İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կռփամարտ. Կարէն Տօնականեան Իր Առաջին Յաղթանակը Տօնեց Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Կարէն Տօնականեան նախորդ շաբաթավերջին արհեստավարժ ռինկի վրայ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով:

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ գտնուող «Քրիլիա Սովեթով Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցած «Շամօ-Պոքսինկ» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած արհեստավարժ կռփամարտի յատուկ օրուան ընթացքին, Տօնականեան նաք աութով յաղթեց Անտրէյ Իսայեւի (Պիելոռուսիա), որ անցեալին եղած է «Տապըլիու. Պի. Էֆ.»-ի եւ «Այ. Պի. Էֆ.»-ի վարկածներով միջցամաքամասային գօտիի, ինչպէս նաեւ «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով Ասիոյ ախոյեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.