İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հ.Բ.Ը.Միութիւնը չի հակադրուիր Վարչապետին

Մանուէլ Քէշիշեան

Շատ կ’ուզէի Հալէպահայութեան օրեցօր վատթարացող վիճակին մասին գրել այս շաբաթ, գիտեմ, որքան ալ Արցախն ո Հայաստանը ըլլան մեր բոլորիս գլխաւոր, թերեւս միակ մտահոգութիւնը, այնուամեաայնիւ հալէպահայութիւնը կը մնայ մեր բոլորին սրտերուն եւ մտքերում մէջ, բոլորս ալ կը հետաքրքրուինք այս գաղութի աօրեայ տագնապներով, կ’ուզենք թեթեւցնել անոր ծանր, օր օրի ծանրացող կացութիւնը բայց … բայց հայաստանեսն կսրեւոր իրադարձութիւն ստիպեց ինծի մտորել այդ մասին, քանի մը օր մէկ կողմ ձգելով Հալէպահայութեան ցաւալի կացութիւնը:

Զիս յուզող հարցը Հ.Բ.Ը.Միութեան 11 Դեկտեմբերի Վարչապետը հրաժարականը պահանջող յայտարարութիւնն է: Իրականութեան մէջ շատ մեղմ պահանջք մըն է միութեան յայտարարութիւնը որմէ ետք Միութիւնը չի միանար ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու խումբին, անհնազանդութիւն չի յայտներ պետութեան:

Միութեան յայտարարութիւնը կը համընկնի Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկին, աւելին, կը կարծեմ, թէ այս յայտաարարութիւնը երբեք չի միտիր հակադրուիլ վարչապետ Փաշինեանին, որովհետեւ հոս շտապ հրաժարականի պահանջք չկայ:

Նախագահի քանի մը շաբաթ առաջ վարչապետին հրաժարականը պահանջելէն ետք, կարելի է սեպել, թէ Միութիւնը քիչ մըն ալ ուշացած հանդէս եկաւ հրաժարականի պահանջով, չէ՞ որ Արմէն Սարգսեան մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ըլլալը Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Մարմնի անդամ էր:

Այս յայտարարութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը վարչապետէն կ’ակնկալէ «Բարի կամք եւ բարձր գիտակցութիւն», կ’ակնկալէ նաեւ Ազգային ժողովին աջակցութիւնը ժամանակավոր կառավարութեան…

Ինչպէս գիտենք վարչապետն ալ չի բացառեր «կանխահաս» ընտրութիւններ:

Միութիւնը կը պահանջէ ամէն քայլ առնել օրինականութեան սահմաններուն մէջ՝«պահպանելով օրինաւարութիւնն ու սահմանադրական ընթացակարգերը…» այսինքն վարչապետը կը հրաժարի, Ազգային ժողովը կ’ընդունի անոր հրաժարականը, Փաշինեանը կը մնայ իր պաշտօնին վրայ, մինչեւ որ ներկայ եւ նախկին վարչակազմերէն անկախ, փորձագիտութեամբ եւ ձիրքերով ակնառու անհատներէ կազմուած մարմին մը ստանձնէ անցումային կառավարութեան առաջնորդութիւնը…

Ասիկա կրնայ քանի մը ամիս տեւել… վարչապետին սահմանած վեց ամիսներէն մէկը անցած է արդէն…

Այս յայտարարութեան մէջ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը յիշեցնէ , որ ինք, իր հիմնադրութեան օրէն, մշտապէս ազգային շահերը պաշտպանողներու առաջին շարքին վրայ գտնուած է՝ «Առանց ներքաշուելու ներքին քաղաքանութեան մէջ՝ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի որեւէ համայնքի մէջ». եւ ասիկա ճշմարիտ է, բայց Փաշինեանին հրաժարական տալու, անչափ նրբանկատութեամբ կատարուած այս առաջարկով Միութիւնը կամայ-ակամայ կը մխրճուի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքականութեան մէջ:

Մէկ խօսքով, ո՛չ Նիկոլապաշտները տխրելով, աւելի ճիշդ բարկանալով, հայհոյելու թող սկսին, ո՛չ ալ վարչապետին հրաժարականը պահանջողները ուրախութեամբ գոչեն.« Տեսէ՛ք, Հ.Բ.Ը.Միութիւնն ալ մեզի միացաւ»…

Կը մնայ Միութեան մասնաճիւղերու պատասխանատուներուն եւ մանաւանդ սովորական անդամներուն համար ստեղծուած անյարմար վիճակէն դուրս գալը. չէ՞ որ անոնք մինչեւ այսօր կը պաշտպանէին վարչապետը, որպէս հայոց պետականութեան խորհրդանիշ… կը հաւատային անոր, նիւթապէս եւ բարոյապէս կը սատարէին անոր բոլոր քայլերուն: Ասոնց համար մեծ անակնկալ մըն էր Միութեան Կեդրոնին այս դիրքորոշումը:

Հիմա անոնք ուզեն-չուզեն Փաշինեանի անցեալ եւ ներկայ արարքներուն մէջ սխալներ գտնել պիտի փորձեն, աններելի սխալներ, ազգն ու երկիրը կործանման տարած սխալներ, արարքներ, որոնց անսխալականութիւնը մինչեւ հիմա ատամներով պաշտպանած էին, նոյնիսկ պաշտպանած էին Նոյեմբեր իննի անձնատուութիւնը որ փրկած էր հազարաւոր զինուորներու կեանքեր, անոնք մինչեւ Միութեան պահանջքէն երկու ժամ առաջ հաւատացած էին, որ վարչապետի այդ ստորագրութեան շնորհիւ մերը մնաց այն ինչ որ կայ այսօր Արցախէն … հիմա ամէն ճիշդ համարուածի մէջ սխալներ պէտք է գտնեն, որոնց համար վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ:

Հիմա Հ.Բ.Ը.Մ.-ականները պարտաւո՞ր են «Նիկոլ, հեռացի՛ր» գոռալու… չեմ գիտեր:

Կը յիշեմ, երբ Լուիզ Սիմոն հրաժարեցաւ եւ Պերճ Սեդրակեան 2002 թուականին Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ, Կեդրոնական Մարմինը մօտաւորապէս այսպէս յայտարարեց.- Անսովոր ժամանակներու առջեւ կը գտնուինք եւ ոչ սովորական նախագահ մը պէտք է ունենայ Միութիւնը, քաջ, համարձակ եւ նախաձեռնող:

Իրապէս ալ, Միութիւնը քանի մը կարեւոր քայլեր առաւ Պերճ Սդրակեանի օրերուն, որոնք բոլորն ալ վիճաբանութեան տեղի տուին Միութեան մէջ, նաեւ ուրիշներու կողմէ միութիւնը ենթարկեցին քարկոծումներու. այդպիսի որոշումներէն մէկն ալ Կիպրոսի «Մելգոնեան» Կրթակահ Հաստատտութեան փակումն էր. այն հաստատութեան, որ տասնամեակներ շարունակ եղած էր Սփիւռքի ուսումնական ամէնէն լաւ հաստատութիւններէն մին, եթէ ոչ լաւագոյնը:

Մէկ իրողութիւն պարզէն ալ պարզ է. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր ամէն կարելիութիւնները տրամադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր տնտեսական եւ գիտական առաջդիմութեան եւ վստահաբար պիտի շարունակէ նոյն կերպով աջակցիլ անոր:

Իսկ 11 Դեկտեմբերի յայտարարութիւնը բան պիտի չփոխէ այս դիրքորոշումէն, այնպէս որ, թերեւս բոլորին համար աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ չկատարուէր այն: Արդեօք Փաշինեանը արդէն համաձայնա՞ծ է հրաժարիլ. Ո՞վ գիտէ: Մենք, սովորական հայերս, առաւել եւս Սփիւռքի մէջ գտնուողներս, չենք գիտեր թէ ինչեր կը կատարուին քուլիսներու ետին, մեզի կը մնայ համբերել, յուսալով որ «Արցախեան աղետի յետցնցումները» նոր զոհեր չխլեն մեզմէ, նոյնիսկ մէկ զոհ չխլեն մեզմէ: Իսկ Բարեգործականը, վստահ եմ պիտի շարունակէ իր ուշադրութեան գլխաւոր կեդրոնը պահել Հայաստանը՝ իր կարեւոր դերը պիտի շարունակէ ունենալ զօրաւոր, զարգացած երկիր դարձող՝ զարգացած ժողովուրդով Հայաստանի մէջ, քաջ գիտնաալով, որ եթէ հայութեան ներկան Հայաստանն ու Սփիւռքն են ապա ապագան Հայաստանն է:

Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 12 Դեկտեմբեր 2020


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.