İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մխիթարեան. «Պիտի Փորձենք Անակնկալի Բերել Մեր Մրցակիցները»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին տուած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադարձաւ Եւրոպայի գօտիի 2022-ի Մոնտիալին վիճակաձգութեան:

«Մեզի համար այդքան ալ գէշ չէ այս խմբակը, բայց որեւէ ազգային խումբ չենք կրնար անտեսել:

«Տարբեր խաղաոճերով պիտի խաղանք իւրաքանչիւր հաւաքականի դէմ, պիտի փորձենք շատ լաւ պատրաստութիւն տեսնել եւ պայքարիլ բոլորին դէմ` անխտիր:

«Յոյսով եմ, որ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք եւ պիտի փորձենք անակնկալի բերել մեր բոլոր մրցակիցները», ըսաւ Մխիթարեան:

Նշենք, որ վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, հայրենի կազմը, որ մաս կազմեց Ժ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան, Ռումանիան, Իսլանտան, Հիւսիսային Իրլանտան, Մակեդոնիան եւ Լիխթընշթայնը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.