İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: Անոնք կը կատարուին նաք աութի դրութեամբ, եւ պարտուողը դուրս կը մնայ մրցաշարքէն:

Մրցաշարքէն դուրս մնացողներուն կարգին եղաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Ալէյի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նասըր Հատասի դէմ:

ՀՄԸՄ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, այս մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:

Հակառակ իրենց կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ մարզիկները ունեցան բաւական լաւ ներկայացում մը եւ իրենց կազմակերպած վտանգաւոր յարձակումներով բազմաթիւ անգամներ վտանգեցին մրցակիցին դարպասը:

Սակայն, մրցակիցը իր երկու հակայարձակումներուն շնորհիւ նշանակեց երկու կոլ:

Նշենք, որ նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտին կեդրոնը կլորաձեւ շրջանակ մը կազմելով եւ գետնին վրայ Արցախի դրօշակը դրած մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած հայ մարտիկներուն յիշատակը:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.