Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը 4 հոկտեմբերին յայտարարած էր Ատրպէյճանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի՝ Կեանճայի օդակայանի «յօդս ցնդելու» մասին։
Նոյն օրը Ատրպէյճանը հերքած էր այդ պնդումը։ Հայկական կողմը յայտարարութենէն ետք օդակայանը խոցելու որեւէ ապացոյց չէր ներկայացուցած։ Փոխարէնը, ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն տարածուած էին երկու լուսանկարներ, որոնք իբրեւ թէ կը պատկերէին օդակայանը՝ «յօդս ցնդելէ» առաջ եւ ետք։ Լուսանկարները, սակայն, որեւէ կապ չունէին Կեանճայի հետ։ «Առաջ» նկարին մէջ պատկերուած էր Ատրպէյճանի Լենքորան քաղաքի օդակայանը, իսկ «յետոյ»-ին մէջ՝ Ուքրանիոյ Լուկանսք քաղաքի օդակայանը, որ աւերուած էր 2014-ին։
Կեանճայի օդակայանի կարեւորութիւնը
Դեռ պատերազմի ժամանակ արբանեակային լուսանկարներու վերլուծութենէն յայտնի դարձած էր, որ 3 հոկտեմբերի դրութեամբ Կեանճայի օդակայանին մէջ տեղակայուած է Թուրքիոյ առնուազն չորս F-16 կործանիչներ։ Հետագային՝ մինչ 19 հոկտեմբերը, այդ կործանիչները տեղափոխուած էին ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմէն աւելի հեռու՝ Կապալայի օդուժի զօրակայան։
Օդակայանը «յօդս չէ ցնդած»
Ուսումնասիրելով Google Earth ծրագրին մէջ հասանելի դարձած թարմ արբանեակային լուսանկարները՝ պարզ կը դառնայ, որ Կեանճայի օդակայանին որեւէ հարուած, որ տեսանելի հետեւանքներ կը թողէր, չէ կատարուած առնուազն 16 հոկտեմբերի դրութեամբ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կեանճայի օդակայանի արբանեակային լուսանկարները 18 յունիսի եւ 16 հոկտեմբերի դրութեամբ։ Անոնց մէջ չերեւիր աւերածութեան որեւէ նշան։
1) Կեանճայի օդակայանի ամբողջական տեսքը՝ առաջ եւ յետոյ
2) Օդակայանի թերմինալը (վերջակայան)
3) Օդակայանի վազքուղին, մաս առաջին
4) Օդակայանի վազքուղին, մաս երկրորդ
Ինչպէս յստակ կ’երեւի օդակայանի արբանեակային լուսանկարներէն, 18 յուլիսէն 16 հոկտեմբերը ինկած հատուածին որեւէ աւերածութեան նշան չկայ։
Նշենք, որ Կեանճայի մէջ կայ մէկ օդակայան, որ խորհրդային շրջանին օգտագործուած է հիմնական ռազմական նշանակութեամբ։ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք այն կ’օգտագործուի արդէն քաղաքացիական չուերթներու համար։ Սակայն այն հիմա ալ կ’օգտագործուի ռազմական նշանակութեամբ, որ կ’ապացուցէ թրքական F-16 կործանիչներու տեղակայումը այնտեղ։ Դեռ այս տարուան յուլիսի վերջը թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւններու ժամանակ առնուազն հինգ F-16 կործանիչ բերուած էր Կեանճայի օդակայան։
Աղբիւրը՝ fip.am
İlk yorum yapan siz olun