İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ընտրանիին Պահանջը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Պատերազմի դադարի քառասունքին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ եռօրեայ սուգ: 19 դեկտեմբերի առաւօտուն, սուգի մեկնարկը տուաւ Նիկոլ Փաշինեանը, ուղերձով մը: Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ սգոյ երթ, Հանրապետութեան հրապարակէն Եռաբլուր: Սգոյ երթը բազմամարդ դարձնելու համար, իշխանութիւնը օգտագործեց այն բոլոր միջոցները, որոնք ժամանակին խստօրէն կը քննադատուէին ու կը դատապարտուէին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: Սգոյ երթը վերածուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանին զօրակցական ցոյցի, ծափերով ու «Նիկոլ վարչապետ» վանկարկումներով:

Երթին մասնակցողները ստուգապէս Փաշինեանի կողմնակիցնե՞րն էին, թէ՞ անոնցմէ ոմանք, շատերը, եկած էին Երեւանի հեռու ու մօտիկ շրջաններէն պատերազմի զոհերուն, հայրենիքի նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու: Սգոյ երթը զօրակցական հաւաքի վերածումը փաստե՞ց, որ Նիկոլ Փաշինեանը տակաւին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, ժողովուրդը կը վստահի իրեն, ուրեմն կարիք չկայ իշխանափոխութեան: Փաշինեան յայտարարած էր արդէն, որ իր հրաժարականը պահանջողներ կան, սակայն կան նաեւ իշխանութիւնը պահպանել պահանջողներ: Փաստ կ՛ուզէ՞ք, ահա փաստը:

Նահատակներու յիշատակը յարգելու նպատակով սգոյ երթ կազմակերպելով ու սուգը քաղաքականացնելով, Փաշինեան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր վարքագիծին ապաբարոյական բնոյթը: Գաղափարապէս սնանկ այս գործելաձեւը դժբախտաբար դարձած է մնայուն կանոն, գործելաձեւ, որ քաղաքացիներու ուշադրութիւնը շեղելով դէպի ոչ էական ու ժամանակավրէպ ոլորտներ, կ՛արգելակէ քաղաքացիական հասարակութեան կազմաւորումը: Փաշինեան երբ ժողովուրդ կը վկայակոչէ, ամբոխի կ՛ակնարկէ. ամբոխի, որ կասկածելի լոզունգներէ առաջնորդուելով, իր արդար պահանջին ու ճշմարիտ ակնկալածին հակառակ արդիւնքը կ՛ապահովէ:

Քաղաքացիական հասարակութիւն կը ստեղծուի, երբ քաղաքացիները կը լսեն ազգին ընտրանիին խօսքը: Այդ ընտրանին, որ Փաշինեան արհամարհանքով «Էլիտա» կը կոչէ ու կը հակադրէ իբրեւ թէ իրեն զօրակցող ժողովուրդին: Բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր ազգերու պարագային, ընտրանին կազմուած է մտաւորականներէ, գրողներէ, պատմաբաններէ, գրականագէտներէ, գիտնականներէ, մասնագէտներէ, համալսարանական դասախօսներէ, բարձրաստիճան զինուորականներէ, հոգեւորականներէ, արուեստագէտներէ, կարճմտածումի, հոգեւոր ապրումի ու ստեղծագործ արարումի գործիչներէ: Այս փաղանգին մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան միջոցով է, որ աշխարհագրական տուեալ տարածքի մը վրայ ապրող մարդոց սովորական հաւաքականութիւնը կը վերածուի ինքնուրոյն դիմագծութեամբ ազգի, տարածքը հայրենիքի: Ազգը, իր քաղաքակրթական ինքնուորոյնութիւնը պահպանելու ու հայրենիքը պաշտպանելու համար կը ստեղծէ պետութիւն:

Պետութիւնը վերոնշեալ արժէքները պահպանելու ու զարգացնելու համար կ՛օժտուի իշխանութեամբ մը, որ ժամանակաւոր է ու գնայուն: Ազգին ընտրանին, մտածումի ու ստեղծումի փաղանգը կը նախզգայ վտանգ հայրենի պետութեան կորուստի ու ազգային ինքնուրոյնութեան խաթարումի: Քանի որ վերահաս վտանգին պատասխանատուն կառավարող իշխանութիւնն է, ընտրանին ու անոր ձայնին ունկնդիր բազմահազար քաղաքացիներ կը պահանջեն իշխանութեան հրաժարականը: Իր սխալները արդարացնելով առաջնորդուող իշխանութիւնը չի կրնար աւերը վերացնելու, վերականգնելու, վերստեղծելու նպատակով մտորումներն ու աշխատանքները առաջնորդել: Նոր յոյս ու նոր կորով անհրաժեշտ են անկումային վիճակէն ձերբազատուելու ու ստեղծագործ աշխատանքի լծուելու համար:

Այո՛. փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.