İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արայիկ Յարութիւնեանը Ուղերձով Դիմեց Ժողովուրդին

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 դեկտեմբերին ուղերձով դիմեց ժողովուրդինհաստատելով, որ որոշած է հրաժարիլ Ազատ հայրենիք կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն, որպէսզի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կարենայ գործել եւ ընկալուիլ իբրեւ պետութեան վերկուսակցական գլուխ, իբրեւ ընդունելի մէկը յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ համախմբող:

Ան նշեց, որ պատրաստ է հրաժարական ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն առաջին իսկ կարելիութեան պարագային, երբ հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին պայմաններու ու սահմանադրական կարգաւորումներու առումով պատրաստ ըլլայ պատշաճօրէն ու արժանապատուօրէն յաղթահարելու նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու ծանր դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հաստատէ կառավարութեան նոր կառուցուածքը` բարելաւելով տարբեր գերատեսչութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրացնել անոնց աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը եւ խնայել հանրային միջոցներ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնը նկատեց Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումընաեւ քաղաքական գործիքակազմով: Ըստ անոր, Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքական ամբողջ ներուժը խելացի ու հետեւողական կերպով պէտք է սպասարկէ այդ առաջնահերթ նպատակի իրագործման ապահովելով կայուն, տեւական ու արժանապատիւ անվտանգ միջավայր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու համար:

Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Արցախի իշխանութիւնները կարելի ամէն ինչ կ՛ընեն լիազօրութիւններու ու կարողութիւններու սահմաններուն մէջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներու չէզոքացման ու անորոշութիւններու յստակացման ուղղութեամբ, որոնց մէկ մասը կախեալ է նաեւ բարձրագոյն մակարդակի միջազգային բանակցութիւններու արդիւնքներէն:

Արայիկ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր մնայուն սադրիչ վարքագիծը, որուն ցցուն օրինակներէն են վերջին օրերուն անոնց գործողութիւնները Խծաբերդի ու Բերդաձորի հատուածներուն մէջ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.