İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մոռցէ՛ք Հալէպը

Մոռցա՞ք Հալէպը:

Այս համահայկական խառն ու աղիտալի օրերուն իրաւունք ունիք:

Մոռցէ՛ք Հալէպը:

Իսկ Հալէպը կա՛յ, կ’ապրի իր հայկականութեամբ, Արցախեան պատերազմի իր երեք զոհերու ցաւով եւ հպարտութեամբ, մեր բոլոր զոհերուն ցաւով եւ տխրութեամբ՝ իր տառապանքներուն գումարուած հայութեան տառապանքներով:

Կ’ապրի արժանապատուութեամբ, թէեւ արժանապատուութիւնը կորսնցնելու բոլոր պատճառները առկայ են:

Նախ եւ առաջ ամէնէն կարեւորը ըսեմ. մեր բոլոր դպրոցները հակառակ ահռելի ծախսերուն, շնորհիւ արտասահմանի իրենց շրջանաւարտներուն, շնորհիւ զիրենք հովանաւորող միութիւններուն տակաւին կը յաջողին գրեթէ ձրիաբար ընդունիլ հայ աշակերտները:

Դպրոցը ապահովուած է, սակայն հալէպահայը այսօր չի կրնար ապահովել իր ապրուստը, իր ամսական աշխատավարձը մէկ շաբաթ չի բաւեր, միմիայն ուտելիքի չի բաւեր… երեւակայեցէ՛,ք եթէ մեր մեծամասնութեան աշխատավարձը կը տարուբերի 25-30 տոլարի շուրջ, անցեալ տարուայ 50-60 տոլարի դիմաց, 60-70 հազար սուրիականով ի՞նչ պիտի կարենանք գնել. միմիայն 5-6 քիլօ միս, ուրեմն միս ուտելէն պիտի հրաժարինք, մեր հալէպի հռչակաւոր փախլավան 5-6 ամիս անգամ մը համտեսել իսկ մեր միտքէն պիտի չանցընենք, որովհետեւ մեր ամսականը եթէ այդ երազ դարձած անուշեղէնով չափելու ըլլանք, երկու քիլօ հազիւ կը կշռէ մեր ստացածը… մարդավարի կանաչեղէն իսկ չենք կրնար գնել, ուր մնաց պտուղ…

Հագուստ-կապուստի մասին չխօսինք աւելի լաւ է, որովհետեւ երկու-երեք տարին հազիւ մէկ անգամ միտքերնէս կ’անցընենք տաբատ մը գնել, հնամաշ գիշերանոցը նորով փոխել, մեր զաւակներուն համար նոր կօշիկ գնել… կը յիշէ՞ք, հի՜ն, երազային Հալէպի օրերուն ամէն զատիկին անպայման տան փոքրիկներուն համար նոր հագուստ, նոր կօշիկ կը գնէին ծնողները, իսկ տագնապէն անմիջապէս առաջ, ամէն ինչ այնքան դիւրին էր, կարելի էր ամէն ամիս նոր բան մը գնել՝ միջազգային հանրայայտ պիտակներու խանութներէ, կնոջական պայուսակներ, անուշահոտեր, ամէն ինչ, այո՛, այո՛, ամէն ինչ: Պաշտօնեաները մասնավճարներով նոյնիսկ ինքնաշարժ կամ տուն կը գնէին:

Յիշեցի՞ք: Աւելի լաւ է, չյիշէք:

Հիմա՞…

Հիմա փիւթակազի շիշի պետական գինը 2700 է, ամառը մօտաւորապէս մէկուկէս ամիս անգամ մը հերթականութեամբ կրնանք գնել, որ լիովին կը բաւարարէ մեզ, իսկ ձմրան հերթը քեզի հասնելուն մօտաւորապէս երեք ամիս պիտի սպասես.. շատեր տաքնալու որպէս միակ միջոց փիւթակազը ունին ուստի 15 օրէն կը դատարկեն շիշը եւ ստիպուած կ’ըլլան երկրորդ, երրորդ ձեռքէ գնել՝ վճարելով պետական գինին տասնապատիկը…

-Ի՞նչ պէտք կայ փիւթակազով տաքնալու, մազութով տաքցէ՛ք:

-Մազութո՞վ, մազութ ուրտեղէ՞ն, պետութիւնը տարին միայն երկու հարիւր լիթր կը ծախէ քեզի, այդ ալ երկու անգամով, եթէ աւելիին պէտք ունենաս.- լիթրին դիմաց 1000- 1200 լիրա պէտք է վճարես:.-Կրնա՞ս:

-Խեղճ ու կրակ ամսականովս ինչպէ՞ս պիտի կրնամ,- պիտի պատասխանէ մեր մեծամասնութիւնը:

Ելեկտրականութեան մասին խօսի՞նք… ո՞ր ելեկտրականութեան, այն որ օրական հազիւ 3-4 ժա՞մ կը մատակարարուի:

-Հապա ի՞նչ կ’ընէք:

-Կը դիմենք ելեկտրածին շարժիչներու օգնութեան, որուն մէկ ամփէրին դիմաց շաբաթը կը վճարենք չորս հազար… այսինքն մէկ ամսականի պէտք ունինք միմիայն մարդավարի ելեկտրականութիւն ունենալու համար, սակայն մեզմէ շատեր ստիպողաբար կը բաւականանան մէկ կամ երկու ամփէրով:

Թաքսի նստելու կամ սիկարէթի մասին մի՛ հարցնեք, ասոնց ալ ամէն մէկուն համար մէկ ամսական պէտք է, իսկ հանրակառք-օթօպիւսը ամէն տեղ չ’երթար, աւելի լաւ որ չ’երթար, որովհետեւ Գորոնայի բոյն են մեր հարակառքերը, այնքան որ լեցուն են օրուայ գրեթէ բոլոր ժամերուն…:

Իսկ գորոնա՞ն, իրապէս չենք գիտեր, թէ մեզմէ ո՞վ, ե՞րբ, կը վարակուի եւ ե՞րբ կը բուժուի, չէ՞ որ այս հիւանդութեան յայտնաբերելու քննութիւնը 125 հազար լիրա է, իսկ հիւանդութիւնը բարեբախտաբար թեթեւ կ’անցընեն ամէն վարակի դէմ մանկութենէն աղտոտութեան մէջ ապրած եւ հետեւաբար դիմադրողականութիւն շահած հալէպցիները:

Ամէն պարագայի բոլորս ալ՝ վարակուած, կամ ո՛չ, այս կամ այն կերպ առաջքը կ’առնենք, հեղուկներ կը խմենք, կանաչեղէն կ’ուտենք, վիթամիններ եւ զանազան դեղեր կ’առնենք, թէեւ դեղերը շատ սղած են մեզի համար, բարեբախտաբար «Ճինիշեան»ն ու Բարեգործականը դեղերու գիներուն մեծ մասը կը վճարեն, իսկ այլ հիւանդութիւններու պարագային բժիշկի երթալը սպանդանոց երթալու պէս բան մըն է, այնքան որ սուղ են քննութիւնները, բարեբախտաբար հոս ալ աժան դարմանատուներուն օգնութեան կը դիմենք, ինչպիսին են Հայ Աւետարանականներու եւ Օգնութեան Խաչի դարմանատուները:

Այլ բարեբախտութիւն մըն ալ ունինք, ծանր հիւանդութիւններու պարագային հիւանդանոցային մեր ծախսերը գրեթէ ամբողջութեամբ կը հոգան բարեգործական մեր հաստատութիւններն ու եկեղեցիները (նաեւ օտար), ապա թէ ոչ միլիոններու հասնող ծախսերը շատ քիչեր պիտի կարենային անձամբ հոգալ:

Ըսի, որ արժանապատուոութիւն կորսնցնելու բոլոր պատճառները ունինք, անոնցմէ մէկը նպաստընկալ մեր վիճակին վարժուիլն է. մենք կը մոռնանք, որ ծուլութիւնը մահացու եօթ մեղքերէն մէկն է, եւ մեզմէ շատեր աշխատելու փոխարէն այս հիմնարկութենէն միւսը կը վազեն, կը կռուին, բոլորէն նպաստ կը պահանջեն,

-Ինչու ձեր գրպանէ՞ն կու տաք.- կը պոռան:

Ասանկները չեն ամչնար: Կան նաեւ օգնութեան բոլորովին կարիք չունեցողներ, սակայն հնարաւոր բոլոր աղբիւրներէն նպաստ ստացողներ, ասանկները աւելի անամօթ են.

-Ես կ’առնեմ որ ուրիշին տամ,- բացայայտ կը ստեն ասանկները:

Ասոնք փոքրամասնութիւնն են, մնացած բացարձակ մեծամասնութիւնը երախտագիտութեամբ եւ կրնամ ըսել ինքն իր ամաչկոտութիւնը յաղաթհարելով կը ստանայ իրեն յատկացուած նպաստը,ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս կաթ պիտի յայթայթէ իր նորածին մանուկին, ինչպէ՞ս պիտի ապրեցնէ իր ծերունի հայրն ու մայրը, Հապա՞ իրենց գաղթած զաւակներուն կողմէ լքուած հարիւրաւոր միայնակ մնացած մայրերն ու հայրերը՞… Ասոնք կրնա՞ք անտեսել: Բարեբախտաբար ազգային մեր ծերանոցն ու պատսպարանը բարեկամներ շտ ունին:Իսկ միւս ծերունիները, որոնցմէ տարեվերջին, հաշուառման համար նպաստի տետրակները կ’առնուին, կը նային միութեան պատասխանատուներու աչքերուն մէջ եւ կ’աղաչեն.

-Մեզ մի՛ մոռնաք…

Կարելի՞ է մոռնալ մեր պապիկներն ու մամիկները, մեր այրի կիներն ու աշխատելու անատակները, կարելի՞ է մոռնալ անոնց աչքերէն հոսող աղի արցունքը…

Կարելի՞ է.. Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ:

Հապա երիտասարդները՞: Անոնց մասին յաջորդիւ, այսօր այսքանը:

Մոռցէ՛ք Հալէպը, Սուրիան, մոռցէ՛ք հալէպահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը: Անկեղծօէն ըսեմ.-Իրաւունք ունիք, այսօր աւելի կարեւորը կայ, բոլորիս ըլլալ-չըլլալու հարցը կայ, մենք ալ այս ամէնէն բաժին մըն ենք եւ մենք պիտի ապրինք հայկականութեամբ. մեր ամենամեծ ցաւը այսօր ոչ թէ մե՛ր վիճակն է, այլ Հայաստանինն ու Արցախինը: Չարաբաստիկ այս պատերազմի օրերուն մենք ալ մեր լուման տուինք՝ ջնջին թերեւս, բայց տուինք: Տուինք նաեւ կամաւորներ, որոնցմէ Յարութը, Յակոբը եւ Մովսէսը նահատակուեցան…

-Անոնք չէին կրնար վերադառնալ, անոնց գերագոյն նպատակը հայրենիքին համար զոհուիլն էր,- Եկեղեցւոյ խորանէն յայտարարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Սրբազան Առաջնորդ Մասիս եպիսկոպոս Զօպուեանը…

Հալէպ, 21 Դեկտեմբեր 2020


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.