İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով` Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած, Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը 12 դեկտեմբերի առաւօտեան հասած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոսսիափրիմաւերա» կայքը:

Դիւանագէտները հանդիպած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Քասփրչիք:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին Ալիեւ ըսած է. «Ցաւօք սրտի, Մինսքի խմբակը որեւէ դեր չէ խաղացած տագնապի լուծման հարցին մէջ: Հակառակ անոր որ ատոր համար 28 տարուան ընթացքին լիազօրութիւն ունեցած է: Ես 17 տարի մասնակցած եմ բանակցութիւններուն: Սակայն նոյնիսկ եթէ Մինսքի խմբակը հանդէս եկած է գաղափարներով եւ փորձած է ստեղծագործաբար մօտենալ հարցին, ատիկա որեւէ արդիւնք չէ տուած», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, տագնապի լուծումը ամբողջովին փոխած է շրջանին մէջ իրավիճակը: «Ներկայ պահուն ամբողջովին նոր իրավիճակ ստեղծուած է», շեշտած է Ալիեւ` համաձայնելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գնահատականին հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արդէն պատմութեան գիրկը անցած է:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ Պաքու այցելելու նախաձեռնութիւնը համանախագահներունը եղած է, եւ ինք զիրենք չէ հրաւիրած: «Այստեղ գալը ձեր գաղափարը եղած է: Կրնամ անգամ մը եւս ըսել ատիկա տեսախցիկին առջեւ: Ես Մինսքի խմբակը չեմ հրաւիրած, սակայն երբ ինծի տեղեկացուցին, որ Մինսքի խմբակը կ՛ուզէ գալ, ըսի` թող գան, ես դէմ չեմ: Թերեւս ինծի ըսելու բան ունին», ըսած է Ալիեւ:

«Ազրպէյճան յաջողեցաւ այս տագնապը ինք լուծել, պատերազմի դաշտին մէջ պարտութեան մատնեց Հայաստանը եւ անոր ստիպեց անձնատուութեան յայտարարութիւն ստորագրել», յայտնեց Ազրպէյճանի նախագահըաւելցնելով. «Շրջանի հայ բնակչութեան վերաբերեալ բացարձակապէս հարց չկայ մեկնելով անկէ, որ անոնք ազրպէյճանական կառավարման տակ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան»:

«Հայաստանի նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը պատերազմի ոճրագործներ են», ըսաւ անաւելցնելով. «Մենք իրականութեան մէջ պարտութեան մատնեցինք Սարգսեանն ու Քոչարեանը: Անոնք փորձեցին պատասխանատուութիւն բեռցնել ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուսերուն, որ իշխանութեան հասաւ պատահաբար Սարգսեանի եւ Քոչարեանի վարչակարգերուն դէմ ցոյցերու ալիքի ընթացքին»:

Ալիեւ աւելցուց, որ իր երկիրը իրաւական քայլերու սկսած է հայերուն կողմէ իրենց բռնագրաւած ազրպէյճանական քաղաքներուն մէջ քանդումներուն դէմ` նշելով. «Շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու տարածուելէն ետք կայունութիւն հաստատուեցաւ, սակայն հայկական միլիսներու մնացորդը երէկ ահաբեկչական արարքներ գործեց»:

Ալիեւ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկումի ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոն պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանին մէջ:

«Մենք կը գտնուինք Աղտամի շրջանին մէջ հսկողութեան կեդրոնի ստեղծման փուլին մէջ: Ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնը պիտի վերահսկէ զինադադարի դրութեան պահպանումին: Կը կարծեմ` ատիկա շրջանային համագործակցութեան լաւ դրսեւորում է: Նոյն ատեն ատիկա Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ լաւ համագործակցութեան խորհրդանիշ է», ըսած է Ալիեւ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.