Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներ Այցելութիւնը` Հայաստան Եւ Արցախ
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` Ճորճ Աղճայեան, Անի Չաղլասեան եւ Սեպուհ Հացագործեան աւելի քան մէկ շաբթուան տեւողութիւն ունեցող այցելութեամբ մը գտնուեցան Հայաստան եւ Արցախ:
Ներկայացուցիչները տեսակցութիւններ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, Գերագոյն մարմինի, ՀՕՄ-ի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ կարելի եղաւ այցելել Ստեփանակերտի առաջին հիւանդանոցը: ՀՕՄ-ը կը շարունակէ օժանդակել այս կառոյցին` կատարելով վերանորոգման աշխատանքներ:
Նշենք նաեւ, որ կատարուեցան այցելութիւններ դէպի Արցախի կարգ մը գիւղեր, յատկապէս` Լաչին:
Ամերկայի Հայ մշակութային ընկերակցութեան Արցախի հիմնարկը պիտի օժանդակէ մահացած հերոսներու պարագաներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ պիտի կատարուին անտուն ընտանիքներուն:
Այս այցելութիւնները յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծեցին գործակցելու եւ ներդրում կատարելու ուղղութեամբ:
Համազգայինի Գիրքերը Տեղ Գտան «Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն»-ին Մէջ Եւս
Վերջերս Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կազմակերպած էր այցելութիւն` «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն», ուր կ՛ապաքինին արցախեան գոյապայքարին մասնակցած եւ վիրաւորուած ազատամարտիկներ: Կեդրոնին գրադարանին նուիրուեցաւ Համազգայինի տպագրած զանազան եւ աւելի քան 20 գիրք:
Ամէն անգամ, երբ առիթ կը ստեղծուի հանդիպելու մեր հերոս զինուորներուն, կարելիութիւն կ՛ունենանք ականատեսն ու վկան դառնալու անոնց անպարտելի ոգիին: Աներեւակայելի է տեսնել հաշմանդամ դարձած երիտասարդը, որ պատրաստակամ է շարունակելու ծառայել հայրենիքին, պէտք ըլլալու պարագային վերստին երթալու ռազմաճակատ: Հայ ժողովուրդին յաւերժութեան երթը կ՛ապահովեն այսպիսի հերոսները:
«Արցախ` Իմ Տուն». Ազգային Պատկերասրահը Հանդէս Եկած Է Կրթական, Ճանաչողական Նոր Ծրագիրով
Երեխաներուն, պատանիներուն Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնելու, Արցախի մշակոյթին, նիստուկացին ծանօթացնելու նպատակով Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նախաձեռնած է «Արցախ` իմ տուն» կրթական ծրագիրը: Նախագիծի շրջանակներուն մէջ 5-15 տարեկան մասնակիցները պէտք է Արցախի մասին թեմաթիք ստեղծագործութիւն նկարեն եւ լուսանկարներ ուղարկեն educationaldepartmentnga@mail.ru հասցէին:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի գիտական կրթական բաժինի վարիչ Անի Նազարեանը լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը` կեանքի կոչած են «Ձօն խաղաղութեան» նախագիծը, որուն մասնակից երեխաները պատկերած են խաղաղութիւնը իրենց աչքերով: Այս նախագիծին հիմնական նպատակը երեխաները պատերազմական իրականութենէն հեռացնելն է, իսկ «Արցախ` իմ տուն» ծրագիրին մասնակցելով` երեխաներն ու պատանիները աւելի լաւ պիտի ճանչնան իրենց հայրենիքը` Արցախը:
Նազարեանը կը հաղորդէ, որ` «Անոնք պիտի փորձեն ուսումնասիրել Արցախը, դիտել բազմաթիւ լուսանկարներ, որեւէ տեսարան կրնան հաւնիլ եւ պատկերել: Նախագիծին վերնագիրը խորհրդանշական է. մասնակիցները պէտք է հասկնան, որ Արցախը մեր հայրենիքն է: Նախատեսած ենք աշխատանքները ցուցադրել նաեւ թանգարանին մէջ: Այդպիսով կապ պիտի ստեղծենք երեխաներուն եւ մշակութային օճախին միջեւ»: Նազարեան աւելցուցած է, որ արդէն ստացած են 70 աշխատանք, որոնք հրապարակուած են «Դիմատետր»-ի պաշտօնական էջին վրայ: Մասնակիցները իրենց գործերը կրնան ուղարկել մինչեւ դեկտեմբեր 28: Համացանցի վրայ առաւելագոյն հաւանումներու արժանացած տասը աշխատանք եւ պատկերասրահին կողմէ ընտրուած 40 աշխատանք յունուարին պիտի ցուցադրուին պատկերասրահի մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ` կա՛մ Արա Սարգսեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի տուն-թանգարանին, եւ կամ Գէորգ Գրիգորեանի (Ջոտտոյի) թանգարանին մէջ:
Ըստ Նազարեանի, կան երեխաներ, որոնք մնայուն կը մասնակցին պատկերասրահին կրթական ծրագիրներուն, անոնք անհամբեր կը սպասեն նորութիւններուն եւ մնայուն կ՛արձանագրուին այս կամ այն նախաձեռնութեան մասնակցելու համար:
Համաճարակի տարածման ընթացքին ունեցած են Ֆինլանտայէն մասնակիցներ: «Հելսինքիի հայկական համայնքէն մօտաւորապէս 8 առցանց կրթական ծրագրի մասնակցած են 15 երեխայ: Ծրագիրները նախագծուած էին սփիւռքին համար: Պատկերասրահը ամէն օր աշխատանք կը տանի, որպէսզի երեխաները ծանօթանան հայկական եւ համաշխարհային մշակոյթին: Անձնակազմը կ՛իրագործէ կարելի եղած ամէն հնարք, որպէսզի ծրագիրները աւելի հետաքրքրական եւ հասանելի դարձնէ նաեւ սփիւռքին», շեշտած է Նազարեանը իր խօսքին մէջ:
Մշակոյթին առաջնային գործառոյթը մարդիկը միաւորելը եւ համախմբելն է: «Մեր ապագայ սերունդը պէտք է լաւ ճանչնայ իր սեփական մշակոյթը եւ զայն տարածէ, որպէսզի թշնամին երբեք չկարենայ զայն ներկայացնել իբրեւ իր սեփականը», խօսքը եզրափակած է Անի Նազարեանը:
Ոչ Եւս Է Զոհուածներու Համար Ջութակ Նուագող Պորիս Պապայեանը
Կեանքէ հեռացաւ ջութակահար, արցախեան ազատամարտի վեթերան, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Պորիս Շիրինի Պապայեանը:
Արցախեան պատերազմի ամբողջ ընթացքին արուեստագէտին մշտական ուղեկիցը եղած է իր սիրելի ջութակը: Ան իր ջութակին նուագով տղաները կը խրախուսէր ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ: Արուեստագէտը իր ջութակը կը նուագէր նաեւ, երբ մեր նահատակներուն շիրիմները այցելէր` յաւերժացնելու անոնց յիշատակը:
«Երբ զգացումներս եւ յիշողութիւններս շատ կը ճնշեն երակներս ու էութիւնս, կ՛ուղղուիմ դէպի եղբայրական գերեզման կամ Եռաբլուր: Հոն կը նուագեմ, կու լամ, կը թեթեւնամ: Գիշերները կը նուագեմ, որպէսզի մարդիկ շատ չհաւաքուին. ընկերներուս շիրիմին նուագելը ինծի համար յարգանքի տուրք է, բայց նաեւ անձնական է», լրագրողներու հետ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած էր արուեստագէտը:
Հաղորդենք, որ մշակոյթի բնագաւառին մէջ իր ունեցած մեծ վաստակին համար ան արժանացած էր Արցախի «Երախտագիտութիւն» մետալին:
«Ազնաւուր» Հիմնադրամը Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած Է Հայաստան` Իր Գործընկերներուն Աջակցութեամբ
«Ազնաւուր» հիմնադրամին եւ իր գործընկերներուն միջոցով Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ հաւաքուած է աւելի քան 35 թոն մարդասիրական օգնութիւն` Հայաստան ուղարկելու համար: «Ազնաւուր» հիմնադրամէն տեղեկացուցին, որ այս օգնութեան մէկ մասը արդէն իսկ ուղարկուեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան վարձած օդանաւով` իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ յայտարարուած մարդասիրական աջակցութիւն:
«Հայաստանը միշտ ալ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Շարլ Ազնաւուրի սրտին մէջ: Ան դարձած է Գիւմրիի մէջ երկրաշարժը վերապրողներուն խորհրդանիշը: Ազնաւուր մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին ե՛ւ ուրախ, ե՛ւ տխուր պահերուն: «Ազնաւուր» հիմնադրամը կը շարունակէ կեանքի կոչել արուեստագէտին մարդասիրական առաքելութիւնն ու տեսլականը. մենք նոյնպէս այս դժուարին պահերուն կանգնած ենք հայ ժողովուրդին կողքին: Իր ընկերներուն եւ գործընկերներուն ջանքերուն շնորհիւ` հիմնադրամը հաւաքած է 35 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որ Ֆրանսայի նախագահին եւ կառավարութեան աջակցութեամբ պիտի ուղարկուի Հայաստան», նշած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրը:
Հաղորդենք, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուրը նոյնպէս պիտի երթայ Հայաստան` հիմնադրամի անձնակազմին հետ կանոնաւորելու օգնութիւններուն բաշխման գործընթացը: Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս հարիւր կամաւորներ մասնակցած են մարդասիրական այս լայնածաւալ օգնութեան հաւաքագրման:
«Ազնաւուր» հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրին տեսլականին, կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանին: Պատերազմի առաջին իսկ օրէն ապագայ «Ազնաւուր» կեդրոնին տարածքը կը ծառայէ, իբրեւ օգնութեան բաշխման միասնական կեդրոն, ուր «ՎԻՎԱ. բժիշկներ եւ կամաւորներ` յանուն Հայաստանի», հիմնադրամի գործընկերներուն հետ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն հիւանդանոցներուն եւ բժիշկներուն: Ոլորտին ուղղուած աջակցութեան շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած է նաեւ շտապ օգնութեան մեքենայ` կահաւորելով անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ պարագաներով:
«Ազնաւուր» հիմնադրամէն յայտնած են նաեւ, որ` «Միաժամանակ կը համագործակցինք առողջապահութեան, պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու եւ այլ գերատեսչութիւններու հետ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` փորձելով արագ արձագանգել ոլորտներու մէջ առաջացող կարիքներուն: Սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու հետ` աջակցելով մարդկային օգնութեան հաւաքագրման արտերկրի մէջ եւ համակարգելով Հայաստան տեղափոխման աշխատանքները: Մասնաւորապէս, ի յաւելում նոյեմբերի վերջին եւ դեկտեմբերի սկիզբը ուղարկուելիք 35 թոն բեռին, մենք արդէն իսկ կ՛օգնենք Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ Հայաստան տեղափոխել քանի մը տասնեակ թոն դեղորայք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Այս ընթացքին սնունդով կ՛ապահովենք Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած հարիւրաւոր ընտանիքներ: Պատերազմի առաջին իսկ օրերէն մեր աջակցութիւնը յայտնեցինք նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` փոխանցելով մեր հանգանակութիւնը: Պատերազմի ընթացքին մենք որոշեցինք չհրապարակել մեր աշխատանքին մասին` հիմնուելով անվտանգութեան նկատառումներէն, ինչպէս նաեւ` կեդրոնացնելով մեր ամբողջ ներուժը կարիքաւորներուն աջակցութիւն տրամադրելու կարեւոր գործին վրայ: Այսուհետեւ հանրութեան պիտի ներկայացնենք մեր նորութիւնները եւ աշխատանքային առօրեան ընկերային ցանցերու` «Ազնաւուր» հիմնադրամին էջին միջոցով»:
6000-է Աւելի Ծառ Տնկուած Է Ի Յիշատակ Արցախի Պատերազմի Հերոսներուն
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը վերջերս ձեռնարկած եւ իրականացուցած է ծառատունկ` նուիրուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն զոհուած հերոսներուն յիշատակին:
Այս ընթացքին Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ 6000-է աւելի ծառ տնկուած է Վայոց Ձորի եւ Արարատի մարզերուն մէջ: Յատուկ ընտրուած «թիրախային տնկումի հայեցակարգի» մեթոտի կիրարկումով Ուրցաձորի, Յովազաձորի, Մոզրովի տարածքներուն մէջ տնկուած են փշատենիներ, տանձենիներ, նշենիներ:
Տարիներ շարունակ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ կիրարկուող մեթոտով ընտրուած են տեղւոյն տեղայատուկ բուսատեսակներու սերմեր, սածիլները խնամքով մշակուած են տնկարաններու մէջ` այսպիսով յարմարեցնելով տարածքին, ուր պիտի տնկուին: Այս մեթոտին շնորհիւ ապահովուած է բոյսերու բարձր կպչողականութիւն:
Ընդգծենք, որ յաջորդ տարի հիմնադրամը նախատեսած է իրականացնել 20 հազար ծառի տնկում: Պիտի ընդլայնուին նաեւ տնկուող ծառերուն տեսակները. տնկուող տեսակներուն աւելցուած են ալոճենին ու խնձորենին: 2021-ի ընթացքին նախատեսուած է մէկ նորարարական գաղափար մը եւս իրականացնել` մեկնարկելով գիհիի աճեցման փորձարարական ծրագիրը:
İlk yorum yapan siz olun