İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ցոյցերը Հետզհետէ Յաւելեալ Թափ Կը Հաւաքեն Բազմահազար Հայորդիներ Կը Միանան Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջին

Երէկերեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, քաղաքացիները «արժանապատուութեան երթ» կատարեցին պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Երթը սկսաւ Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտակայքէն: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ ուղղեցին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Անոնք կը վանկարկէին «Միացէ՛ք», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ: Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով կ՛ողջունէին երթին մասնակիցները:

Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս կու գային ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնատարներ եւ անհատներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան մասնաւորապէս կոչով դիմեց իրաւապահ համակարգի եւ ուժային կառոյցներու պաշտօնաթող եւ ծառայութեան մէջ գտնուող սպաներուն եւ յորդորեց չենթարկուիլ Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգներուն:

Ես հիմա կ՛ուզեմ դիմել մեր այն քաղաքացիներուն, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի սերունդի ժառանգորդներն են, յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը երթի ժամանակ:

«Կը դիմեմ յատկապէս այն քաղաքացիներուն, որոնք կը բնակին Ապարանի, Թալինի, Աշտարակի, Արարատի բոլոր այն շրջաններուն մէջ, ուր իրենց պապերը եկած եւ Հայաստանի մէջ կերտած են իրենց ապագան: Մեր պապերը հայրենիքի կարօտը իրենց հայեացքներուն մէջ հեռացան աշխարհէն, որպէսզի երբեք ոեւէ հայ այլեւս չկորսնցնէ հայրենիքը, որպէսզի մենք, ձեզի հետ միասին, վերատիրանանք մեր հողին: Եւ այսօր, երբ դաւաճանական գործողութիւններու պատճառով մենք կորսնցուցած ենք հայրենիք, հող եւ այդ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ունինք 5 հազարէ աւելի զոհեր, տասնեակ հազարէ աւելի վիրաւորներ, երբ այդ դաւաճանական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք կոտրուած է հայու ողնաշարը, ձեզմէ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի պաշտպանելու դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղադրուած էր հարթակ մը, որուն շուրջ հաւաքուած էր ժողովուրդը: Հարթակին վրայ էին Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան:

«Բոլոր արժանապատիւ հայերուն անունով կը զգուշացնեմՆիկո՛լ, հեռացի՛ր անցնցում ու փրկէ՛ հայրենիքը: Մենք միասին, շատ արագ, Նիկոլին, որ կառչած է իր աթոռին, պիտի քշենք կառավարական շէնքէն, եւ ան պատասխան պիտի տայ հայ ազգին: Ես բոլոր արժանապատիւ հայերուն անունով կը զգուշացնեմ Նիկո՛լ, հեռացի՛ր անցնցում ու փրկէ՛ հայրենիքը», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Արթուր Վանեցեան:

«Մենք պիտի յաղթենք` այդտեղ հարց չկայ: Մենք նորէն ոտքի պիտի կանգնինք, մենք հզօր ժողովուրդ ենք: Մենք հիմա իրարմէ հիասթափուած ենք, քիչ մը ընկճուած ենք, բայց մենք հզօր ժողովուրդ ենք, նորէն ոտքի պիտի կանգնինք եւ շրջանի ամէնէն հզօր պետութիւնը պիտի ըլլանք, ամէնէն ազդեցիկ պետութիւնը պիտի ըլլանք: Յաջորդ սերունդներուն համար պիտի ապահովենք բարեկեցիկ, երջանիկ կեանք», հարթակէն յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան:

Երթի աւարտին ելոյթով հանդէս եկաւ Իշխան Սաղաթէլեան. «Քանի դեռ այդ ազգադաւը կը գտնուի վարչապետի պաշտօնին, մեր ժողովուրդին ու պետականութեան մէջքը ուղղել կարելի չէ: Նիկոլը հեռացնելէ ետք բոլորս միասին Աւստրալիայէն մինչեւ Մոսկուա, Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, բոլորս միասին պէտք է համախմբենք մեր ժողովուրդին ներուժը, որ լուծենք մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Հայ ժողովուրդը, հայ զինուորը, հայ սպան այս պատերազմին չեն պարտուած: Պարտուած է մէկ մարդ` Նիկոլ Փաշինեանը, զայն պէտք է հեռացնենք եւ շարժինք յառաջ», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ երթը պիտի շարունակուի վաղը(այսօր չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, «Ա.») Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցէն (Կրկէսի շրջակայ հրապարակ):


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.