İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Մշակոյթի Եւ Եկեղեցւոյ Անսակարկ Նուիրեալը (Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Եթէ կրնաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջառաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ,
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին
այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս»:
Ճ.Ռ. ՔԻՓԼԻՆԿ (անգլիացի բանաստեղծ)
Թարգմ.` ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Կեանքի եւ մահուան իրականութիւնները երբեմն մարդուն միտքը կ՛ուղղեն ճիշդ մտածողութեան, այլ խօսքովկեանքը ապրելու ամբողջական իմաստով, զարդարելով մարդկային արժէքներով: Այս բոլորը կը դրսեւորուին ոչ միայն ընտանեկան, ընկերական, ազգականական շրջագիծին մէջ, այլ նաեւ աւելի լայն պարունակին մէջ միութեան եւ հաւաքական կեանքը ներառելով: Դժբախտաբար, մարդիկ երբեմն կը մոռնան կեանքի արժանիքները եւ այնպիսի անիմաստ ու անսեւեռակէտ կեանք մը կ՛ապրին, որ մահուան ատեն եւ նոյնիսկ մահուընէ ետք մոռացութեան կը մատնուին եւ անյիշատակ կը դառնան, որովհետեւ այս կամ այն ձեւով հայ մշակոյթի, հայ ազգի, հայ եկեղեցւոյ գանձարանին մէջ դրոշմ չձգեցին:

Մահուան եւ կեանքի այս ներածականը որքան կը համընկնի վաստակաւոր դերասան, համազգայնական, հայ թատրոնի դրօշակակիր եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ Յակոբ Գալայճեանի անձին ու կեանքին: Անոր կեանքին թելին անակնկալ կերպով ընդհատուելէ քառասուն օրեր ետք կը յիշենք իր պայծառ, լաւատես ու ժպտերես դէմքը, ուրիշները խրախուսելու իր տոկուն արտայայտութիւնը, թատրոնի ճամբով հանդիսատեսներուն պահ մը հոգիներու անդորրութիւն, միւս կողմէ ծիծաղ պատճառելու իր բացառիկ կարողութիւնը: Սակայն ասոնցմէ բացի առանձնայատուկ է իր գլխագիր մարդ ըլլալու իրողութիւնը:

Երբ պահ մը ակնարկ մը նետենք իր կենսագրական գիծերուն, այնտեղ պիտի տեսնենք համեստ պայմաններու մէջ, ինքնաշխատութեամբ կեանքի նպատակակէտ նուաճած հերոս եւ պայքարող հայու տիպարը: 1953-ին լոյս աշխարհ եկած է Յակոբ Գալայճեանը Պէյրութի մէջ: Աւարտած է Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ:

Ինքնաշխատութեամբ զարգացուցած է արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները: Ան 1993-ին ամուսնացած է Սօսի Էլէյճեանի հետ եւ բախտաւորուած 1 մանչ եւ 1 աղջիկ զաւակներով:
Իր դերասանական ձիրքերը կանուխ տարիքէն (14 տարեկան) ի յայտ եկած են, երբ ան անդամակցած է Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67» խումբին: Ան իր ուսուցիչին` Վարուժան Խտըշեանին շատ բան կը պարտի: Այնուհետեւ ան անդամակցած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, Զոհրապ Եագուպեանի թատերախումբին, Փիեռ Շամմասեանի թատերախումբին, «Կոմիտաս» թատերախումբին, ինչպէս նաեւ օտար թատերախումբերու: Ուշագրաւ է «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի ֆիլմաշարերուն մէջ իր դերը, ինչպէս նաեւ Նեպիլ Ապու Հըսնիի բեմադրութեան մէջ իր ներառումը, որ արժանի պատիւ կը բերէ հայութեան:

Հայապահպանման դարբնոց հանդիսացող եւ հայ մշակոյթի ջահակիր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ անոր միաւորներէն «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղին մաս կազմեց, որովհետեւ հաւատաց, որ սփիւռքի տարածքին Համազգայինը իր անուրանալի դերը ունի: Իսկ եթէ պիտի անդրադառնանք իր դերասանական եւ բեմական վաստակին (հանդիսատեսի եւ ոչ մասնագէտի ակնոցով), ապա պէտք է բացարձակօրէն հաստատել, որ իր ստանձնած բոլոր դերերը իւրովի մարմնաւորեց, վերապրեցաւ եւ հանդիսատեսին փոխանցեց յուզումի, ուրախութեան զգացումներ եւ այլ պատգամներ:

27 մարտ 2018-ին, Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի սենտիքային եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր գործիչներու մեծարանքի հանդիսութիւն, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ նաեւ Յակոբ Գալայճեան:
Յակոբ Գալայճեանի մարդու արժանիքներուն մասին կարելի է հաստատել, որ ան լիիրաւ հայ էր, ազնիւ ու համեստ, հեռու գոռոզութենէ եւ ինքնահաւանութենէ, ընկերային եւ խօսակիցը արժեւորող անհատ:
Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը արտայայտեց նախ որպէս դպիր ծառայելով Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, ապա աւելի քան տասնհինգ տարիներ ծառայեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջիբրեւ Թաղական խորհուրդի անդամ: Այս առումով իրեն համար դպրաց դասի ծառայութիւնը գերգնահատելի եւ մեծ անձնազոհողութիւն կը սեպէր, եւ ի հարկին միշտ կը գօտեպնդէր, կը քաջալերէր երիտասարդները շարունակելու իրենց ծառայութիւնը եկեղեցւոյ ճամբով Աստուծոյ:

Մեր հանդիպումները միշտ համեմող, երբեմն յուսահատիչ, երբեմն հեռատես Յակոբ Գալայճեանի գաղափարները, զրոյցները մնացին թերաւարտ` կեանքէն անոր անակնկալ բաժանումով, որուն ափսոսանքն ու վիշտը ապրեցանք բոլորս:
Սակայն կեանքին մէջ գոհունակութիւնը ունեցայ, որ անհամար գանձեր ունեցող Մարդու մը ծանօթանալու եւ անոր հետ խօսակցելու պատիւը ունեցայ:

Իր վաստակը, կեանքը, ծառայութիւնը եւ տիպար օրինակը թող խրախուսիչ ներշնչարան հանդիսանան բոլորիս:

Աւա՜ղ, վաղաժամ կորուստիդ սիրելի՛ պարոն Յակոբ:
Խունկ եւ աղօթք քու մեծ վաստակիդ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.