İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Համար»

Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէսմեր ժողովուրդին համար: Արդարեւ, «Քորոնա» ժահրին ու տնտեսական տագնապին առընթեր, Արցախի պատերազմը իր պատճառած հողային կորուստով ու քանդումներով, զոհերով ու վիրաւորներով խոր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ: Վտանգուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ նոյնիսկ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:

Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ճգնաժամային այս կացութեան դիմաց ճիշդ չէ՛ անտարբեր մնալ. ճիշդ չէ՛ նաեւ յուսալքութեան տակ ընկճուած մնալ. Ճիշդ չէ՛ մանաւանդ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակին գերին դառնալ:

Արդ, անհրաժեշտ է, իբրեւ անհատ թէ ազգ, մեր հաւատքը ամրացնել, մեր յոյսը ամրապնդել, մեր կամքը զօրացնել եւ դուրս գալ մեր ներուժը ջլատող ու մեզ դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ անորոշ վիճակէն: Հայաստանի ու Արցախի մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներքին բեւեռացումները ծաւալող ու անկայունութիւնը խորացնող քայլերէ, եւ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով շաղախուած նոր էջ մը բանալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ա՛յս է ներկայ պահի հրամայականը:

Արդարեւ, ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ կարելի չէ մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել ու մեր կեանքի բնական ընթացքը շարունակել: Մեր ժողովուրդը հաշուետուութիւն կը պահանջէ: Հայրենիքին տէրը անձերէն ու իշխանութիւններէն առաջ ու վեր` ժողովո՛ւրդն է. անոր ճակատագիրը, ներկան ու ապագան ճշդողը դարձեալ ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը կը մերժէ ներսէն թէ դուրսէն պարտադրուած որեւէ որոշում կամ համաձայնագիր, որ կը վտանգէ իր գոյութեան ու ինքնութեան հիմերը, իր հայրենիքին անկախութիւնը: Մեր սուրբերու աղօթքով ու նահատակներու արիւնով թրծուած Արցախի ու Հայաստանի հողերը, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը չեն կրնար քաղաքական սակարկութեան եւ աշխարհաքաղաքական շահերու զոհը դառնալ:

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը իր վերանկախացած հայրենիքով, իր վիրաւոր բայց կանգուն Արցախով, իր հզօր սփիւռքով «ո՛չ» կ’ըսէ պարտուողականութեան ու յուսահատութեան: Մենք յաղթանակի ժողովուրդ ենք. մենք Քրիստոսի հաւատքով զօրացած, խաչով յարութիւն կերտած ու կերտող ժողովուրդ ենք:

Հետեւաբար, սուգի քողը թող վերնայ մեր կեանքէն եւ մեր նահատակներու արիւնով շաղախուած յոյսի ու սիրոյ ծիածանը թող կամար կապէ հայ կեանքի երկինքին վրայ: Սուգի թափօրին փոխարէն մենք կոչուած ենք յաղթանակի երթ կազմակերպելու եւ քալելու յառաջ կողք-կողքի, սիրտ-սրտի` հայրենիքը իր գերագոյն արժէքներով ու ձգտումներով դաւանելով ամէն բանէ վեր, մեր ազգին անբեկանելի իրաւունքները նկատելով մեր կեանքին առանցքն ու նպատակը: Հայ ազգը այլ ճանապարհ չունի:

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, աղօթենք միասին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող Նոր տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը: Թող Աստուած մեր բանակի նահատակ հերոսներուն երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ, վիրաւորներուն եւ բոլոր հիւանդներունշուտափոյթ ապաքինում, սգաւոր ընտանիքներուն մխիթարութիւն, Հայաստանին ու Արցախինապահովութիւն եւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն:

Շնորհաւոր Նոր տարի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար 2021
Անթիլիաս, Լիբանան


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.