İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մխիթարեան Ճանչցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Դեկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Հռոմեան կազմին պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, 31 տարեկան Մխիթարեան ապահովեց ամէնէն շատ քուէները:

Նշենք, որ ան 25 դեկտեմբեր 2020-ին ընտրուած էր Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` 10-րդ անգամ ըլլալով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.