İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Մոսկուան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Նախագահին Հետ Իրատեսական Երկխօսութեան, Հակառակ Անոր Որ Լաւատեսութեան Համար Հիմքերը Քիչ Են» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած ամավերջի հարցազրոյցին մէջ գնահատած է նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ Միացեալ նահանգներու հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարները, խօսած է համագործակցութեան ընդլայնումի հաւանական շարժիչներու, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ երբ կարելի է սպասել նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի Մոսկուա հրաւիրուելուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դեսպանը ինչպէ՛ս կը գնահատէ նախագահական ընտրութիւնը եւ ատիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, Անթոնով ըսած է. «Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրութիւնները կայացած են: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Ճօ Պայտընը անոր յաղթանակին առիթով: Պիտի սահմանափակուինք միայն հաստատելով Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնըհաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ իրատեսական երկխօսութիւն վարելու վերաբերեալ ըլլայ այդ Տանըլտ Թրամփի ներկայ վարչակազմի, թէ Ճօ Պայտընի ապագայ կառավարութեան հետ», նշած է դեսպանը:

Միեւնոյն ժամանակ Անթոնով աւելցուցած է, որ ամերիկեան վերնախաւերու ենթագիտակցութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած է ռուսատեացութիւնը:

«Վերջին տարիներուն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին խոր ճգնաժամի մէջ: Մենք պատրանք չունինք, որ նոր նախագահին ընտրութեամբ ամէն ինչ յանկարծ դէպի լաւ պիտի փոխուի: Ատոր համար հիմքեր քիչ կան:

«Մենք կը մեկնինք Ռուսիոյ ուղղութեամբ Ուաշինկթընի սկզբունքային վարմունքէն: Մեր երկիրը յայտարարուած է հակառակորդ: Այս սահմանումը ընդգրկուած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի փաստաթուղթերուն մէջ եւ լայն համաձայնութիւն կը վայելէ տեղական ենթակառոյցներուն մօտ:

Մոսկուայի համակարգային զսպման համար կ՛օգտագործուի տնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ քարոզչական ազդեցութեան միջոցներու ամբողջ զինանոցը», նշած է ռուս դիւանագէտը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.