İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տանակարի` Սուրբ Խաչէն Մինչեւ Դադիվանք. Նոյն Տականքը

Ա. Ա.

Անցեալ ուրբաթ Ռաֆիկ Տանակարի անունով անձ մը, ձեռաց խաչ մը ձեռքին, ներկայացաւ Դադիվանք եւ յայտարարեց, որ կը փափաքի ծիսական արարողութիւն մը կատարել, պատկերահանել արարողութիւնը եւ հեռանալ: Ինքզինք ուտի մը ներկայացուցած այս անձին կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով ազրպէյճանցի զինուորականներ եւ լրագրողներ ու պատկերասփիւռի կայաններու նկարահանող խումբեր: Դադիվանքը գտնուող` հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ այս օրերուն կը փոխարինէ Արցախի հայոց թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, կտրականապէս մերժեց Տանակարիի առաջարկը եւ թելադրեց իբրեւ ուխտաւոր աղօթել եւ հեռանալ վանական համալիրէն: Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 7-ին, Պաքուի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ուտի Ռաֆիք Տանակարի Դադիվանքի քարոզիչ նշանակուած է:

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պաշտամունքի վայրերըվանական համալիրներ, եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր եւ այլ բնոյթի ծիսական քարաշէն կառոյցներ իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն ներկայացնելու արշաւը նորութիւն մը չէ եւ խորհրդային օրերէն սկսեալ, անցեալ դարու յիսունական թուականներէն եւ անկէ առաջ ալ ազրպէյճանցի ակադեմականներ, պատմաբաններ, լեզուաբաններ, ժողովրդագրագէտներ եւ լրագրողներ անցած են աշխատանքի եւ պետական պատուէրներով հայկական սկզբնաղբիւրները խեղաթիւրելով հայոց աշխարհի կրօնական եւ հոգեւոր ամբողջ ժառանգութիւնը ներկայացուցած են իբրեւ աղուանական եկեղեցւոյ բաղադրիչները, որոնք դարերու ընթացքին հայոց կողմէ իւրացուած են: Խեղաթիւրման այս ահաւոր արշաւին ի լուրռուս ականաւոր պատմաբան, ակադեմիկոս Վիքթոր Շնիրըլման իր «Աղուանական առասպելը» գիտական գործին մէջ մէկ առ մէկ մերկացուց ազրպէյճանական խեղաթիւրումները եւ ապացուցեց, որ միջնադարու հայ պատմիչներու գործերը պարզապէս բանագողութեան ենթարկելով ազրպէյճանցի ակադեմականներ «հայ», «Հայաստան», «Արցախ», «ուտիք» բառերը ջնջելով` անոնց տեղ գործածած են աղուան, աղուանական, աղուաններու բառերը եւ այդպէս «ապացուցած», որ հայկական եկեղեցի գոյութիւն չունի, եւ հայոց աշխարհի բոլոր եկեղեցիները աղուանական են:

Ազրպէյճանցիները այս իմաստով այնքան առաջ գացին, որ նոյն Ռաֆիկ Տանակարին անցեալ տարի, սեպտեմբեր 5-ին առաքեցին Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր խումբը պարզեց ազրպէյճանական եւ թրքական դրօշներըեկեղեցւոյ մէջ, իսկ Տանակարի կրօնական արարողութիւն մը կատարեց եւ նկարահանումներ ալ կատարուեցան: Արարողութենէն ետք ինքնակոչ այս «ուտի-աղուան»-ը յայտարարեց, որ Սուրբ Խաչն ալ աղուանական ժառանգութիւն է: Ա՛լ այնքան չափը անցած էր, որ նոյնիսկ թուրքերը չհաւատացին այս տեսութեան եւ հարցը անուշի կապելով զայն ճամբեցին:
Ազրպէյճանական այս բաւական ծիծաղելի եւ պատմագիտական միջազգային շրջանակներու կողմէ ձաղկուած տեսութիւններուն «պատմահայրը» Զիա Պունիաթովն է: Ազրպէյճանի Գիտութիւններու ակադեմիայի փոխնախագահը, որ հայկական բոլոր սկզբնաղբիւրները խեղաթիւրելով«ստեղծեց» Թոմաս Տը Վաալի, Սի Ճէյ Տաուսեթի եւ Ռապըրթ Հեուսենի նման պատմաբաններու կողմէ կտրականապէս մերժուած եւ հերքուած աղուանական տեսութիւն մը: Ան նաեւ ազրպէյճանական պատմագիտական շրջանակներուն տուաւ նաեւ բացառիկ սանուհի մը Ֆարիտա Մամետովան, որ գլեց ու անցաւ իր վարպետը, երբ աղուանական շրջանները տարածեց ամբողջ Հայկական Բարձրաւանդակին վրայյայտարարելով, որ ընդհանրապէս ո՛չ Հայաստան, ո՛չ հայ ազգ, ո՛չ ալ հայկական մշակոյթ գոյութիւն ունեցած է, եւ ամէն ինչ աղուանական է, զոր հայերը իւրացուցած են: Իսկ եթէ հայ ազգ չկայ, իր իսկ նշած հայերը ո՞վ են, ան իսկ չունէր պատասխան մը, միայն կը պնդէր, որ հայերը միայն երկու հարիւր տարուան պատմութիւն ունին Հարաւային Կովկասի մէջ: Թէ աշխարհի քրիստոնեայ առաջին պետութիւնն է Հայաստանը, թէՔրիստոսէ առաջ վեցերորդ դարուն հայ ազգը արդէն իսկ ձեւաւորուած ազգութիւն է, թէ Հայկական Բարձրաւանդակին բնիկն է հայը, Մամետովա կը մերժէր ու կը մերժէր: Եւ այդպէս ալ ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դառնար ականաւոր ակադեմականներու կողմէ:

Հիմա պահ մը ուշադրութիւն սեւեռենք աղուաններու երկրին սահմաններուն վրայ: Աղուանական ցեղերու երկիրը կը գտնուի այսօրուան Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններէն մինչեւ հիւսիսՏաղստան տարածուող տարածքին մէջ: Դէպի արեւելք տարածուած շրջաններուն մէջ սերտօրէն միախառնուած է հայկական Արցախ եւ Ուտիք շրջաններուն հետ, որոնք պատմական Հայաստանի նահանգներէն են: Աւելի արեւելք ոչ մէկ պարագայի ընդարձակուած են աղուանները, եւ ասիկա ապացուցուած է արեւմտեան պատմագիտութեան կողմէ: Սակայն Մամետովա յանկարծ կ՛որոշէր, որ Նախիջեւանն ալ աղուանական շրջան է, եւ հոն գտնուող հայկական եկեղեցիները աղուաններէն իւրացուած են: Բայց Մամետովայի այս գիւտը բնաւ ազդեցութիւն չէր ունենար հայր Ալիեւի որոշումին վրայ քանդելու եւ ջնջելու Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիները, խաչքարերը եւ քարաշէն այն ժառանգութիւնը, որ Վասպուրականի թագաւորութեան բնակեցման վայրերուն մէջ կառուցուած էին միջնադարէն առաջ իսկ, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ աղուանները իբրեւ ցեղային խմբաւորում պատմութեան անցած էին: Իսկ ամէնէն տարօրինակ ինքնարդարացման փորձը պիտի գար ազրպէյճանցի լեզուաբան Իլհամ Ճաֆերսոյէն, որ երեսուն նոյեմբերին ազրպէյճանական «Խեզեր» Թի. Վի.-էի «Խուսուսի Պուրախիլիս» յայտագրին ընթացքին յայտարարեց, որ Հին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան խաչքարերը աղուանական ժառանգութիւն էին, եւ ազրպէյճանական բանակը, երբ 2010-ին կը ջարդէր զանոնք, ազատ էր նման բան ընելու, որովհետեւ իրենց ժառանգութիւնն էր: Ան նաեւ խաչքարերու լուսանկարները գլխիվայր բռնած, բաւական շունչ սպառեց բացատրելու, որ խաչքարերուն արձանագրութիւնները ոչ թէ հայերէն, այլ աղուաներէն են: Եւ այդ պահուն իսկ յիշեցի Մեսրոպ Մաշտոցի սան Կորիւնի վկայութիւնը իր ուսուցչին մասին. «Մեսրոպ Մաշտոցի այցելեց ծերունի աղուան մը` Բենիամին անունով, եւ Մեսրոպ Մաշտոց հարցումներ ուղղեց եւ քննեց աղուաններու բարբարոս գիրերը: Ան ապա երկնատուր շնորհքով ստեղծեց աղուանական այբուբենը»:

Ներկայիս դարձեալ հրահրուած է աղուանական այս տեսութիւնը, եւ որուն ծիրը քաղաքական հաշիւներով առաւել ընդարձակուելու եւ շեշտուելու միտումներ ունի: Նման խեղաթիւրումներու դէմ պայքարելու համար գործի պէտք է լծուին հայրենի եւ արցախեան մեր պատմաբանները եւ մտաւորականները, որոնք ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով եւ արաբերէնով հրատարակութիւններ պէտք է տարածեն, որպէսզի հարցը միանգամընդմիշտ փակուի: Այլապէս այս ճակատին վրայ ալ ազրպէյճանցիները պիտի սկսին յառաջանալ եւ առաւելներ արձանագրել` խեղաթիւրումներու ահաւոր դէզերու վրայ բարձրանալով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.