ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Այս տեսակէտով կը ներկայացնեմ հարցեր, որոնք ուղղուած են անհասկնալի «մտքի գոհարներ» արտայայտողներուն…
1.- «Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններն ալ նոյնն են»:
– Հարց. Վերջին 100 տարուան ընթացքին Հայաստան այսքան անտէր ու անելանելի վիճակի մէջ յայտնուա՞ ծ է:
Նախկին իշխանութիւնները կողոպտա՞ծ են:
Համաձայն եմ, սուրբ չեն եղած, բայց եթէ ձեզի համար կողոպուտով քանի մը տուն, գործարան կամ հիւրանոց առնելը կամ գումար դիզելը նոյնն է` ինչ թուրքին ձեռք մեկնելով երկիր ծախելը, ողջ սերունդ մը ոչնչացնելը եւ ընդհանրապէս հայ ազգի ու Հայաստանի գոյութիւնը վտանգի ենթարկելը, մեզ թրքամէտ դարձնելը, ուրեմն, հայրենասիրական առումով, դուք ալ սուրբ չէք, եւ ատելութիւնը մթագնած է ձեր ուղեղները:
2.- «Ո՛չ նախկինները կ՛ուզենք, ո՛չ նիկոլը»:
– Հարց. Այս օրհասական պահուն երկնքէն փրկիչի գալո՞ւստը կը սպասէք:
Հայաստան այսօր նման է հրդեհի ճիրաններուն մէջ յայտնուած տունի մը, ամէն րոպէ ոչնչանալու եզրին է. հիմա, առաջ կրա՞կը մարենք, թէ մտածենք ո՛վ պէտք է նստի այդ աթոռին:
Մանաւանդ այս իրավիճակին մէջ այդ աթոռին նստելու պատրաստակամութիւն յայտնելը հերոսութիւն է, եւ անպայման պէտք է ըլլայ մեծ փորձ ունեցող մը:
Անցողիկ մէկ տարուան հանգրուան մըն է, յետոյ որու կ՛ուզէք` ընտրեցէք:
3.- «Ընդդիմադիրները աթոռի համար կը պայքարին»:
– Հարց. Լաւ նայեցէք` այս պահուն ո՞ վ է աթոռի համար պայքարողը. քիչ մըն ալ սպասենք, հող ալ չի մնար, աթոռն ալ դնելու տեղ չ՛ըլլար: Ժամեր առաջ նիկոլ փաշինեան բառացիօրէն յայտարարեց. «Այս պահուն ամենակարեւորը ժողովուրդի ընտրած իշխանութիւնը պահելն է»… միթէ սա աթոռամոլութին չէ՞…
Միւս կողմէն ալ` արդեօ՞ք քաղաքական ուժերու կողմէ երկիրը կառավարելու ձգտում ունենալը բնական երեւոյթ չէ, իսկ ներկայ պահուն երկիրը կառավարելու համար պայքարիլը աթոռամոլութի՞ւն է, թէ՞ երկիրը փրկելու վերջին փորձ…
Լա՛ւ մտածեցէք, մանաւանդ` նիկոլ պաշտպանողներ, համաձայն եմ, որ հիասթափութեան հետ հաշտուիլը քաջութիւն կ՛ուզէ, այդ քաջութիւնը գտէք ձեր մէջ, որովհետեւ պահը ճակատագրական է արթնցէ՛ք, քանի Սիւնիքն ալ չենք կորսնցուցած…
«Եռագոյն»
Yorumlar kapatıldı.