İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մալխաս Ամոյեան. «Թուրքին Դէմ Արձանագրած Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայ Զինուորներուն»

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն, 72 քկ դասակարգին մէջ արծաթէ մետալի տիրացած Մալխաս Ամոյեան ըսաւ, որ թուրք մարզիկին դէմ իր արձանագրած յաղթանակը կը նուիրէ արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած, վիրաւորուած եւ կռուած բոլոր զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին իրենց հայրենիքը:

Ամոյեան ըսաւ, որ շատ կը ցանկար նաեւ աւարտականի մրցումին ալ յաղթանակ արձանագրել, սակայն չկրցաւ ատիկա կատարել եւ բաւականացաւ հանդիսանալով փոխախոյեան:

«Կիսաւարտականին ուրախացայ ոչ թէ այդ մենամարտը յաղթելու համար, այլ թուրք մրցակիցիս պարտութեան մատնելու համար: Ուրախացայ մեր զինուորներուն, ժողովուրդին համար», ըսաւ հայրենի ըմբիշը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.