիւն ունի գալու եւ կանգնելու սահմանի տուեալ հատուածին վրայ եւ յայտարարելու, որ տարածքը իրն է, եւ հայկական կողմը պէտք է քաշուի: Ասիկա կատարելու իրաւական հիմք գոյութիւն չունի եւ միջպետական բանակցութիւններէ այլ կերպ չկայ, որպէսզի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագծումը օրինական հիմքի վրայ դրուի:

Բնականաբար այս զարգացումներուն լոյսին տակ դարձեալ երեւան կու գար իրաւական (տէ ժիւրէ) պատկերը երկու պետութիւններու միջեւ սահմանագիծին: Իսկ նախկին Խորհրդային Միութեան ոչ մէկ օրէնք կար, որ ամրագրած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Նոյն իրավիճակը գոյութիւն ունէր նաեւ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Փաստօրէն Թիֆլիս եւ Պաքու, թէեւ թաքնուած, սակայն ունին խոր տարակարծութիւններ, օրինակի համար վեցերորդ դարուն կառուցուած վրացական Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին շրջանին պատկանելիութեան շուրջ եւ ազրպէյճանավրացական միջպետական յանձնաժողովը 1991-էն ի վեր չէ յաջողած լուծել այս խնդիրը: Տարակարծութիւնները այնքան սրած էին, որ եօթը հոկտեմբերին Վրաստանի ընդհանուր դատախազութեան գրասենեակը կը ձերբակալէր բանակցութիւններ վարող յանձնաժողովի անդամներէնԻվերի Մելաշվիլին եւ Նաթալիա Իլիչովան, որովհետեւ երեւան կու գար, որ անոնք համաձայն գտնուած էին, որ ազրպէյճանցիները սահմանագծման աշխատանքներուն համար իբրեւ վաւերական փաստաթուղթ ներկայացնեն 1970-ին գծուած քարտէս մը, որուն հիմամբ ալ Վրաստան շուրջ 3500 հեկտար տարածք կը կորսնցնէր: Աւելի ուշ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ձեռք կը ձգէր 1936-ի քարտէս մը, որուն մէջ վրացական կորսուած տարածքները հաստատապէս կը պատկանէին Վրաստանի: Այս քարտէսին տիրացած էր վրացի գործարար Դաւիթ Խիտաշեվիլի Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան մէկ աշխատակիցին օժանդակութեամբ…

Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագծման այս թոհուբոհը առաւել հասկնալու համար կանգ պէտք է առնել սահմանամերձ շրջաններուն պարզած իրավիճակին վրայ: Հայաստան Ազրպէյճանի հետ սահմանին ամբողջ երկայնքին 42 գիւղ ունի: Իսկ Ազրպէյճան24: Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կողմէ ալ Հայաստան ունի տասներկու, իսկ Ազրպէյճան ութ գիւղ, որոնք սահմանամերձ են եւ որոնց պարագային խնդիրներ կրնան ծագիլ նոր սահմանագծման ընթացքին: Նախիջեւանի կողմէ Հայաստանի Արարատի մարզի Տիգրանաշէն համայնքը մայիս 1992-էն ի վեր մաս կը կազմէ Արարատի մարզին, եւ այս տասնինը քառակուսի քիլոմեթր տարածքը ազրպէյճանցիներուն համար Քարքի համայնքն է, եւ որ կրնայ կորսուիլ, եթէ սահմանագծման աշխատանքները նոյն ոճով եւ մօտեցմամբ շարունակուին: Այսինքն ազրպէյճանական կողմը շարունակէ պատերազմը յաղթողի հոգեբանութեամբ պահանջներ դնել, եւ արդիւնքը յստակ է, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Եւ այն, ինչ որ կատարուեցաւ Սիւնիքի մարզին մէջ, կրնայ կրկնուիլ Արարատի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ: Եւ հոս է, որ կը ծագի հարցում մը: Հայաստանի պատկանող Արծուաշէնը ուրեմն այս տրամաբանութեամբ պէտք է վերադարձուի հայկական տիրապետութեան: Գեղարքունիքի մարզի Արծուաշէնը գրաւուած եւ վերածուած է Պաշքենթի: Շուրջ քառասուն քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հայկական տարածքը վերադարձնելու մասին ցարդ ոչ մէկ խօսք կայ, եւ որ յաւելեալ պատճառ մըն է կասկածներ յարուցելու, թէ սահմանագծման այս անկանոն իրավիճակին մէջ ո՞վ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ:

Երկու պետութիւններու միջեւ սահմանագծման վերաբերեալ միջազգային օրէնքին համաձայն, միայն միջպետական բանակցութիւններու ճամբով խնդիրները պէտք է լուծուին, եւ որոնք եթէ անկարելի ըլլան հասարակ յայտարարի մը հասցնել, միջազգային իրաւարարութեամբ միայն կարելի է հարցին լուծում բերել: Այլապէս ո՛չ ներքին խորհրդարանական օրէնքները, ո՛չ ալ պետական ինքնուրոյն եւ միակողմանի քայլերը իրաւասու են միջպետական սահմաններու որոշման ծրագրերուն մէջ: Այս իմաստով ալ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 2010-ին հաստատուած վարչատարածքային բաժանումներու մասին օրէնքը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագծման հիմք ըլլալու իրաւական ոչ մէկ ուժ ունի, նոյնիսկ եթէ Փաշինեան յղում կատարէ անոր եզրերուն: Ասիկա աւելի քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ, որովհետեւ Փաշինեան կ՛ուզէ ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ այդ օրերուն Հանրապետական, ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնները արդէն իսկ ընդունած են, որ, օրինակի համար, Լաչինը ազրպէյճանական տարածք է, իսկ Սոթքի հանքին կէսն ալ Ազրպէյճանի կը պատկանի: Թէ այդ օրերուն նման եզրերու գործածութիւնը որքա՞ն ճիշդ էր, կարելի է տարբեր տեսակէտներ ունենալ, բայց, ինչպէս միջազգային օրէնսգէտ Արա Խզմալեան կը բացատրէ, խորհրդարանական օրինագիծը կը վերաբերի միայն այդ խորհրդարանին եւ չի կրնար միջպետական սահմանագծման հիմք ծառայել: Հոս է, որ Փաշինեանի մօտեցումը դարձեալ հարցականներու դուռ կը բանայ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.