İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ ս. սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը:

Ս. պատարագի աւարտին իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը նշեց, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ հոմանիշ է ծառայութեան եւ հետեւաբար սարկաւագութիւնը ծառայութիւն է, իսկ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութիւնն է: Հայրապետը յիշեցուց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլծառայելու, ուստի Քրիստոսի խոհրդական մարմինը եկեղեցին, ծառայութիւն է: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակին առաքելութիւնը եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ էորպէս ծառայութիւն, այնպէս, ինչպէս Քրիստոս աշխարհի առաջին մեծագոյն ու գերագոյն ծառան, իր իշխանութիւնը կերտեց եւ իր հեղինակութիւնը արտայայտեց ծառայելով: Հայրապետը նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր դպրեվանքին մէջ ա՛յս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը պատրաստէ եւ իր սպասումը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները նոյն գիտակցութեամբ մօտենան այս առաքելութեան: Պատգամի աւարտին, ան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին մասունքը պարունակող խաչով օրհնեց Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագները, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր մշակներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Յայտնենք, որ պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի 12-րդ գլխուն 24-րդ համարը: Բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս սերմը հողին տակ թաղուելով է միայն, որ կը պտղաբերէ, նոյնպէս ալ մեր եսն ու կամքը անտեսելով միայն մենք կրնանք անձնուէր կեանք մը վարել: Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոսն ալ ընտրութեան հրամայականին առջեւ գտնուած էր եւ իբրեւ կեանքի նշանաբանընտրած էր Քրիստոսի պարգեւած ծառայութեան ուղին: Սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց տօնին առիթով իր որդիական շնորհաւորանքը ուղղելով վեհափառ հայրապետին, որ ամբողջ կեանք մը նուիրած է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին ծառայութեան, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագներն ու սպասաւորները եւ աստուածահաճ ծառայութիւն մաղթեց անոնց Ս. Ստեփանոսի բարեխօսութեամբ ու օրհնութեամբ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.