İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ի՞նչ կ՚ըլլայ կոր Հայաստան

Vahakn Keshishian

Հիմա, որ գրեթէ երկու շաբաթ անցած է պատերազմի աւարտէն, կրնանք յստակօրէն ըսել, որ Հայաստանի ժողովուրդը երկուքի բաժնուած է։ Պիտի կարծէք որ իշխանամետ-ընդդիմադիր առանցքին վրայ է բաժանումը։ Չէ՛։ Այդ ալ կայ անշուշտ, ուրիշ բաժանումներ ալ կան, բայց կարծեմ բուն բաժանումը իրականութեան ընկալումի շուրջ է։

Բնակչութեան մեծ հատուած մը առաջին շոքը ապրեցաւ, երկու օր տեւեց որ սթափի, յուսահատեցաւ,յուսախաբ եղաւ, գուժեց մահը, տխրեցաւ, յետոյ ստիպուած էր իր գործին վերադառնալ, կեանքը շարունակել։ Այս պատճառով շատ արագ ընդունեց նոր իրականութիւնը, երեսուն տարուան քոմայէն ելաւ, որ այս քարտէս մարտէսները սուտ էին, աչքի փոշի էին։ Թօթափեց իր վրայէն փոփիւլիզմի աղտը, անդրադարձաւ եղածին, մարշուտնին նստաւ, գնաց գործին։ Շատ շատ մէկ հատ անիծեց ճակատագիրը հայուն, մէկ հատ քիւֆիւր մը ըրաւ Նիկոլին եւ վերջ, այդ էր։ Այս անձերը ստիպուած են առջեւ նայիլ, օրը օր ընել։

Ո՞վ են ուրեմն իրենք։ Հաւաքարարը, պահակը, օրական 2000 դրամով աշխատողները, 80 հազար ամսական ունեցողները, փողոցի եզրին կանաչի ծախող տատիկները, ամէն օր Սեւանէն Երեւան եկող սալիկապատող վարպետը, որ մեթրը 6000 դրամով կ՚աշխատի, որ թոռնիկին համար պզտիկ բան մը առնէ հետը տանի… այսինքն։ Հասկցաք ով են։ Եւ անշուշտ որ այս մարդիկ ջախջախիչ մեծամասնութիւնն են Հայաստանի։

Անդին, բաժանման գիծին երկրորդ խումբը, անոնք են, որ չեմ գիտեր ճիշդ ով են։ Դրա՞մ ունին ըսեմ, հոգերնին չէ Հայաստանը ըսե՞մ, խելքերնին Տատի Վանքին հետ աւրած մը ըսեմ։ Ֆէյսպուք մը կը բանան, աջ ու ձախ կը հայհոյեն, չես հասկնար ի՛նչ է ուզածնին։ Իշխանափոխութի՞ւն։ Իշխանութեան շարունակութի՞ւն։ Նիկոլին մնալը՞, երթալը՞։ Հարցը հոն է որ, այս խնդիրը, շա՜տ հեռու է Հայաստանի իրականութենէն։ Հայաստանը ո՜ւր, այս իշխանութեան խնդիրը ո՜ւր։ Հողերը՚ ետ կ՚ուզեն կոր։ Ձգէ՛ պապա։

Հիմա ծուռ նստինք շիտակ խօսինք։ Այս իշխանութիւնը կորսնցուցած է իր ուժը։ Չեմ կրնար ըսել դեռ օրինականութիւն ունի թէ ոչ։ Խորհրդարանական մեծամասնութիւնն ալ կորսնցուցած է իր ուժը մեծով մասամբ։ Սակայն Փաշինեանը ոչ։ Փափինեանը տակաւին կը վայելէ առաջին խմբակին վստահութիւնը, քանի որ առաջին խմբակն է որ ամենէն շատ վնասողն էր մինչեւ Փաշինեանին գալը։ Գալէն ետք բան մը շահեցան մը՞։ Հաւանաբար ո՛չ, թերեւս այո, որոշ չափով, պզտիկ բաներ։ Բայց շահեցան յոյսը ապրելու իրենց երկրին մէջ։ Եւ հիմա պատրաստ չեն այդ յոյսը կորսնցնելու Արցախին համար։ Կամ Արցախին երեսէն։

Միւս խումբը, հարուստ մարուստները, ապահով եկամուտ ունեցողները ըսենք գոնէ, կեանքի հոգսեր չունեցողները, ժամանակ ունեցողները, Ֆէյսպուքի վրայ խնճոյքի ելեր են։ Անոնք արդէն հիներուն ատեն ալ օքէյ էին այսինքն, ճիւերնուն չէր այսինքն։ Հիմա ալ ետ գան նէ հիները, շատ բան չեն կորսնցներ, ձեւը կը գտնեն համակերպելու։ Ատոր համար, տակաւին կը նախընտրեն կոր այլընտրանքային իրականութեան մը մէջ ապրիլ, անտեսել եղածը, աղէտը։ Կը նախընտրեն կոր պայքար պայքար խաղալ։ Կը հաւատան կոր, կը փորձեն կոր հաւատացնել, որ ետ պիտի վերադառնան Քելպաճար։ Կարծես թէ հոն էին։ Հոն եղող եւ հիմա փախստական եղողներուն մասին մտածող չկայ անշուշտ։ Սիքթիր ըրէ ատոնք, մեզի Տատի Վանքի նկար տուր։ Քարտէսի սիրահարներ։ Նոր քարտէսին կը նային կը նային չեն ըմբռներ կոր։

Մինչայդ առաջիններուն համար, քարտէսը ասանկ է կամ անանկ է, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ։ Մանկական այգիին զուգարանի պահակ աշխատող տիկինին համար, մուտքի հարիւր դրամը երկու հարիւր դրամ պիտի ըլլա՞յ։ Ամէն օր կերած հաց-պանիր-լոլիկին տեղ պիտի կարենա՞յ Շերեփ երթալ ճաշել եթէ Շուշին ետ հայկական ըլլայ։

Այսինքն։ Այս է վիճակը Հայաստան։

https://vahaknk.medium.com/ի-նչ-կ-ըլլայ-կոր-հայաստան-1a2d0bcf0e8c

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın