İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Միխայիլ Վորոնինի անուան բաժակի 27-րդ մրցաշարքին:
Ռուսական Փենզա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին Հայաստան ունէր երկու ներկայացուցիչ:

Ապահովելով 82,899 կէտ` Դաւթեան բազմամարտի մրցումներուն հանդիսացաւ ոսկիէ մետալակիր, մինչ Արմէն Պետրոսեան հանդիսացաւ 9-րդ:

Դաւթեան ապա տիրացաւ 3 ոսկի եւ 2 պրոնզ մետալի (ազատ վարժութիւններ, նժոյգ, օղակ եւայլն), մինչ Պետրոսեան` պրոնզ մետալի:

Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Սերոբեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.