İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազրպէյճան Տակաւին Համաձայնութիւն Չէ Տուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութիւն Արցախ Ուղարկելու Համար

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Ազրպէյճանէն տակաւին պատասխան չէ ստացած կազմակերպութեան փորձագիտական առաքելութիւն Արցախ ուղարկելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան մշակոյթի հարցերով ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Էռնեսթօ Օթթոնէ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէ 20 նոյեմբերին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին առաջարկած էր փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ` մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար:
«Առայժմ միայն Ազրպէյճանի պատասխանին կը սպասենք, որպէսզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կարենայ յառաջ շարժիլ առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ», ըսած է Օթթոնէ:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն բազմիցս դիմած են այդ հարցով, սակայն ապարդիւն:

«Իւրաքանչիւր օր մշակութային արժէքներու վիճակի գնահատումը աւելի բարդ կը դարձնէ` յատկապէս հաշուի առնելով եղանակային պայմանները, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի վատթարանան: Կրակոցի դադրեցման շնորհիւ բացուած կարելիութիւններու պատուհանը պէտք չէ կրկին փակուի: Պատմական ժառանգութեան պահպանումը կարեւոր պայման է կայուն եւ ամուր աշխարհ ստեղծելու համար: Կ՛ակնկալենք, որ Պաքուն անյապաղ պիտի արձագանգէ, որպէսզի գործնական փուլ տեղափոխուին վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցած կառուցողական քննարկումները», նշած է Օթթոնէ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.