İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նշմար. Հայաստանն Ու Արցախը Պէտք Է Դադրին Բեւեռներու Պայքարին Թատերաբեմ Ու Գործիք Դառնալէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Իբրեւ Խորհրդային Միութենէն նորանկախ պետութիւնՀայաստանը անմիջապէս ներգրաւեց ամէն տեսակի օտար գաղտնի ու յայտնի գործակալներ, կազմակերպութիւններ եւ աղանդներ, օրինակի համար Ճորճ Սորոսի ազգակործան կազմակերպութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն ներկայութիւն են: Այս բոլորը ներքին հաւատարիմ ցանցեր ստեղծեցին, նիւթական վարձատրութեան փոխարէն, ստեղծելով օտարին ենթակայ «Վարձկաններու» փաղանգներ:

Միամիտ, կամ յիմար պիտի ըլլան անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այս օտար կազմակերպութիւններուն նպատակը «բարի» է ու Հայաստանի բարգաւաճման կը ծառայէ: Իսկ ամենազարմանալին ու յիմարութեան գագաթնակէտն էր Երեւանի մէջ 2018-ին առնուազն երեք անգամ «հակառուս յեղափոխութեան» երիտասարդական դասընթացք-ճամբարներու կազմակերպումը, որուն մասնակցեցան նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն շուրջ 150 երիտասարդներ… Նոյնքան զարմանալին ա՛յն է, որ այս մասին մի՛այն ես անդրադարձայ. «Յեղափոխութիւնը Նոր Սեւն Է. ինչպէ՞ս Արեւմտեան դրամը կը հոգայ «Տապալէ քու կառավարութիւնդ» դասապահերը» յօդուածով (1), եւ ցարդ, որեւէ հայրենի կամ այլ հայկական լրատուամիջոց այս երեւոյթին չանդրադարձաւ:

Արդեօք բնակա՞ն է այս փոքր երկրին մէջ մեր ռազմավարական դաշնակիցին դէմ ամերիկեան-արեւմտեան կազմակերպութիւններու կողմէ յեղափոխութիւն կազմակերպելը, որ հայրենի լրատուամիջոցները այս մասին լուռ մնացին: Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր կարծիքը Ռուսիոյ կամ նախկին խորհրդային երկիրներու վարչակարգերուն մասին, Հայաստանի գո՞րծն է որեւէ տեղ յեղափոխութիւն կազմակերպել, կամ սատարել: Հայաստանը բնա՛ւ ուրիշ խնդիրներ չունէր եւ չունի՞, տնտեսութիւն, պարէնաւորման ինքնաբաւութիւն, արտագաղթ, բանակաշինութիւն եւ այլն:

ԱՀԱԶԱՆԳ: Այժմ այս դաւաճան իշխանութեան ահաւոր դաւադրութեան պատճառով, բոլոր տեսակի օտար միջամտութիւնները պիտի բազմանան ու զօրանան, քանի որ առ այժմ ռուսական բեւեռը «յաղթեց». այսինքն, փոխանակ Հարաւային Կովկասէն վտարուելու, աւելի ուժեղ ներկայութիւն դարձաւ` Արցախի մէջ խաղաղապահ բանակ մտցնելով:

Այնքան ատեն որ այս օտարին ու թշնամիին կամակատար իշխանութիւնը չի հեռանար, ամէն ժամ նոր աղէտալի փորձանքներ կը սպառնան մեզի:

16 դեկտեմբեր 2020
haroutchekijian.wordpress.com
————————
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/489550


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.