İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Առանց Նիկոլի Հայաստան» Խորագիրով Համաժողովրդական Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ Երեւանի Մէջ

Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին մէջ 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժում նախաձեռնութեան հանրահաւաքը, որուն նախաձեռնած էին խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան իր բացման խօսին մէջ յայտնեց, որ «Ազատութեան» հրապարակին մէջ հաւաքուած են հազարաւոր մարդիկ, իսկ միտքով ու հոգիով ներկայ են նաեւ տասնեակ, հարիւր-հազարաւորներՍիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ, սփիւռքի բոլոր գաղութներէն մինչեւ Ջաւախք:
«Այս հաւաքը մէկը իշխանութենէն հեռացնելու եւ ուրիշ մը իշխանութեան բերելու համար չէ: Այս հաւաքը մէկն է վերջին 30 տարիներու այն եզակի հաւաքներէն, որոնք արդէն 2 շաբաթէ ի վեր կը շարունակուին, անիկա պայքար է յանուն արժանապատուութեան վերականգնման, յանուն ապագայ սերունդներուն, որպէսզի որեւէ սերունդ այս մասին դասագիրքերուն մէջ կարդալով
երբեք չարձանագրէ, որ 2020 թուականին ժողովուրդը հանդուրժեց հայրենիքի կորուստին պատճառ դարձած, զայն ծախած, պատերազմին պարտուած, մէկ գիշերուան մէջ անձնատուական փաստաթուղթ ստորագրած, հասարակութիւնը պառակտած, Նիկոլ Փաշինեան կոչուած անձը, որ ներկայիս իշխանութեան ղեկավարն է», նշեց Գեղամ Մանուկեան:
Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած զինուորներուն եւ կամաւորներուն յիշատակը:

Յատկանշական էր Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեանին ներկայութիւնը, անոր կողմէ արտասանուած Տէրունական աղօթքն ու տուած պատգամը:
«Տխուր եմ, որ կորսնցուցած ենք Արցախի տարածքին մէկ մասը, մեր զինուորներուն մարմինները կը գտնուին հոն, ուր թշնամին էգրաւեալ տարածքներուն մէջ, բայց մենք մեզ կը նկատենք «հպարտ քաղաքացիներ»: Կրնա՞ք ըսել ի՞նչ է պատճառը, որ մենք հպարտ ենք. հպարտութիւնը մեղք է», ըսաւ անդիտել տալով, որ բազմաթիւ երկիրներ, գերտէրութիւններ, որոնք պատերազմի մէջ են, չեն ըսեր հպարտ քաղաքացիներ, իսկ մենք տարածքներ կորսնցնելով, մեր զինուորներուն դիակները թշնամիին գտնուած տարածքներուն մէջ ձգելով մենք մեզ հպարտ կը նկատենք:
Ան նշեց, որ գիտէ, թէ մարդիկ եկած են իրենց արդար ձայնը բարձրացնելու, բայց կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն այս բոլորը կռիւի վերածել: «Եթէ կան այդպիսիները, կը խնդրեմ վաղը, միւս օր հաւաքուինք ու երթանք հոն, ուր պէտք է կռուիլ, այն սահմանին, ուր թշնամին մեզի կը սպասէ: Մենք պիտի մաքրենք մեր երկիրը, ասիկա դեռ սկիզբն է», ըսաւ տէր Յովհաննէս: Քահանայ հայրը մտահոգութիւն յայտնեց, որ այսօր Դադիվանքի պարիսպի պատերուն տակ թուրքը կը քալէ, իսկ երէկ ուտիները հոն իրենց ծառայութիւնը մատուցած են, բայց մեր հոգեւորականներուն ներկայութեան. «Այսօր այդ մասին պէտք է մտածենք»:
Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ մենք պէտք է հզօրանանք, մեր հաւատքին ու մեր սիրոյ մէջ: «Մենք սկսանք պարտուիլ, երբ մեր ժողովուրդին մէջ պառակտում սկսանք յառաջացնելսպիտակներ, սեւեր, արցախցիներ, հայաստանցիներ. մենք հա՛յ ենք: Մենք պէտք է ապաշխարենք, մեր մէջ պէտք է տիրական ըլլայ աստուածային սէրը, եթէ եղաւ, մենք կ՛երթանք ու կը յաղթենք, մեր տարածքները մեզի կը սպասեն, Աստուած պահապան քեզի իմ հայ ժողովուրդ», ըսաւ ան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իվետա Տօնոյեան ընթերցեց ուղերձը կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին, որ հանրահաւաքի մեկնարկէն ընդամէնը կէս ժամ առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն հրաւիրուած էրհարցաքննութեան:
Ուղերձին մէջ նշուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է վախնայ իր վարած խայտառակ քաղաքականութեան հետեւանքներէն, իր ժողովուրդին բարկութենէն, անտուն ու անհայրենիք մնացած մեր շուրջ 100 հազար արցախցիներուն զայրոյթէն, զաւակ կորսնցուցած ծնողներուն ցասումէն, բայց եւ այնպէս հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին առջեւ ծառացած օրհասական խնդիրները լուծելու համար փոխարէն Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ քաղաքական հետապնդումները, աթոռը պահելու համար ան պատրաստ է ամէնէն ստոր քայլերուն անգամ:
Ծառուկեան յիշեցուց, որ ինք 6 ամիս առաջ յայտարարած էր, որ օր առաջ այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան, ինչ որ մօտալուտ վտանգը կանխելու իր քայլն էր
միտուած Արցախի անվտանգութեան, յունիսին Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ իշխանութիւնները պէտք է բացէ ի բաց ըսեն, թէ ինչի՞ շուրջ կը բանակցին Փաշինեանն ու Ալիեւը: Ան դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին պատճառներէն է նաեւ տնտեսութեան ողնաշարին տրուած հարուածը, «Քորոնա»-ին դէմ պայքարի ձախողութիւնը, արտաքին աշխարհի գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը եւ բազմաթիւ այլ գործօններ, «բայց իմ թիւ մէկ մտահոգութիւնս Արցախն էր ու Արցախի անվտանգութիւնը», յայտնեց Ծառուկեան: Ան շեշտեց, որ այս յանձնուողական համաձայնագիրէն ետք մանաւանդ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը այլեւս այլընտրանք չունի: Պէտք է ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն, որ կարելիութիւն պիտի ունենայ վարել նոր բանակցութիւններ. թէեւ Արցախը վերադարձնելը կարելի պիտի չըլլայ, սակայն գոնէ պէտք է նուազագոյնի հասցնել ստորագրուած փաստաթուղթին ծանր հետեւանքները:
«Հաւատացէ՛ք, զիս երբեք չի հետաքրքրեր Նիկոլ Փաշինեանի անձը, մարդ մը, որ չունեցաւ տղամարդկային արժանապատուութիւն ընդունելու իր սխալըԱրցախը յանձնելու, հազարաւոր զոհեր տալու եւ չունեցաւ պետական մտածողութիւն ներողութիւն խնդրելու եւ հեռանալու: Ինծի համար նման հայ, նման մարդ այլեւս գոյութիւն չունի, ան այլեւս անցեալ է: Ան եւ այս խայտառակ պարտութեան բոլոր մեղաւորները օրէնքի առջեւ իրենց պատիժը պիտի ստանան», նշեց Գագիկ Ծառուկեան իր ուղերձին մէջ:

Ապա խօսք առաւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դերասան Վիգէն Ստեփանեան եւ նշեց, որ շատեր կը կարծեն, թէ մտաւորականութիւնը լուռ է, կը փորձէ յարմարիլ ստեղծուած վիճակին, սակայն իրականութիւնը այդ չէ, ոք ոչ կրնայ նման ծանր կացութեան հետ հաշտուիլ: «Մենք լուռ չենք, մենք միշտ ալ արտայայտուեցանք, բայց ցաւօք, լսող չեղաւ: Լսուեցան ճղճիմ ձայները, որոնք կեղծ կարգախօսներով պարզապէս խաբեցին ժողովուրդը: Նոյնիսկ երազի մէջ դժուար է պատկերացնել, որ այսօրուան նման կացութեան մէջ կը գտնուի երկիրն ու հայութիւնըԱրցախի կէսի կորուստ, հազարաւոր զոհեր, անհետ կորսուածներ, որդեկորոյս մայրեր, ինչպէ՞ս շարունակեմ: Քորոնավիրուսն ալ ուրկէ՛ եկաւ, բայց անոր վրայ աւելցաւ նաեւ նիկոլավիրուսը, որմէ պէտք է հիմա ազատիլ», ըսաւ ան: Ըստ Վիգէն Ստեփանեանի, ատկէ ազատելու ուղին բարոյահոգեբանական մթնոլորտն է, որուն մէջ կ՛ապրինք այսօր. «Պառակտումը, զիրար ատելը, իրար չլսելը երկիրը կը տանի փակուղի, մենք պէտք է կարենանք ոչ թէ ուժ գտնել ոտքի կանգնելու, այլ իրար հաւատալու, իրար լսելու, իրար յարգելու: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Հայաստան վերադարձնենք հաւատք, արժանապատուութիւն. միայն այդ պարագային մեզ կը յարգեն միջազգային հարթակներու վրայ», շեշտեց ան:

Ելոյթ ունեցաւ Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան, որ ըսաւ, թէ քաղաքական դիակը շարքային ստախօս է, ան կը ստէ ամէն օր, ամէն տեղ, ամէն առիթի կամ անառիթ, ան անհաւասարակշռուած անձ է: Ապա դիմելով Փաշինեանինան ըսաւ. «Նիկո՛լ, դուն այլեւս իշխանութիւն չունիս, դուն ոչ թէ ասֆալթին փռող ես, այլ ասֆալթ փռող ես, դուն հայրենասպան ես, ֆէյք ես»:
Վանեցեանի կարծիքով
մենք այսօր չունինք աշխարհին մէջ վստահութիւն վայելող իշխանութիւն, քանի որ սեփական պետութիւնը անձնատուութեան հասցուցած իշխանութիւնը չի կրնար յարգանքի արժանանալ որեւէ այլ մայրաքաղաքի մէջ, հետեւաբար մեր համակարգային խնդիրն է վերականգնել պետութեան ներքին դիմադրողականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհին մէջ վերականգնել մեր արժանի տեղն ու դերը: Վանեցեան դիտել տուաւ, որ Փաշինեան փճացուցած է Հայաստանի յարաբերութիւնները բոլոր երկիրներուն, աշխարհաքաղաքական կեդրոններուն հետ, իսկ անոր մնացած իւրաքանչիւր օր ծանր վնասներ ու հետեւանքներ կ՛ունենայ թէ՛ ներքին, թէ արտաքին ճակատի վրայ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ եթէ մենք Նիկոլ Փաշինեանը հեռացուցած ըլլայինք 6 ամիս առաջ, պատերազմ չէր ըլլար, եթէ մենք Նիկոլը հեռացնէինք պատերազմի առաջին օրերուն, այդ պատերազմը պիտի աւարտէր յաղթանակով, իսկ եթէ մենք Նիկոլը հեռացնէինք ստորնացուցիչ պայմանագիրը ստորագրելու օրը, մենք այսօր պիտի ունենայինք շատ աւելի լաւ իրավիճակ: Հետեւաբար, ըստ անոր, Նիկոլի իւրաքանչիւր մէկ օր աւելի մնալը փորձանք է մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար:
Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ Նիկոլի հեռացումով մենք կարելիութիւն պիտի ունենանք Հայաստանի մէջ հաստատել կայունութիւն եւ համերաշխութիւն, իսկ այնքան ատեն որ Նիկոլը կայ, Հայաստանի մէջ հայ արժանապատիւ մարդը պիտի չհանդուրժէ անոր գոյութիւնը: «Նիկոլի հեռացումով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի պաշտպանել մեր պետականութեան շահերը: Թուրքին առջեւ ծունկի իջած, թուրքին յանձնուած ղեկավարը չի կրնար պաշտպանել մեր ժողովուրդին շահերը», հաստատեց ան: Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումով կարելի պիտի ըլլայ կանխել մեր երկրին սպառնացող ընկերային-տնտեսական ու մարդկային աղէտը, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը անկարող է ատիկա ընել:
Նիկոլի հեռացումը անհրաժեշտութիւն է այլ պատճառով ալայդ պարագային կարելիութիւն պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ իրականացնել ազատ, արդար ընտրութիւններ: «Բոլոր խօսակցութիւններէն կարելի է հասկնալ, որ Նիկոլ Փաշինեան իրավիճակէն դուրս գալու համար փորձ կը կատարէ ճշդել արտահերթ ընտրութիւններ եւ, կառչած մնալով վարչապետի աթոռին, այդ ընտրութիւններուն ժամանակ կեղծել յաջորդ ընտրութիւնները եւ վերարտադրուիլ: Եկէ՛ք մենք յայտարարենք, որ մենք որեւէ տարբերակ չենք ընդունիր, Նիկոլը պէտք է հեռանայ եւ վե՛րջ», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը պատասխանեց ժողովուրդը յուզող քանի մը հարցումներու
նշելով, որ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի փոխարինէ Վազգէն Մանուկեանը, որ իր անցած ուղիով, հմտութիւններով, կարողութեամբ երկրին մէջ պիտի սփռէ համերաշխութիւն եւ հանդարտութիւն: «Վերջին 30 տարուան ընթացքին միայն երկու անգամ եղած է ընդդիմադիր ուժերու համախմբումմէկը 1996-ին, միւսն ալ այս օրերուն, եւ այդ երկուքն ալ կատարուած են Վազգէն Մանուկեանի շուրջ», ըսաւ ան դիտել տալով, որ ան պիտի կազմէ ժամանակաւոր հակաճգնաժամային կառավարութիւն, որ ի վիճակի ըլլայ յաղթահարել մեր երկրին դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները:
Յաջորդ հարցումը, ըստ անոր, այն է, թէինչպէ՞ս պէտք է վարուին Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները, որոնք համաձայն են, որ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, բայց չեն ընդունիր բեմին վրայ գտնուող ուժերը: «Այդ քաղաքացիները անյապաղ պէտք է գան այս հրապարակ, որովհետեւ իրենց պայքարը հայրենիքի փրկութեան համար է, ոչ թէ մեզմէ ոեւէ մէկը իշխանութեան բերելու: Հետեւաբար, «Նիկոլ, հեռացի՛ր»-ը ոչ թէ կոչ է, այլ հայ ժողովուրդի համահայկական պահանջը», ըսաւ ան: Սաղաթէլեան յայտնեց, որ ատիկա իրականութիւն պիտի դառնայ մէկ ձեւով հայ ժողովուրդի համահայկական բողոքի, անհնազանդութեան շարժումներու միջոցով, որպէսզի մեր պայքարը դառնայ իրականութիւն:
Խօսելով ժամանակաւոր կառավարութեան ընելիքներուն մասին` Սաղաթէլեան յայտնեց, որ ան պիտի իրականացնէ ինչ որ 2,5 տարի առաջ այս հրապարակին մէջ խոստացաւ սուտասան Նիկոլ Փաշինեանը եւ խաբեց ժողովուրդը: «Նոր իշխանութիւնը իր ժողովուրդին չ՛ըսեր «ծունկի կու գամ ձեր առջեւ,արժանապատիւ, հպարտ քաղաքացինե՛ր», բայց կ՛երթայ ծունկի կու գայ թուրքին առջեւ եւ մեր ժողովուրդէն կը խլէ իր արժանապատուութիւնը եւ ինքնասիրութիւնը: Նոր իշխանութիւնը անօրինական միջոցներով չի փորձեր օրինականութիւն հաստատելու կեղծ նմանակում կատարել, նոր իշխանութիւնը սփիւռքը չի դիտեր իբրեւ կթան կով եւ միջոց իր հիմնադրամները համալրելու: Նոր իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի չսպասարկէ օտարածին օրակարգերու, այլ Հայաստանի մէջ հիմք պիտի դնէ ազգային իշխանութեան, հայ ազգային արժէքները պետութեան ուշադրութեան կիզակէտը պիտի ըլլան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան առաջարկեց, որ բոլոր հրապարակին մէջ գտնուողները ազգովին տան շատ կարեւոր որոշում, որ պէտք է մտնէ իւրաքանչիւր հայու օճախ եւ դառնայ հոգիի հաւատամք. «Այս որոշումը այստեղէն պէտք է տարածուի նաեւ աշխարհի իւրաքանչիւր հայու տուն, որոշում, որ հայ զինուորը չէ պարտուած, Հայաստանը չէ պարտուած, պարտուած է միայն ու միայն Հայաստանի իշխանութիւնը եւ անոր պարագլուխ Նիկոլը: Հետեւաբար, որպէսզի հայ մարդը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ուղղէ իր ողնաշարը, Նիկոլը պէտք է հեռանայ եւ վե՛րջ»:
Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց համախմբուելու, որ հրապարակի ներկայութիւնը կրկնապատկուի, եւ Նիկոլը հեռանայ: «Ես կը հաւատամ մեր յաղթանակին, ձեզմէ իւրաքանչիւրին, մեր ժողովուրդի կամքին, այս պայքարը պիտի աւարտի յաղթանակով, որովհետեւ ասիկա հայրենիքի փրկութեան պայքար է», եզրափակեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Հանրահաւաքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետի միասնական թեկնածու, Հայաստանի առաջին վարչապետ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վազգէն Մանուկեան:
«Շատ յատկանշական է, որ այսօր հաւաքուած ենք այն հրապարակին մէջ, ուր 1988-ին մեր ժողովուրդը միասնութեամբ, մեծ հաւատքով հաւաքուեցաւ եւ երդուեց, որ պիտի կառուցէ անկախ, ազատ եւ արդար պետութիւն, ձեռք պիտի մեկնէ Արցախի եղբայրներուն եւ քոյրերունխոստանալով պահպանել անոնց անվտանգութիւնը եւ վերամիաւորել Հայաստանի հետ», իր խօսքին սկիզբը ըսաւ Մանուկեան աւելցնելով, որ մենք կառուցեցինք անկախ պետութիւն իր բոլոր թերութիւններով, բայց կառուցեցինք, յաղթեցինք պատերազմին: Հայաստանի եւ Արցախի բանակները կը նկատուէին այս շրջանին մէջ ամէնէն հզօրները, սփիւռքի հետ համագործակցելովկ՛աւելցնէինք մեր ազդեցութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ: «Հիմա հաւաքուած ենք հին հրապարակին վրայ 30 տարի անց վիրաւորուած արժանապատուութեամբ, հսկայական մարդկային, տարածքային կորուստներով, եւ ինչ որ ըրած էինք Արցախի հարցին համար, գրեթէ կորսուած է, բայց վտանգուած է նաեւ Հայաստանը, նոյնիսկ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգի առջեւ է, երբ ազրպէյճանցիները կ՛որոշեն Հայաստանի սահմանըմտնելով սահման եւ ոչ մէկ դիմադրութեան հանդիպելով մեր պետական մարմիններէն: Այս է վիճակը, յարմարի՞նք», հարց տուաւ ան:
Ըստ Մանուկեանի, 1988-ին դրուած բոլոր խնդիրները նորէն առկայ են եւ բոլորը պէտք է լուծուին: «Մենք թշնամացանք իրարու դէմ, թշնամացանք հայաստանցի-արցախցի, հին-նոր, սեւ-սպիտակ, ազնիւ-ոչ ազնիւ: Նիկոլի առաջին քայլերէն մէկը եղաւ Արցախի բանակը գլխատելը: Կը վարկաբեկուէր Հայաստանի բանակը, մենք կորսնցուցինք մեր բոլոր դաշնակիցները եւ առանձին յառաջ գացինք, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի իրարամերժ, հակասական, գրգռիչ յայտարարութիւնները ամէն օր մեզ կը մօտեցնէին պատերազմին», ըսաւ ան
ընդգծելով, թէ պատերազմի սկսելու առաջին օրէն տրուեցան անգրագէտ եւ դաւաճանական որոշումներ, եւ մենք հասանք այս վիճակին:
«Մենք կրնայինք կանխել պատերազմը, յաղթել պատերազմի ժամանակ, կրնայինք շուտ վերջացնելփոքր կորուստներով: Այդ բոլորը չեղան, եւ հիմա ատոր վրայ աւելցաւ երկրորդ խայտառակութիւնը աշխարհի մէջ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ հասկնալ հայերը, որ այն առաջնորդը, որ իրենց հետեւողականօրէն տարաւ պարտութեան, մինչեւ հիմա ղեկին մօտ է: Այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ աշխարհին մէջ», ըսաւ վարչապետի թեկնածուն:
Մանուկեան ընդգծեցՓաշինեանի հեռացումը միայն արժանապատուութեան հարց չէ, անոր իշխանութեան իւրաքանչիւր օր մեզ ամիսներով ետ կը տանի, ուստի անոնք որքան շուտ հեռանան, այնքան արագ կարելի կ՛ըլլայ կրկին ոտքի կանգնիլ, ընթանալ դէպի յաղթանակ տանող ուղիով: Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հասկնայ որքան շուտ կամաւորաբար հրաժարական տայ, այնքան լաւ է իրեն համար, որովհետեւ եթէ շարժումն ալ չյաջողեցաւ, բարկացած ժողովուրդը հաշիւ պիտի պահանջէ իրմէ: «Այս շարժումը այն ուղին է, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Ձախողեցաւ, պէտք է հեռանայ», ըսաւ ան:
Վազգէն Մանուկեան անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, որոնք պէտք է զուգահեռաբար լուծուին ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: «Ստորագրուած համաձայնագիրին հետ երբեք պիտի չհաշտուինք, անկէ չենք հրաժարիր, հրաժարիլը պիտի նշանակէ պատերազմ: Պէտք է անորոշութիւնները դարձնել յօգուտ Հայաստանի: Երկրորդանվտանգութեան հարց վերականգնել բանակը, մարտունակութիւնը: Վերականգնել դաշնակցային յարաբերութիւնները: Եթէ ստեղծուի դաշինք Թուրքիոյ դէմ, մենք անոր մէջ պիտի ըլլանք: Մտնել բանակցային գործընթացի մէջ: Անհետ կորսուածներու, գերիներու, զոհուած զինուորներու ընտանիքներու, գաղթականներու հարցերը լուծել», բացատրեց ան:
Շարունակելով իր ելոյթըՎազգէն Մանուկեան կարեւոր սեպեց Հայաստանի մթնոլորտի առողջացումը: «Հայաստանի մէջ կը գործեն արտաքին ազդեցութիւն ունեցող ուժեր, որոնք դիտաւորեալ պառակտում կը ստեղծեն մեր ժողովուրդին մէջ եւ 2,5 տարի է կը լուծեն իրենց աշխարհաքաղաքական հարցերը մեզ օգտագործելով իբրեւ խաղալիկ. պէտք է մաքրել այդ դաշտը», շեշտեց ան:
Մանուկեան նշեց, որ իւրաքանչիւր պարտութենէ ետք կը սկսի յաջորդ յաղթանակը, մենք պէտք է կարճ ժամանակի ընթացքին ոտքի կանգնինք, ինքնավստահ ըլլանք եւ երթանք յառաջ: «Նիկոլ Փաշինեանը թող հեռանայ կամաւորաբար, այլապէս կը հեռանայ պարտադրաբար», եզրափակեց ան:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն հաւաքի մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայով ուղղուեցան կառավարական առանձնատուներուն մօտ, ուր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Մենք հոս ենք, որպէսզի շատ մօտէն Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցենք մեր բոլորին պահանջը, որ հետեւեալն էմենք մինչեւ երեքշաբթի օր ժամը 12:00 ժամանակ կու տանք, որ Նիկոլը իր քաղաքական խումբին, իր խորհրդատուներուն հետ վերջնականապէս քննարկէ, որոշում կայացնէ եւ հրաժարական տալով հեռանայ:
Նիկո՛լ, ասոնք վերջին ժամերդ են, որ կը բնակիս կառավարական ամարանոցին մէջ: Մենք որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որեւէ պայման չենք կրնար ունենալ, մենք ունինք մէկ պահանջՆիկոլը պէ՛տք է հեռանայ եւ վերջ:
«Մենք երկու հարց կրնանք քննարկել
Նիկոլի հեռացման օրը եւ ժամը, եւ երկրորդ, խոստանալ, որ մեր ժողովուրդը ֆիզիքական հաշուեյարդար պիտի չտեսնէ անոր հետ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.