İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յուշագիր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի

Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Տեսակցութեան աւարտին Ազգային իշխանութեանց անունով հետեւեալ յուշագիրը յանձնուեցաւ:

Մեծայա՛րգ

Պրն. Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

Մեծայա՛րգ պրն. վարչապետ,

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեանց անունով, ցաւով կ՛արձանագրենք, որ ձեր կողմէ նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրով, դուք ո՛չ միայն ոչինչ գինով Արցախը յանձնեցիք, այլեւ վարանումի մատնեցիք ամբողջ մեր ազգը, որուն նկարագիրը կազմաւորուած է հոսանքն ի վեր թիավարելու, զրկանքներուն տոկալու ու հարուածներուն կուրծք տալու կեցուածքով ու հաւատքով:

Չէինք կրնար այսպիսի տխուր վախճան մը ակնկալել Արցախին համար: Փոխանակ զայն օգտագործելու իբրեւ հայրենիքի պաշտպանութեան վահան, դուք զայն վերածեցիք մեր ժողովուրդը պարտութեան մատնելու եւ անձնատուր դարձնելու միջոցի: Դժբախտաբար, ամէնէն աժան պայմաններով նաեւ դէպի մահ ղրկեցիք հայ զինուորն ու կամաւորը, որոնք ակամայ եւ արցունքով դիրքերէն հեռացան` առանց անձնատուր ըլլալու կամ պարտուելու:

Անցնող 30 տարիներուն, արդարացի կերպով մեր ժողովուրդը փորձեց զգուշանալ անոնցմէ, որոնք մեր ազգային շահերը անտեսելով, ջանացին օտարին հնարքներով հայրենիքը կառավարել: Փաստօրէն, այսուհետեւ մեր ժողովուրդը չի կրնար նաեւ հաւատալ ձեր խօսքին, որովհետեւ ձեր ալ միջոցները հարազատ չեն: Այդ իսկ պատճառով, այսօր Հայաստանի մէջ ձեր վարչակարգին դէմ ծաւալած է ժողովրդային դժգոհութիւն, որուն մէջ ներկայ է նաեւ սփիւռքը: Եւ անկասկած, ապարդիւն պիտի մնան ձեր իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմութեան դէմ շղթայազերծուած հալածանքներն ու ձերբակալութիւնները, որովհետեւ այսօր եւ գալիք օրերուն, ճշմարտութիւնը փնտռելով, մեր ժողովուրդը ամէն գնով պիտի շարունակէ քողազերծել արցախեան դաւադիր պատահարներու ետին կանգնածներուն ինքնութիւնը:

Հետեւաբար, իբրեւ սփիւռքի մայր գաղութի Ազգային իշխանութիւններ, կու գանք լիբանանահայութեան անունով եւս ձեզի ըսելու, որ ձեր գործելաոճը նախատինք է Հայաստանի համար եւ կը վտանգէ նաեւ հայրենասէր ու աւանդապահ սփիւռքահայ մեր վիճակը: Ուստի, այսօր մենք ալ հաստատօրէն կ՛ըսենք, որ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի հայրենասէր ու բարոյական կորով ունեցող նոր ու վստահելի ղեկավարներու:

Պրն. Փաշինեան,

Դուք անմիջապէս պէտք է երթաք, որպէսզի յորձանուտն ու խորշակը չկլանեն նաեւ հրաշքով փրկուած Հայաստանի ափ մը հողը:

Յարգանօք`

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

https://www.facebook.com/armprelacylb/photos/a.377088545792919/1684605215041239

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın