İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. Պետրոս Եւ Ս. Պօղոս Ժայռը Եւ 13-րդ Առաքեալը Ժայռը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՍՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Հայ առաքելական եկեղեցին իր տօնացոյցով կու գայ հաւատացեալ մարդուն սրբոց վարքը ներկայացնելու: Ինչպէս գիտենք, դեկտեմբեր ամիսը եկեղեցական առումով հարուստ է տօներով: Իւրաքանչիւր տօն ունի իւրայատուկ իմաստ եւ խորհուրդ: Դեկտեմբեր ամսուան ամենայատկանշական տօներէն մին է Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակութեան տօնը:

Ս. Պետրոս առաքեալ մեր ՏիրոջՅիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մին էր: Նկարագրով համարձակ, անվախ եւ ամբողջական նուիրումով կը հետեւէր անոր Վարդապետին: Ան դաւանեցաւ զՔրիստոս որպէս «Կենդանի Աստուծոյ Որդի» (Մտ.16-16) եւ հիմնուելով այս դաւանութեան վրայան կոչուեցաւ «Կեփաս», որ կը նշանակէ ժայռ, որուն վրայ պիտի հիմնուի Քրիստոսի եկեղեցին հիմնակէտ ունենալով իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ամուր հաւատքն ու սէրը:

Պետրոսնախնական անունով Սիմոն, գալիլիացի ձկնորս մըն էր, որ ամուսնացած ու հաստատուած էր Կափառնայում քաղաքին մէջ: Ան այն ընտրեալ Մարդու Որսորդն էր, որ հետեւեցաւ Քրիստոսի կանչին դառնալով հաւատքի առաքեալ:

Պետրոս առաքեալ, հաւատքի ժայռ ըլլալով հանդերձ, իր առաքելութեան ընթացքին երեք անգամ կ՛ուրանայ զՔրիստոս, սակայն Քրիստոսի ողորմութիւնն արտայայտող «կը սիրես զիս» հարցադրումէն ետք անորպէս հաւատարիմ առաքեալ, կը վերահաստատէ իր ուխտը:
«Գործք առաքելոց» գիրքը արտացոլացումն է Պետրոս առաքեալի հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան: Իր առաքելութիւնը շարունակելով
ան դարձաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր առաջնորդը:

Պետրոս առաքեալ երկու ընդհանրական նամակներով խրախուսած է քրիստոնեաները` դիմանալու եւ կառչած մնալու իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:

13-րդ Առաքեալը

Պօղոս առաքեալ Սօղոս անուամբ ճանչցուած անձնաւորութիւնն էր, որ քրիստոնէութեան գլխաւոր հալածիչը կը հանդիսանար, սակայն Դամասկոսի մէջ Քրիստոսի յայտնութեամբ ան գլխաւոր տարածիչը եւ 13-րդ առաքեալը կը դառնայ:

Պօղոս առաքեալ իր առաքելութիւնը շարունակեցճամբորդութիւններ կազմակերպելով, սոյն ճամբորդութիւնները Քրիստոսի վարդապետութիւնը տարածելու նպատակ կը հետապնդէին: Ան պատճառ դարձաւ զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ հիմնելու, եւ ապա նամակներ ուղղարկելով կը խրախուսէր նոր քրիստոնէական համայնքները: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր կտակարանին մէջ թիւով 14 հատ են:

Քրիստոնէութեան մեծագոյն քարոզիչը` Պօղոս, իր առաքելութեան ընթացքին տարբեր խաւերու ուղղած նամակներուն մէջ կ’ուզէր ներկայացնել մէկ ամբողջական մարմինը Քրիստոսի:

Ըստ պատմական տուեալներուն, Պօղոս առաքեալ կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ` այնտեղ սուրով կը նահատակուի:

Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն առաքելութիւնը հաւատքի արտացոլացում է: Հաւատք` ամբողջական իմաստով, մանաւանդ նկատի առնելով այդ օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ընդհանուր առմամբ տիրող կացութիւնը: Հակաքրիստոնէական հալածանքները չկասեցուցին առաքեալներուն թափը, այլ առաւել սիրով Սուրբ Պայքարը մղեցին հասնելու Լոյսին, նոյն այդ Լոյսը փոխանցելու համայն մարդկութեան:

Առաքելական եկեղեցւոյ անդամ ըլլալու հրամայականը ուրիշ բան պիտի չըլլայ, եթէ ոչհետեւիլ առաքեալներուն օրինակին, իտէալ եւ օրինակ ունենալով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս:

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, կոչուած ենք մեր առաքեալներուն նմանելու, կոչուած ենք հաւատքով պայքարելու ճշմարտութեան հասնելու համար, կոչուած ենք համարձակօրէն անարդարութեան դէմ կենալու:

Ուստի, հաւատքով սպառազինուինք եւ պայքարինք. այդպիսով կ՛իմաստաւորենք առաքեալներուն մեզի փոխանցուած կեանքն ու վարքը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.