İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱԼԷՊ-2020

Մանուէլ Քէշիշեան

Հիմա երբ կը վերջանայ տարին, շատ յոյս չունինք, թէ գալիք տարին աւելի լաւը պիտի ըլլայ:

Կը յիշէ՞ք ինչ մեծ յոյսերով եւ լաւատեսութեամբ դիմաւորեցինք անցեալ տարին: Այդ յոյսը մեզի հալէպցիներուս համար կու գար նախ եւ առաջ Հայաստանէն, որուն ոչ միայն ապագային կը հաւատայինք, այլ ներկայով կ’ոգեւորուէինք: Մեզմէ շատեր իրենց ապագան Հայաստանի մէջ կը տեսնէին:

Հալէպի մէջ թէեւ ամէն ինչ սուղ էր (հիմա աւելի սուղ է), կեանքը շատ դժուար էր, բայց մարդիկ կը յուսային, որ աւելի լլաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ: Ճիշդ է, մեր թիւը շատ նօսրացած էր, բայց մեր հաւաքական կեանքը լաւ վիճակի մէջ էր. չմոռնանք որ Հալէպի մէջ ունինք մշտական գործող երկու երգչախումբ՝ Հ.Բ.Ը. Միութեան Հ.Ե.Ը.ի «Սպենդիարեան»ն ու Համազգայինի «Զուարթնոց»ը, այս միութիւնները ունին նաեւ պարախումբ, երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ: Թատերախումբ եւ պարախումբ ունի նաեւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ձգտելով ետ բերել իր փառքի օրերը, թատերական իր խումբին կողքին կ’աշխատի ունենալ պարախումբ եւ երաժշտական դպրոց: Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը ունի նաեւ 22 հոգիանոց «Կոմիտաս» Սենեկային նուագախումբը: Համազգային ու Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը ունին նաեւ իրենց թատերախումբերը, որոնք նոյնիսկ Սուրիոյ տագնապի տարիներուն բեմ ելան, Հ.Ե.Ը.ի «Ադամեան»ը 2019ի Հոկտեմբերին նոյնիսկ հիւրախաղով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ, իսկ 2020-ի սկիզբը աննախընթաց Ծիծաղի երեկոներով մեծ ուրախութիւն պատճառեց ամբողջ հալէպահայութեան: Միւս միութիւններն ալ ձեռնածալ չեն մնար, անպայման կը փորձեն հրապարակային ելոյթներ ունենալ, արուեստի երեկոներ կազմակերպել… եւայլն, եւայլն: Մեր գաղութի մարզական շարժումն ալ եթէ ոչ բարւոք, ապա ընդունելի խումբեր ունի, լողի մէջ մեր խումբերն են երկրի մակարդակով աչքի զարնողները, եթէ առաջ մեր ֆութպոլի խումբերն էին երկրին ախոյեանները, ապա հիմա նկատելի դիրքերու վրայ են Հ.Ե.Ը.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթպոլիսթները, թէեւ պէտք է ընդունինք, որ պիտի նահանջենք, որովհետեւ մարզական խումբեր պահելը անչափ դժուարացաւ, նկատի առնելով որ տեղական խումբերը մեծ գումարներ կը վճարեն իրենց խաղցողներուն եւ մենք չենք կրնար քայլ պահել անոնց հետ, տակաւին յոյս կը դնենք մեր խաղցողներուն ազգասիրական եւ միութենական հոգւոյն վրայ, բան մը , որ չի կրնար յաւերժ տեւել եւ նիւթական կարիքը արդէն իսկ կը ստիպէ մեր լաւ խաղացողներուն հեռանալ մեր խումբերէն եւ մաս կազմել օտար խումբերու…

Մեր դպրոցներու վիճակն ալ լաւ է, ճիշդ է, Ազգային չորս դպրոցները արդէն քանի մը տարիէ ի վեր դարձած են մէկ՝ Միացեալ Վարժարան, ճիշդ է, մեր դպրոցներէն քանի մը հատը նիւթականի պատճառաւ ստիպուած են ոչ-հայ աշակերտներ ալ ընդունիլ, մեր նախկին հսկայ դպրոցներէն երկուքին աշակերտներուն թիւը նախկին բազմահարիւրի փոխարէն տասնեակներու մէջ կը պարբակուի, բայց եւ այնպէս կը շարունակենք դիմանալ, շնորհիւ արտերկրի մեր բարեսիրական եւ շրջանաւարտից միութիւններէն եկած օգնութիւններուն: Մեր աշակերտներուն մեծ մասը ո՛չ միայն կրթաթոշակ չի կրնար վճարել այլ նաեւ կարողութիւն չունի գրենական պիտոյք գնելու:

Մեզի համար հպարտալի է Համազգայինի 25 տարիէ ի վեր գործող Հայագիտական հիմնարկը, որ հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստող հաստատութիւն մըն է:

Եթէ հաւաքական կեանքը դեռ քանի մը ամիս առաջ բարւոք կարելի էր սեպել, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել մեր իւաքանչիւրի անհատական կեանքին մասին: Սղութիւնը կ’ուռճանայ ո՛չ թէ ամիսէ ամիս, ո՛չ թէ շաբաթէ շաբաթ, այլ ժամէ ժամ…

Գորոնան եկաւ աւելի եւս սրելու մեր վիճակին անտանելիութիւնը: Նախ մեր հաւաքական կեանքը կանգ առաւ, դադրեցան մշակութային մեր գործունէութիւնները, դպրոցները փակեցին իրենց դռները, անգործութիւնը տիրեց քաղաքին վրայ: Պիտի ըսէք, ամբողջ երկրագունդը նոյն դրութեան մէջ ինկաւ. Ճի՛շդ է, բայց մեր վիճակը ողբերգականի հասաւ: Պատերազմին յաջորդող ամերիկեան «Կեսար»ի պատժական օրէնքը որ կը տարածուի նաեւ Սուրիոյ հետ համագործակցողներուն վրայ, ամբողջովին անդամալուծեց մեզ: Պակսեցան եւ չափազանց սուղցան դեղերը, Երկիրը զրկուած է իր հսութաբեր միջոցներէն, փաստօրէն մասնատուած երկրին հարստութիւնները պետութեան չեն պատկանիր, նաւթը քրտական եւ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիին մէջ կը գտնուի, նոյնպէս եւ բամպակն ու ցորենը, ձէթը մերը չէ, Հալէպի ճարտարարուեստական կեդրոնը քանդուած կամ կողոպտուած է, սուրիական լիրան քանի մը անգամ իր արժէքէն նուազ կ’արժէ, տագնապէն առաջ 600 տոլարի համարժէք ամսական աշխատավարձ ստացողը այս օրերուն լիրայով երկու երեք անգամ աւելի աշխատավարձ կը ստանայ, որ սակայն 20-30 տոլարի կը համապատասխանէ եւ նոյնքան ալ գնողական արժէք ունի: Պատկերացուցի՞ք:

Գորոնան Յունիս-Յուլիս ամիսներուն մեր գաղութէն խլեզ երեւելի դէմքեր եւ ահ ու սարսափ տարածեց: Բարեբախտաբար շուտով ընկրկեցաւ եւ մեզմէ շատեր չգիտցան ալ վարակուեցա՞ն այս ժահրով, թէ՞ չէ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ այս հիւանդութիւնը յայտնաբերող քննութիւններ գրեթէ չկային, հիմա կան քանի մը կեդրոններ ուր միայն ճամբորդողները կը քննուին, այն ալ ստիպողաբար, այնքան որ սուղ է քննութիւնը մեզի համար՝ 125000 սուրիական լիրա որ համազօր է 40-45 տոլարի, պաշտօնեային մոտաւորապէս երկու ամսական աշատավարձը: Հոս պէտք է նշել, որ եթէ ուզենք երկրէն դուրս ելլել ապա գրեթէ մեր բոլորին ճամբորդական ծախսերը դուրսի մեր հարազատները կը յոգան: Սկիզբը անյարմար կը սեպէինք, ամօթ կը զգայինք, բայց կամաց կամաց վարժուեցանք, ինչպէս որ վարժուեցանք ամէն տեսակ օգնութիւն ստանալու, արդէն բնական դարձաւ հոս հոն ձեռք բանալու, օգնութիւն խնդրելու, պահանջելու, պոռչտալու, կռիւով օգնութեան տիրանալու.

-Ինչու ձեր գրպանէն կու տա՞ք,- ըսելու:

Գորոնայի օրերուն զգալի օգնութիւն ցուցաբերեցին «Հայաստան» հիմնադրամն ու Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այն Հայաստանի, որ աւա՜ղ, շատ շուտով ինք պէտք պիտի ունենար իւրաքանչիւր հայի ամէն մէկ լումային…

Հազարաւոր ընտանիքներ օգնութիւն կը ստանան, հազարաւո՞ր, չէ՞ որ ընդամէնը տաս հազար հայութիւն կայ, կամ չկայ Հալէպի մէջ: Երկու թիւերն ալ ճիշդ են, պարզապէս մեր ընտանիքներուն մեծ մասը մէկ կամ երկու հոգիէ կը բաղկանայ, այդ ալ մեծամասնութեան հասուն տարիքի մարդիկ: Իսկ երիտասարդները՞. անոնք կարգով կ’երթան, համալսարանաւարտներուն մեծ մասը առանց վկայական առնելու կը հեռանան երկրէն, որովհետեւ զինուորութիւն չըրած վկայական չեն կնար ստանալ: Իսկ զինուորութիւնը…

Քանի մը օր առաջ երիտասարդ երկու եղբայրներու հանդիպեցայ, նախկին աշակերտներէս: Մէկը համալսարանի վերջին տարին էր,

-Ի՞նչ կը ծրագրես ընել…

-Րամուսէի կարաժ պիտի երթամ,- պատասխանեց:

Բամուսէի կարաժը ճամբորդական կայան է: Այսինքն երկրէն պիտի հեռանայ ինչպէս իր ընկերներուն մեծ մասը:

-Ինչո՞ւ:

-Հապա ինծի պէս զինուո՞ր թող դառնայ,- պատասխանեց եղբայրը ու շարունակեց.- Ութը տարիէ զինուոր եմ, չեմ ալ գիտեր երբ պիտի վերջացնեմ ծառայութիւնս.. ի՞նչ պիտի ընեմ, տարիքս 28-30 պիտի ըլլայ, ո՛չ արհեստ ունիմ, ո՛չ ալ ուսում առած եմ:

-Ո՞ւր պիտի երթաս,- հարցուցի.- Հայաստան գնա՛:

-Է՜հ, երանի,-ըսաւ:

Այս «երանի»ին մէջ մեր ազգի ամբողջ ողբերգութիւնը կայ: Ո՛չ մէկս կ’ուզենք հաշտուիլ իրականութեան հետ: Բոլորիս չար երազ կը թուի Արցախեան ողբերգութիւնը, ո՛չ մէկս կ’ընդունի որ հազարաւոր երիտասարդներ պիտի չվերադառնան այլեւս, ո՛չ մէկը կը հաւատայ որ մեր կորուսեալ հողերը մերը չեն այլեւս… Դուք կը հաւատա՞ք, կրնա՞ք հաշտուիլ եղած.. եղած ինչի՞ն, ես չեմ կրնար այս ամէնը բնորոշող ածական մը գտնել…

Ու հիմա կ’ապրինք, կ’ապրինք որոշելով չկքիլ…
ոմանք կ’ուզեն երես թեքել հայութենէն.

-Երանի հնդիկ ըլլայի, կամ , կամ… միայն թէ հայ չըլլայի:

Այս երեւոյթը համայն հայութեան կը վերաբերի, իսկ հալէպահայե՞րս: Մենք ալ կ’ապրինք, բայց…. մեր Ճշգրիտ պատկերը տալու համար եկէք հարցնենք:

-Ինչպէ՞ս էք:

-Կ’ապրինք… մի՛ մոռնաք որ անասուններն ալ կ’ապրին:

Այո՛, իբր թէ կ’պրինք, բայց մերը շատ հեռու է մարդկային կեանքի նմանելէ… Սեպտեմբերին դպրոցները կրկին բացին իրենց դռները սակայն միութիւնները չվերսկսան իրենց մշակութային գործունէութիւնը: Գորոնան ամէն ինչ տարտղնած էր: Հիմա կը սպասենք Նոր տարուան, կը սպասենք որ Կաղանդի գիշերը գայ եւ անցնի, որովհետեւ անիկա ուրախութիւն պիտի չպատճառէ մեզի, ամէն տարուայ պէս կարօտը կրկին պիտի խեղդէ մեզ, մեր հեռաւոր բազմաթիւ հարազատներու կարօտին պիտի աւելնայ նաեւ Արցախի նահատակ մեր երեք հալէպահայերուն բացակայութեան ցաւը: Անոնց հետ մեր սեղաններուն շուրջ ներկայ պիտի ըլլան նաեւ .-ճշմարիտ կ’ըսեմ- մեր բոլոր զոհերն ու բոլոր սգակիրները:

Ամբողջ յօդուածը մահուան մասին էր կարծէք, իսկ ծնո՞ւնդ: Չունեցա՞նք ծնունդ:

Այս տարեվերջին Հալէպի Նպաստից յանձնախումբը նուէրներ բաշխեց 2019-2020 թուականներուն ծնած 135 մանուկի: Փոքր է թիւը: Այո՛, քիչ են ծնունդները, տարուէ տարի աւելի կը նուազին բայց կը ծնին ու կեանք կը խորհրդանշեն՝ հայ կեանքի յարատեւոթիւնը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 30 Դեկտեմբեր 2020


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.