İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց Տիրացու Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեանը։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը։ Խարտաւիլակն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նորընծան վերանուանեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան քարոզին մէջ փոխանցեց նաեւ իր յորդորներն ու խրատները՝ նորաօծ հայր սուրբին համար։ Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ նորաօծ քահանայի վեղարի տուչութեան արարողութիւնը։

Ձեռնադրութենէն վերջ հոգեւորականաց դասու անդամները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը, որուն Աստուծոյ օգնականութիւնը մաղթեցին հոգեւոր ծառայութեան ասպարէզին մէջ։ Ձեռնադրութեան արարողութեան մասնակիցները ջերմօրէն շրջապատեցին նաեւ տիրամայր Մանիշակ Սերովբեանը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/23-11-2020-տ-յովակիմ-աբեղայ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın