İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՔՈՒԼԻՍ. ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶ»

Կալաթասարայի «Եափը Քրետի» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնէն ներս այս օրերուն բացուած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ»։ Թրքահայութեան արդի պատմութեան մէջ հանգուցեալ Յակոբ Այվազ եղած է կարեւոր դէմք մը՝ գեղարուեստի եւ հրատարակչութեան ոլորտներու մէջ ծաւալած գործունէութեամբ։ Ամբողջ հինգ տասնամեակ ան հրատարակած է «Քուլիս» ամսագիրը եւ բաւական երկար շրջան մը եղած է նաեւ պոլսահայ թատրոնի մղիչ ուժերէն մին։ 1911 թուականին ծնած Յակոբ Այվազ մահացած է 2006 թուականին՝ ետին թողլով անհատական ջանքերով կազմուած թատերական հարուստ արխիւ մը, որ հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ զանազան վայրերու տեսակէտէ կը ներկայացնէ արժէք մը։ Այդ արխիւը լոյս կը սփռէ նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ թատերական պատմութեան վրայ։

Այս բոլոր հանգամանքները հաշուի առնելով կազմակերպուած է այժմու ցուցահանդէսը՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի գլխաւորութեամբ։ Սոյն նախաձեռնութիւնը ի կատար ածելու համար համագործակցած են նաեւ Թուրքիոյ Թատրոնի հիմնարկը եւ «Եափը Քրետի» մշակոյթի, գեղարուեստի եւ հրատարակչութեան կեդրոնը։

Ցուցահանդէսը կը բաղկանայ երեք հիմնական բաժինէ։ Առաջին բաժնին մէջ լոյս կը սփռուի Յակոբ Այվազի երիտասարդութեան շրջանին վրայ։ Այս բաժնին մէջ կը ցոլանայ թատրոնի վերաբերեալ իր կիրքը, ներկայացուած են նաեւ անոր մուտքը հրապարակագրական կալուածէն ներս, Իսթանպուլի մէջ հայկական թատրոնի գործունէութիւնը եւ արտադրանքը։ Երկրորդ բաժնին մէջ խոշորացոյցի տակ առնուած է հոգելոյս Այվազի կողմէ հրատարակուած «Քուլիս» հանդէսը։ 1946-1996 թուականներուն լոյս տեսած այդ ամսաթերթը ունեցած է բազմակողմանի ազդեցութիւն, ինչ որ ժամանակագրական ձեւով կը մատուցուի այցելուներուն։ Իսկ երրորդ բաժինը կեդրոնացած է բազմաթիւ արուեստագէտներու, թատերախումբերու, դերասաններու, բեմադրութիւններու եւ անոնց գործած միջավայրերուն վրայ, ինչ որ եզակի առիթ մըն է վերարժեւորելու համար Թուրքիոյ թատրոնի ամբողջ անցեալը։ Հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով ցուցահանդէսի նիւթերը կը մատուցուին այցելուներուն, մինչ պատրաստուած է նաեւ նոյնանուն երկլեզու (թրքերէն եւ անգլերէն) ալպոմ մը։

Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 21 փետրուար 2021 թուականը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/16-12-2020-«քուլիս-թատերական-յիշողութիւն-մը-յակոբ-այվազ»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın