İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Կրօնի Ու Գիտութեան Ներդաշնակ Գործակցութիւնը Մեծապէս Պիտի Նպաստէ Մարդկային Քաղաքակրթութեան Զարգացման» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եզրափակեց կաթողիկոսարանի Հայագիտական բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ գիտութիւն» նիւթով, չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:

Ներածական իր խօսքին մէջ վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններովյիշելով, որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ կրօնը կը յենի հաւատքին, իսկ գիտութիւնը փաստին: Կրօնի պարագային հաւատքը առանցքային դեր ունի, իսկ գիտութեան պարագային` բանականութիւնը: Այս երկու տարբեր մօտեցումները երբեմն իրարու կը բախին, երբեմն զիրար կ՛ամբողջացնեն, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց, թէ կրօնի քննարկումի աղբիւրը եւ շրջագիծը յայտնութիւնն է, իսկ գիտութեան տեսանելի եւ շօշափելի իրը, դէպքն ու իրականութիւնը: Կրօնի յայտնութեան աղբիւրը, քրիստոնէութեան պարագային, եկեղեցւոյ աւանդութիւնն է եւ Աստուածաշունչը: Այս կէտին շուրջ, վեհափառ հայրապետը բաղդատական մը կատարեց Աստուածաշունչի եւ Գուրանի միջեւ, որոնք բոլորովին տարբեր ըմբռնումներով նկատուած են իբրեւ յայտնութեան ու հաւատքի աղբիւր` առաջինը քրիստոնէութեան եւ երկրորդը իսլամութեան կողմէ: Քրիստոնէութեան պարագային յայտնութեան տուեալներու եւ հաւատքի մօտեցման առընթեր նաեւ բանականութիւնը իր կարեւոր դերը ունի: Իսլամութեան պարագային բանականութեան դերը նուազ է: Գիտութեան պարագային հաւատքը փաստօրէն դեր չունի:

Վեհափառ հայրապետըպատմութեան անդրադառնալով, ըսաւ, թէ բանականութիւն ու հաւատք յաճախ բախումի մէջ եղած են եւ օրինակները բազմաթիւ են (օրինակ Կալիլէն, Դիար Տը Շէրտէն եւ ուրիշներ), որոնք բանականութեան կարեւորութիւնը շեշտելով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարցականի տակ առած են Աստուածաշնչական կարգ մը աւանդապահ ուսուցումները: Սակայն, իսլամութեան պարագային Գուրանի մեկնաբանութեան գծով բանականութեան բացակայութիւնը յաճախ յառաջացուցած է ընկերային հարցեր ու չարիքներ: Այս երեւոյթը նաեւ նշմարելի է ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, յատկապէս միաստուածեան կրօններու պարագային: Հաւատքը առանց բանականութեան օժանդակութեան կրնայ անորոշութեան առաջնորդել, իսկ բանականութիւնը առանց հաւատքի կրնայ մարդը հեռացնել իր ինքնահասկացողութենէն, իբրեւ աստուածաստեղծ գոյութիւն: «Հետեւաբար, բանականութիւն ու հաւատք զիրար պէտք է ամբողջացնեն ու հարստացնեն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ անցնող դարերու կրօնի ու գիտութեան պայքարը անհրաժեշտ է, որ փոխուի գործակցութեան: Մարդկային մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը զարգանայ երբ կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց մօտեցման, գործունէութեան ու նպատակի իւրայատկութիւնները պահելով հանդերձ, սերտօրէն գործակցին, շեշտեց ան: Ապա, իբրեւ շօշափելի օրինակ եւ ներկայ ժամանակներու ընկերութիւնը տագնապեցնող հարց, Արամ Ա. շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն անգլերէն լեզուով լոյս ընծայուելիք իր գիրքին մէջ առաջարկած է, որ աստուածաբաններու, քիմիագէտներու եւ բժիշկներու մասնակցութեամբ գիտաժողովներ տեղի ունենան, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր հայեցակէտերով քննարկել ժահրերու ծագումը եւ գործունէութիւնը տիեզերքի գոյաւորման ու կազմաւորման ծիրին մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.