Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ երէկ հիւրը եղաւ Պոլոնիային, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կատարեց 4-րդ կոլին էսիսթը, նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը` 44-րդ վայրկեանին:
Տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրելով` Ա. Էս. Ռոմայի կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 21 կէտ:
Մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմին` Ա. Էս. Ռոմայի յաջորդ մրցակիցը 17 դեկտեմբերին պիտի ըլլայ Թորինօ:
Yorumlar kapatıldı.