İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի Ֆոնէթոնի առիթով հանգանակուած է 2,1 միլիոն եւրօ

«Նոր Յառաջ» կը տեղեկացնէ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի ճիւղին՝ Հայկական հիմնադրամի հանգանակութեան տարեկան արշաւին՝ Ֆոնէթոնի ընթացքին կատարուած է 2,1 միլիոն եւրոյի խոստում, 2019-ի Ֆոնէթոնին բաղդատմամբ արձանագրելով 91%-ի յաւելում մը։

Ֆոնէթոն-2020-ը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 19-էն 22, նպատակ ունէր Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն տեղահանուածներու վերադարձին, անոնց կարիքներու դիմագրաւման եւ Արցախի վերակառուցման համար միջոցներ հանգանակել։

Նշենք, որ Ֆոնէթոնը չի սահմանափակուիր միայն այս չորս օրերով, հանգանակային արշաւը կը շարունակուի։ 

Դրամահաւաքին այս տարուան հովանաւորն էր  հանրածանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեան։ 

https://www.civilnet.am/news/2020/11/23/Ֆրանսայի-Հայկական-հիմնադրամի-Ֆոնէթոնի-առիթով-հանգանակուած-է-2-1-միլիոն-եւրօ/409498

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın