İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Փութին. «Ռուս Խաղաղապահները Դարձած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները կը նկատէ անվտանգութեան երաշխաւոր: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած նիստին ընթացքին:

«Ռուս խաղաղապահները դարձած են Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր: Անոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն, որպէսզի վերադարձնեն տեղւոյն խաղաղ կեանքը», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին նոյն նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ լուրջ միջադէպի իրականացում չեն արտօնած:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.