İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կարելի Է Սխալիլ, Սակայն Կարելի Չէ Հայրենիք Յանձնել» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Կիրակի, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերէն հարցազրոյց մը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Հիմնական երեք ենթաբաժիններով Յ. Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն մասին: Ստորեւհարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ընդհանուր ակնարկով անդրադառնանք լիբանանեան կեանքին, ներկան ի՞նչ պատկեր կը պարզէ եւ ապագայի ի՞նչ սպասումներ կան:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Անկեղծօրէն, տարեփակի այս հանդիպումիս պիտի չփափաքէի խօսիլ ժխտական երեւոյթներու մասին, սակայն, վերջին հաշուով, կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որ տարիներէ ի վեր արդէն տագնապէ տագնապ մղած է ինքզինք եւ մղուած է ուրիշներու կողմէ, եւ այսօր կը գտնուինք փուլի մը մէջ, երբ կը նմանինք կերպասի մը, որուն ամէն կողմը կարկտան է, եւ եթէ իսկապէս վարպետ դերձակ չըլլայ, կարկտան կերպասը փոշիի պիտի վերածուի: Կարգախօս ըլլալով հանդերձ, մտահան պէտք չէ ընել այն ըմբռնողութիւնը, որ Լիբանան փիւնիկի նման վերստին կը բարձրանայ մոխիրներէն: Դժբախտաբար, «Քորոնա»-ի համաճարակէն առաջ արդէն, տարիներէ ի վեր Լիբանան գահավէժ ընթացքի մէջ էր
թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային, եւ թէ՛ ելեւմտական իմաստով, եւ այդ կացութիւնը երկրին մէջ օրէ օր կը ստեղծէր այնպիսի վիճակ, որ վաղ թէ ուշ անպայման բան մը պէտք է պատահի, որ երկիրը փրկէ իր այս վիճակէն: Ուրախ էինք, որ 17 հոկտեմբեր 2019-ին այդ բանը կամ նման բան մը որոշ յոյս ներշնչեց բոլորիս: Դժբախտաբար, իր լրումին չհասաւ այն ձգտումը, որ կարերկիրը դուրս բերելու փտածութեան, գողութեան, քաղաքական հաշիւներէն, համայնքային եւ յարանուանական շատ նեղ հաշիւներէն, պատասխանատուութեան կանչելու երկիրը եւ պետութիւնը շահագործող, երկիրը իրենց ագարակը կարծող մարդոցմէ, այդ ալ մեր համայնքային դրութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական շատ սուր եւ խոր տարակարծութիւններու իբրեւ հետեւանք, նաեւ, որովհետեւ այդ ժողովուրդը, որ փողոց իջաւ պահանջելու հիմնական փոփոխութիւն, չկրցաւ մէկ նիւթի վրայ կեդրոնանալ: Կացութիւնը շարունակուեցաւ կառավարութեան հրաժարականով, նոր կառավարութեան կազմութեամբ, որմէ ետք վրայ հասաւ «Քորոնա» ժահրը, տնտեսական տագնապը առաւել եւս վատթարացաւ, «Քորոնա»-ի համաճարակը աւելի սաստկացաւ, Հասսան Տիապի կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց, եւ կարծէք ցաւը բաւարար չէր, նաւահանգիստի պայթումը, զոր ես կը նախընտրեմ ոճիր կոչել, պատահեցաւ: Կառավարութիւնը հրաժարեցաւ, Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ եւ ան մինչեւ այսօր չկրցաւ կառավարութիւն կազմել ու այս օրերուն պիտի մեկնի Փարիզ ընտանեկան այցելութեան:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսինքն Նոր տարիէն առաջ կառավարութեան կազմութիւնը դժուար է:
Յ. Բ.- Բոլոր լաւատեսական մեր ձգտումներուն հակառակ, իրատեսութիւնը մեր կեանքին մէջ աւելի կարեւոր է: Ես նոյնիսկ չէի հաւատացած այն յայտարարութեան, զոր վերջին անգամ նշանակեալ վարչապետը կատարեց, երբ նախագահական պալատ գնացըսելով, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նուէր պիտի ընենք ժողովուրդին, շրջապատիս ըսի, որ հաւանաբար հայկական Ս. Ծննդեան մասին է խօսքը: Նախորդ կառավարութեան պարագան ալ նոյնն էր, Հասսան Տիապ դեկտեմբերին խոստացած էր, սակայն կառավարութիւնը կազմուեցաւ յունուար 19-ին: Ամէն պարագայի հիմնականը կառավարութեան կազմութիւնն է, սակայն, անկեղծ ըլլանք մեր ժողովուրդին հետ ու ըսենք, որ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապել նոր կառավարութեան, չկարծենք, որ անիկա եթէ կազմուի, յաջորդ առաւօտ լիբանանցի քաղաքացին շատ հանգիստ պիտի ապրի, իր ունեցած նիւթական պահեստը պիտի կարենայ առնել դրամատուներէն, գիները սովորական պիտի ըլլան, տոլարին արժէքը պիտի վերադառնայ 1500 լ. ոսկի: Այդպէս չէ: Բոլոր լիբանանցիներուն եւ մեր հայրենակիցներուն պէտք է ըսենք, որ 2019-ի նախորդող ժամանակաշրջանը աւարտած է մեզի համար, գէթ յառաջիկայ 3-4 տարիներուն համար: Դժբախտաբար այսպէս կը խօսիմ Նոր տարուան նախօրէին, բայց իրականութիւնը այս է, եւ ասիկա գիտնալով է, որ մենք պէտք է մենք մեզ կազմակերպենք, եւ ոչ թէ միշտ պատասխանատուութիւնը ուրիշին ուսերուն բեռցնելով եւ լուծումները ուրիշներէ ակնկալելով: Լուծումը մենք ենք իբրեւ ժողովուրդ, մենք ենք իբրեւ լիբանանցի ժողովուրդին մաս կազմող հաւաքականութիւն, համայնք, կուսակցութիւն եւ կուսակցութիւններ, ամբողջութիւն. ուստի, հաւաքաբար այս դժուարութիւններուն դէմ յանդիման կանգնելով պէտք է կարենանք նաեւ հաւաքական համապատասխան լուծումներ գտնելմիաժամանակ գիտակցելով, որ անցեալի կարողութիւնները չունինք, որ անցեալին եթէ սփիւռքի հայութիւնը կարող էր օգտակար ըլլալ, ինք եւս այսօր դժուարութեան մէջ է, հակառակ անոր որ այս տարուան ընթացքին իսկապէս մեզի համար կորովի գագաթնակէտն էր, երբ սփիւռքը, նոյնիսկ առանց դիմումի զօրակցեցաւ Լիբանանի հայութեան:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լիբանանահայութիւնը անմասն չէ նաեւ տնտեսական այս տագնապէն: Դուք այս մէկ տարուան ընթացքին ի՞նչ ծրագիրներու դիմեցիք, որպէսզի օժանդակէք եւ գէթ նեցուկ կանգնիք հայ քաղաքացիին, որ նաեւ բաւական տագնապալի կացութեան մէջ է այս օրերուն:
Յ. Բ.- Ընդհանրապէս մեր աւանդութեան մէջ չենք ուզած ծառայողական նիւթին մասին խօսիլ, սակայն, դժբախտաբար, որովհետեւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանները, ընկերային ցանցերը ամէնօրեայ դրութեամբ աման մը բրինձ բաժնողին մասին յայտագիրներ կը պատրաստեն, 200 հազար լ. ոսկի նուիրողին վերաբերող տեսագրութիւն կը ներկայացնեն, կ՛ենթադրեմ, որ նաեւ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է եւ մեր պատասխանատուութիւնն է մեր ժողովուրդին բացատրել, թէ ի՛նչ ըրինք, անկախ այն իրողութենէն, որ միշտ ալ դժգոհողներ պիտի ըլլան, որովհետեւ կ՛ըսեմ, այդ ալ ցաւով, որ մեր ժողովուրդի բարոյական ըմբռնողութեան մէջ տեղ մը նահանջ արձանագրուած է: Ես վախ ունիմ, որ, եթէ այսպէս շարունակուի, յուսամ
ոչ, մենք պիտի կորսնցնենք մեր ժողովրդային այդ կամքը, երբ կ՛ըսէին հայը մուրացկան չէ եւ ձեռքը չ՛երկարեր: Այսօր ահաւոր դժուար են օրերը, ասիկա շատ լաւ կը հասկնանք, բայց մէկ բան պէտք է նաեւ գիտնալ, որ շատ վատ վիճակի մէջ եղողին պիտի օգնէ նուազ վատ վիճակի մէջ եղողըառանց աչքը դնելու իր դրացիին ունեցածին կամ ստացածին վրայ, պարզապէս որովհետեւ ատիկա ձրի եկած է: Իսկութեան մէջ այդ եկածները ձրի չեն եկած, այլ ճակտի քրտինքով, մարդոցմէ կատարուած հանգանակութիւններով կամ անոնց դժուար վաստկած ունեցածէն բաժինով մը գոյացած են:
Ըսեմ, որ ժողովուրդի ծառայութիւն մատուցելը նորութիւն չէ, նորութիւնը գործին հսկայ տարողութիւնն է: Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, մեր միութիւնները, դպրոցները, ազգային մեր կառոյցները, Ազգային առաջնորդարանը, միւս համայնքները եւ այլ կառոյցներ միշտ ալ մեր ժողովուրդին օժանդակած են: Դպրոցներու բացառիկ զեղչեր, երբեմն
անվճար, ուտեստեղէնի բաշխում, հիւանդանոցային կարիքներ, դեղորայք, սուրիահայերու կեցութեան փաստաթուղթեր, սուրիահայերու օժանդակութիւն, վարձքեր եւ այլն: Ցանկը շատ երկար է, իսկ հիմա այդ բոլորին մասին մանրամասն խօսիլը անիմաստ է: Հիմա սկսինք 19 դեկտեմբեր 2019-էն, երբզգալով, որ մեր ժողովուրդը արդէն սկսած է տառապիլ տնտեսական վատ վիճակէն, նախաձեռնեցինք «Ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» կարգախօսով ծրագիրին եւ յաջողեցանք ուտեստեղէնի 1260 սնտուկ բաժնել իսկապէս դժուարութեան մէջ եղող ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետութենէն ապահովել հազար ծրարներ, որոնք բաժնուեցան ժողովուրդին: Հազիւ այդ ծրագիրը աւարտած էինք, արդէն վրայ հասաւ «Քորոնա» ժահրը, եւ մենք շատ արագ, 17 մարտին յայտարարեցինք «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի մարմինի կազմութիւնը, որ, թէեւ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ էր, սակայն ներառեցինք մեր գործունէութեան դաշտին մէջ եղող բոլոր հայերը հայախօս եւ ոչ հայախօս, այլ կուսակցութիւններու պատկանողհայկական եւ ոչ հայկական, առանց յարանուանական որեւէ խտրութեան: Անմիջապէս հաստատուեցաւ թէժ գիծը, 2 շաբաթ ետք 4500 ծրար հականեխման դեղորայք բաժնուեցաւ, երկու ամսուան ընթացքին 48 հազար դիմակ, Կեդրոնական կոմիտէն ապահովեց եւ բաժնեց սննդեղէնի 1200 սնտուկ, առաւել գնումի 2100 կտրօն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն մեզի հասաւ հազար սնտուկ օժանդակութիւն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն բարերարի մը ճամբով, 1000 սնտուկ, անմիջապէս հաստատեցինք երեք դարմանատուներ Էշրեֆիէի, Լէյլաւանի եւ Անթիլիասի մէջ, առաւել ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը, «Քորոնա»-ով վարակուածներուն անմիջական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ, անոնց տուներու, ինչպէս նաեւ մեր ակումբներու, եկեղեցիներու, սրահներու, կեդրոններու հականեխում կատարուեցաւ, 800 պարագաներու դեղորայք ապահովուեցաւ: Մինչեւ այսօր կատարած ենք «Քորոնա»-ի «Փի. Սի. Ար.»-ի 3550 պարագայի անվճար քննութիւն, ասոր մէջ տակաւին դեկտեմբերի տուեալները չկան, միայն հոկտեմբեր-նոյեմբերին կատարուած է 650 քննութիւն: Անվճար ըսելով, յստակացնենք, որ չի նշանակեր մենք չենք վճարեր, այլ անհատն է, որ չի վճարեր, իսկ մենք իւրաքանչիւրին համար գումարը կը փոխանցենք համապատասխան տարրալուծարանին կամ բժշկական հաստատութեան: «Քորոնա»-ի դժուար օրերուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար, բաժնուեցաւ ուտեստեղէնի 4500 կտրօն, Պէյրութի քաղաքապետութեան կողմէ800 կտրօն, բանակին հետ համադրաբար կրցանք ապահովել 400 ընտանիքի օժանդակութեան գումար: Այնճարի մէջ տարբեր փուլերով կատարուեցաւ սննդեղէնի, դեղորայքի, վառելանիւթի, մաքրութեան իրերու տրամադրում, իսկ ներկայիս դժուարութեան մէջ եղողներուն նիւթական յատկացումներ կը կատարուին: «Քորոնա»-ի հոսքի թեթեւացումէն ետք արդէն եղաւ օգոստոս 4-ի պայթումը: Մինչ այդ մենք ՀՅԴ Բիւրոյի ճամբով, դիմում կատարած էինք մեր կազմակերպութեան արտասահմանեան մարմիններուննշելով, որ այլեւս մենք դժուարութեան մէջ ենք մենք մեր միջոցներով լուծելու գաղութին դիմագրաւած բազում խնդիրները, ուստի պէտք է օգնեն մեզի: Հաստատենք, որ ժամանակ չառաւ, առաջին ընդառաջումը Լոս Անճելըսէն էր, ՀՕՄ-ը կազմակերպեց դրամահաւաք, Քանատայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ եղան դրամահաւաքներ, այնուհետեւ մենք քիչ մը աւելի զօրաւոր զգալով մեր կռնակը հաստատեցինք ԿԱՄՔ-ը Արտակարգ իրավիճակներու մարմինը, որուն մաս կը կազմեն Կեդրոնական կոմիտէէն անդամներ, ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ: ԿԱՄՔ-ին աշխատանքը պայթումին յաջորդած փուլերուն յատուկ է, նպատակըհասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Պայթումէն անմիջապէս ետք, յաջորդող 3-4 օրերուն, այցելեցինք Պէյրութ եւ այդ քանդումը մեր աչքերով տեսանք, անմիջական նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ 120 ընտանիքներու, աղէտին պատճառով նահատակուածներուն այն ընտանիքները, որոնց բնակարանները վերանորոգելի էին, եւ տակաւին չէիր կրցած այլ տեղերէ օժանդակութիւն ստանալ, Կեդրոնական կոմիտէն ինք ստանձնեց տուներու ամբողջական նորոգութիւնը, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ստանձնեց նահատակներու ժառանգական եւ պետական փաստաթուղթերու անվճար գործողութիւնները, մասնակցեցանք 42 բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքներուն: Նախորդող օրերուն 100 բնակարաններու ներքին կահաւորման համար նիւթական օժանդակութիւն կամ կահոյք ու ելեկտրական գործիքներ (սառնարան, լուացքի մեքենայ, հեռատեսիլ) տրուեցան, արդէն իսկ սկսանք Պուրճ Համուտի, իսկ յառաջիկայ օրերուն Պէյրութի մէջ սննդեղէնի յաւելեալ 3000 ծրարի բաժանման, ԿԱՄՔ-ի ճամբով մաքրութեան իրեղէններու եւ դեղերու 2000 ծրար պիտի բաժնուի, յառաջիկայ քանի մը օրերուն Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու մէջ (մինչեւ Զահլէ, Պաթրուն, Ժիպէյլ, Թրիփոլի) 200 բնակարանի պիտի տրամադրուի աթոռ, սեղան եւ ծածկոց: Մարտէն ի վեր շաբաթը երկու անգամուան դրութեամբ ԼՕԽ-ը 750 տարեցներու, այսինքն 1500 պնակ տաք ճաշ կը տրամադրէ, այս ներկայացուածին մէջ տակաւին չկան ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն եւ կոմիտէներուն աշխատանքները, որոնք բաւական աշխուժ են իրենց շրջաններուն մէջ:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հօր նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը. վեհափառը, որուն սրտին ու շունչին այնքա՜ն կարիք ունինք այս օրերուն, եւ որմէ պիտի խնդրենք, որ միշտ մեր հովանին ըլլայ, որովհետեւ առանց իրեն, իսկապէս, թէ՛ սփիւռքի հայութիւնը, եւ թէ՛ Հայաստանի հայութիւնը առաւել մեծ դժուարութեան մէջ կրնան ըլլալ: Վերականգնումի մարմինը կազմուեցաւ երեք կուսակցութիւններէ, երեք յարանուանութիւններէ եւ երեք մարզական-մշակութային միութիւններէ. անիկա երկու փուլով արձանագրութիւններ կատարեց, առաջինին պայթումէն վնասուած 1496 բնակարանի նիւթական օժանդակութիւն տրուեցաւ, բայց եւ այնպէս, որովհետեւ շատեր չէին հաւատացած կամ հաւատացած էին բամբասանքներու, ուստի օրին չէին դիմած, եւ անհրաժեշտ էր զանոնք եւս ներառել այս վերականգնումի աշխատանքին մէջ, երկրորդ փուլին արդէն իսկ կայ 476 դիմում. դժբախտաբար այդ դիմորդներուն մէջ կան անձեր, որոնք իրենք տակաւին ի վիճակի են նուիրատու ըլլալու: Պայթումին պատճառով նահատակուած 14 հայորդիներու պարագաներուն տրուեցաւ 7850 տոլարիւրաքանչիւրին, հաստատուեցաւ հոգեբանական ձրի բուժման բժշկական կեդրոն: Մեր իրականութեան մէջ մեծ աշխատանք կը տանի նաեւ Ազգային առաջնորդարանը, որուն մասին խօսիլը հաւանաբար ինծի չէ վերապահուած, սակայն արժէ ընդհանուր յիշել: Փետրուար 2020-էն մինչեւ օրս բաժնուած է սննդեղէնի 6626 ծրար եւ սնտուկ աւելի քան 800 միլիոն լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ, այդ օրերու տոլարի արժեւորումով, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուած է 3400 ընտանիքի, շուրջ մէկ միլիոն տոլար, գոյութիւն ունին «Ալեքքօ Պէզիքեան» ֆոնտը, հունգարական «Ինթըրչըրչ էյտ»-ը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայ համայնքէն եկած օժանդակութիւնները եւ նման այլ օժանդակութիւններ: Բնականաբար կան այլ միութիւններ, համայնքներ, անհատ բարերարներ, որոնք ուղղակի իրենց օժանդակութիւնը կը հասցնեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, սակայն կարիքը հսկայական է, մենք կ՛ընենք մեր լաւագոյնը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս օժանդակութիւնները պիտի շարունակո՞ւին:
Յ. Բ.- Բնականաբար պիտի շարունակուին. ժողովուրդը երբեմն հարց կու տայ, թէ ո՞ւր գացած են հաւաքուած դրամները: Դրամները մէկ օրուան ընթացքին բաժնուելու համար չեն, սիրելի՛ ժողովուրդ, վաղը պիտի ծագին դպրոցական խնդիրներ, ձեր զաւակները այսօր ձրի կամ գրեթէ ձրի կ՛ուսանին հայկական դպրոցներուն մէջ, որոնք երբեմն նոյնիսկ ձրի համակարգիչ կը նուիրեն աշակերտներուն, կան նման հարիւրաւոր հարցեր: Վստահ եղէք, որ հաշուետուութիւնը շատ յստակ է, մենք վախ չունինք անկէ, միակ խնդիրը այն է, որ ժողովուրդը պահէ իր հաւատքը, ինչպէս նաեւհայու կամքը, իրենց ճակատը միշտ բարձր տեսնելու եւ բարձր պահելու հաւատարմութիւնը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պիտի խնդրեմ, որ նաեւ անդրադառնանք հայաստանեան օրակարգին, եւ արցախեան պատերազմէն ետք, դժբախտաբար ներկայիս տիրող քաոսային կացութեան:
Յ. Բ.- Մէկդի դնենք այն, որ ես լիբանանեան խորհրդարանի անդամ եմ, խօսիմ իբրեւ մտահոգ հայ մարդ եւ դաշնակցական, որ որոշ չափով հաւատացած էր Փաշինեանի «թաւշեայ յեղափոխութեան», եւ առիթ ունեցած էի անոր հետ երկու անգամ տեսակցելու, բացատրելու, թէ մեր ակնկալութիւններն ու պատրաստակամութիւնը ի՛նչ է: Այսօր միանշանակ կրնամ ըսել, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետը ժողովուրդը մեծ աղէտի, անփառունակ պարտութեան առաջնորդեց
յանուն ժողովրդավարութեան միանձնեայ բռնատիրութեամբ: Պէտք է ամչնայ այսուհետեւ իր վնասուած կամ կոտրած ձեռքով նկարը տեղադրելու, որովհետեւ այդ ձեռքը այլեւս սեղմող պիտի չըլլայ: Հազարաւոր նահատակներուն, խրամներ ղրկուած եւ սպաննուած մեր զինուորներուն, երիտասարդներուն ու կամաւորներուն, անոնց մայրերուն, կիներուն ու զաւակներուն դատաստանին պիտի ներկայանայ Փաշինեան: Քաղաքական կեանքին մէջ կարելի է սխալներ գործել, սակայն կարելի չէ ու երբեք ընդունելի չէ հայրենիք յանձնել, իսկ այս բոլորին պատասխանատու եղողը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք պատասխանատու է, սակայն ոչ միակը, պէտք է անպայման հեռանայցնցումով ըլլայ ատիկա կամ անցնցում, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյն վնասով դուրս գալ այս պարտութենէն, դէպի մահ առաջնորդող, դէպի հայրենիքի քանդում տանող ուղիին առաջքը առնել: Մենք ճգնաժամային վայրկեաններ կ՛ապրինք, առաջին օրէն ըսինք, որ այս պատերազմը համայն հայութեան դէմ պատերազմ է, հայութեան դէմ ուղղուած երկրորդ ցեղասպանութիւն է: Քանի մը օր առաջ ամենայն անպատկառութեամբ ու հպարտութեամբ Փաշինեան ըսաւ, որ Իլհամ Ալիեւ իրմէ խնդրած է շատ չխօսիլ Ազրպէյճանի դէմ, որպէսզի Ալիեւ իր իշխանութիւնը չկորսնցնէ. շնորհաւոր ըլլայ անոր Ալիեւի իշխանութիւնը, որպէսզի արձակ-համարձակ կարենայ Արցախը յանձնել, կարենայ շարունակել Հայաստանի սահմանային գօտիները յանձնել, տեղահան ընել մեր ժողովուրդը, եւ տակաւին ձեռք երկարել ըսելով, որ ժողովուրդը կ՛որոշէ: Նահատակներուն արիւնն է, որ կ՛որոշէ, ոչ թէ միայն քուէն, այնպէս ինչպէս ինք եկաւ, իր խօսքով, առանց արեան, նահատակներուն արիւնը այսօր տակաւին հայրենի հողը չէ խմած: Այդ արիւնը զինք հանգիստ պիտի չձգէ, թող հեռանայ, որպէսզի ինք ալ հանգչի, Հայաստանն ու հայութիւնն ալ հանգչին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք լիբանանահայութեան:
Յ. Բ.- Մենք երկար ճանապարհ կտրած ենք լիբանանահայութեան հետ: Մեր ժողովուրդը միշտ ալ, յատկապէս դժուար պահերուն, գիտէ վստահիլ զինք պաշտպանողին, չեմ խօսիր ընտրութիւններուն մասին, անոնք շատ երկրորդական ու անիմաստ են այս փուլին:
Մենքիբրեւ Դաշնակցութիւն ժողովուրդին ողնայարը գիտենք պաշտպանել, զայն երբեք առանձին չենք ձգեր: Կ՛ուզենք, որ այս ժողովուրդը մնայ, չյուսահատի, չհիասթափի. դիւրին է խօսիլը, ոչինչ կայ պայծառ, բայց եթէ յոյսը կորսնցնենք, կը կորսնցնենք ինքնին մարդը: Հայ մարդը այսօր ո՞ւր հանգիստ պիտի ընէ Միացեալ Նահանգնե՞ր, Ֆրանսա՞, հոն ալ նոյն վիճակը կը տիրէ, Հայաստա՞ն, դժբախտաբար հոն ալ լաւ վիճակ չի տիրեր: Յոխորտացին, որ հայրենադարձութիւն սկսաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, սակայն հիմա այս մեկնողները կը վերադառնան: Իսկ հիմա մենք ի՞նչ ըսենքՀայաստանէն արտագաղթ կայ, դժբախտաբար սակայն յառաջիկային պիտի ըլլայ: Ան, որ տակաւին կը կարծէ, թէ կրնայ մնալ եւ համբերել, մենք իրեն հետ ենք, իսկ ան, որ չի կրնար, պարզապէս կ՛ըսենք եթէ պիտի երթաս, Հայաստան գնայ, Փաշինեանը եկաւ ու պիտի երթայ, հայրենիքը վարչակարգերով չէ, որ կը մնայ, հայրենիքը իր հողով կը մնայ, պայմանով, որ այդ հողը պաշտպանողը հայրենիքի մէջ ըլլայ:
Մենք մեր ժողովուրդին կողքին ենք, պատիւ մեր ժողովուրդինամէնէն բարեկեցիկէն մինչեւ ամէնէն թշուառ կացութեան մէջ եղողը նեցուկ կանգնեցաւ Արցախին, երբ հանգանակութիւն կատարուեցաւ, ցանկերուն մէջ 5 հազար լիբանանեան ոսկի նուիրող ծերունիներ, պատանիներ ու աղքատներ կան, նաեւ 5 միլիոն, 50 միլիոն եւ աւելի: Մենք այս պատուական ժողովուրդին նկատմամբ պարտաւորութիւն ունինք, տէրն ենք այդ պարտաւորութեան ու պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր ժողովուրդը: Միակ բանը, որ ժողովուրդէն կը խնդրենք, ամուր մնալն է, մեր կռնակին կանգնիլն է, եւ եթէ սխալինք, թող յիշեցնեն, որ սխալած ենք: Մենք հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին, առանց որուն ոչինչ ենք, եւ մենք ալ այդ ժողովուրդին զաւակն ենք:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.