İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Անհրաժեշտութիւն Են» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու` ռուսական արտադրութեան «Էս-400» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումը անհրաժեշտութիւն է: Այս մասին կը յայտնէ «Կրիքթայմզ» կայքը:

Անոր մեկնաբանութիւնները կատարուած են «Հարաւարեւելեան Եւրոպա եւ արեւելեան լրատուամիջոցներ» 2-րդ առցանց խորհրդաժողովի ընթացքին:

Տենտիաս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները, զուգորդուած նախորդ շաբաթ Եւրոպական խորհուրդի նիստին մէջ արձակուած նախազգուշացումներուն հետ, կրնան յանգեցնել անդորրի, ինչ որ ինք որակած է իբրեւ «հանգստութեան շրջան»:

Ան կրկնած է, որ Յունաստան պատրաստ է «կառուցողական երկխօսութեան» մէջ մտնելու Թուրքիոյ հետ, պայմանով, որ Անգարան դադրեցնէ սադրանքները Եգէական ծովուն եւ Միջերկրականի արեւելեան շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտած է, որ քննարկման համար միակ վէճը ծովային գօտիներու եւ ցամաքային շերտի սահմանազատումն է:

Պատասխանելով Թուրքիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման մասին հարցումին` Տենտիաս ըսած է, որ Յունաստանի եւրոպացի գործընկերները կրնան աւելի յստակ պատգամներ ուղղել, բայց եւ այնպէս Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ խախտումները կը տեսնէ իբրեւ եւրոպական խնդիր, այլ ոչ թէ երկու երկիրներու միջեւ վէճ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դէմ ռուսական «Էս-400»-ներու գնման առնչուած ամերիկեան պատժամիջոցները կը խօսին ռազմաարդիւնաբերական համալիրին մէջ մրցակցային առաւելութիւն ապահովելու Ուաշինկթընի փորձառութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ասիկա կանոններով խաղալով մրցելու անկարողութեան մէկ այլ դրսեւորում է: Մրցակցային որոշ առաւելութիւններ ապահովելու համար անհրաժեշտ են լրացուցիչ քայլեր` հակառակ այդ քայլերու անօրինական ըլլալուն: Անոնք կը ներառեն միակողմանի պատժամիջոցներ ռազմաարդիւնաբերական համալիրի դէմ», ըսած է ան:

Ըստ Զախարովայի, Միացեալ Նահանգներ այդ գործելաոճը կ՛օգտագործէ լրատուամիջոցներուն մէջ, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ: «Ամէնուր գաղափարը նոյնն է. նման անօրինական գործողութիւններով իրենք իրենց օգնել, իրենց արտադրողներուն, գործարարներուն», նշած է ան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.